ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՆՈՐ ՓՈՒԼ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՍԿՍԻԼ
Լիբանանի նախագահական խմորումներուն մասին արդէն ուրուագծուած են քանի մը կարեւոր երեւոյթներ։ Խօսքը, անշուշտ, նախագահական ընտրութեան մասին է, որ բոլոր առումներով անդամալուծած էր երկիրը։ Ուրեմն, վերջերս տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիններուն մէջ նոր թեկնածուի մը երեւումը բաւականին շարժեց երկրին քաղաքական ջուրերը եւ, ըստ երեւոյթին, այդ անունը Ժիհատ Ազուրն է։ Ան տարբեր առիթներով ստանձնած է պետական բարձր պաշտօնններ եւ կը համարուի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դպրոցի փայլուն դէմքերէն մին։
Արեւմուտքի մէջ բարձր կրթութիւն ստացած Ազուրի անձին հանդէպ վստահութիւնը կարողացաւ քով-քովի բերել քրիստոնեայ ամենաոխերիմ բարեկամները, այդպիսով ալ երկրի ընդդիմութեան շարքերը բարեփոխելով եւ զուտ արեւմտեան թեքումով խաւերուն մէջ ներարկեց երկար տարիներ շիի հիմնական դերակատարին՝ «Հիզպուլլահ»ին նեցուկ կանգնած քրիստոնեայ գլխաւոր ուժին՝ «Ազգային ազատ հոսանք»ին ներկայութիւնը։
Այս նոր միասնական դաշինքէն ետք բոլորիս համար պարզ դարձաւ, որ մինչ շիի-իշխանական (մինչեւ նախագահ Աունի պաշտօնավարման աւարտը, բացարձակօրէն իշխանական ուժեր) ուժերը, որոնք որդեգրած էին «Ալ Մարատա» կուսակցութեան առաջնորդ Սիւլէյման Ֆրանժիէի թեկնածութիւնը, կը պատրաստուէին լուրջ պայքարի մը, այս անգամ նաեւ իրենց վաղեմի դաշնակից Ժըպրան Պասիլի (նախագահ Աունի փեսան եւ «Ազգային ազատ հոսանք»ի առաջնորդը) եւ անոր շուրջ հաւաքուած ուժերուն, ինչպէս նաեւ իրենց դարաւոր հակառակորդին՝ «Լիբանանեան ուժեր»ուն դէմ։ Ուրեմն, այստեղ պատկերը յստակ է. մէկ կողմէ արեւմտամէտ Ժիհատ Ազուր (հակառակ անոր, որ ան կը մերժէ իրեն վերագրուող մեղադրանքները) եւ միւս կողմէ Իրանի, «Հիզպուլլահ»ի ու մանաւանդ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի վստահելին՝ Սիւլէյման Ֆրանժիէ։
Ահա՛, այս երկու թեկնածուներուն միջեւ տեղի ունեցաւ պայքարը՝ մանաւանդ, որ միւս բոլոր թեկնածուները գրեթէ դուրս եկած էին խաղէն եւ մօտաւոր անցեալի խաղացողները չունէին նախկին ներուժը։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ աւելի քան յստակ է, որ շիի դաշինքը, այլ խօսքով՝ «Հիզպուլլահ»-«Ամալ» երկակը, շատ մեծ չկամութեամբ հետեւեցաւ իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ, որ նոր թեկնածուն Ազուր կարողացաւ խտացնել ընդդիմութեան տարտղնուած եւ հազարագլուխ կողմերը։
Բաց աստի, անշուշտ, կար ընտրական գործընթացներուն մէջ կարեւոր դերով արտաքին խաղացողներու պարագան եւ մէկէ աւելի աղբիւրներ կը խօսէին այն մասին, որ ի տարբերութիւն Ֆրանժիէին, Ազուր կարողացած էր գրաւել սէուտցիներու սիրտը, որոնք չկամութեամբ արտայայտուած էին միւս թեկնածուին մասին։ Այս կէտին ծագեցաւ այն մեծ հարցումը, թէ արդեօք ընդդիմութիւնը պիտի կարողանա՞ր խորհրդարանին մէջ տեղի ունենալիք ընտրական նիստին բաւարար քուէ հաւաքել ու այդպիսով ալ փակել նոր նախագահի ընտրութեան օրակարգը։
Անշուշտ, բարդ էր այս փուլը ամբողջ Լիբանանին համար, որովհետեւ երկրի վերջին երեք նախագահներն ալ աթոռին հասած են ներքին քաղաքական համաձայնութեամբ մը, որ ընտրութիւններէն ետք, ինչ խօսք, անցած է ցնցումային փուլերէ։
Մինչ «Հիզպուլլահ» իր կարմիր քարտը ցոյց տուած էր թեկնածու Ազուրին, անդին միւս շիի խաղացողը՝ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կարծես թէ ենթարկուեցաւ որոշակի ճնշումներու։ Եւ գուցէ այդ պատճառով է, որ նոյնինքն Պըրրին անսպասելի քայլով մը յայտարարեց, որ կարգ մը պատգամաւորներ կրնան լուրջ ճնշումներու ենթարկուիլ եւ ստիպուած ըլլալ քուէարկելու ի նպաստ Ազուրին։
Խաղը բաց էր արդէն եւ մտահոգութիւններու բեռը աւելիով աճած, որովհետեւ Ազուրի նախագահական աթոռ հասնիլը կրնար լուրջ գլխացաւանք պատճառել Լիբանանի մինչեւ ատամները զինուած «Հիզպուլլահ»ին եւ անոր համախոհ ուժերուն։
Ճիշդ է, որ Ազուր ամէն գնով «Հիզպուլլահ»ը զինաթափելու գործընթացի մը կրնար չերթալ, բայց անոր անունը ոչ մէկ կերպով վստահութիւն ներշնչեց շիի ուժերուն եւ սա արդէն կրնար մեծ գործողութիւններու եւ նոյնիսկ վտանգաւոր իրադարձութիւններու փուլ մը բանալ։
Այս բոլորէն անդին, ամենակարեւոր հարցումն էր, որ արդեօք այս գործընթացները կամ Ազուրը թեկնածու յառաջ քշելու գաղափարը կամ դրոյթը ունէ՞ր արտաքին գործօններ։
Երկրի մը մէջ, ուր կը տիրէ ծայր աստիճան բեւեռացուած իրավիճակ, նոյնիսկ նման հարցումի մը հնչեցումը կրնար նշանակել, որ Լիբանան կրնայ մտնել մեծ ցնցումներու ենթափուլ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024