ԱՄՕԹԱԼԻ ՆԱՄԱԿ ՄԸ
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ Պոլսոյ մէջ հայ կիներ կ՚որոշեն միութիւն մը հիմնել. գուցէ ներկայ պայմաններով գնահատելի թուի այդ ի մի խմբուելու եւ գործունէութիւն ծաւալելու այդ երեւոյթը, սակայն ժամանակակիցներ (անշուշտ ոչ բոլորը) այդ միութիւն հիմնելու գաղափարը գտած են ծիծաղելի եւ անիմաստ՝ պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք իգական սեռի ներկայացուցիչներ են:
Ցաւ ի սիրտ, մեր պատմութիւնը անարդար ըլլալով լաւագոյնս չէ կրցած ներկայացնել մեզի, թէ ինչ մեծ զոհողութիւններ կատարած են այդ իգական սեռի կողմէ հաստատուած միութիւնները՝ մանաւանդ յետցեղասպանութեան ընթացքին եւ ինչ մեծ ներդրումներ ունեցած են մեր հայկական գաղութներու հիմնադրութեան մէջ, սակայն ցաւալի իրականութիւնը մնացած է անփոփոխ. այդ միութիւնները արժանացած են ծաղրի, որովհետեւ կար այն քարացած համոզումը, որ կնոջ տեղը խոհանոցն է եւ ո՛չ այլ տեղ:
Այս համոզումի լոյսին տակ, 11 հոկտեմբեր 1919 թուականին «Իգնատ Աղա» շաբաթաթերթին մէջ լոյս կը տեսնէ ամօթալի «բաց նամակ» մը. հեղինակին ով ըլլալը չի յիշուիր. «Իգնատ Աղա» ընդհանրապէս գրողներու անունը չի յիշեր, այլ ածականներ կը գործածէ, ինչպէս օրինակ «Խումբ մը մուկեր» եւ այլն:
Իր նամակին լուրջ ոճ մը տալով, նամակագիրը կը գրէ.-
«Գետնամած խոնարհութեամբ ձեր գեղեցիկ աչքերուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ հետեւեալ տողերուն վրայ:
Անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ ընդհանուր պատերազմին հետեւանքով շատ աւելի կին կայ պատերազմիկ երկիրներու մէջ, քան այր:
Օրինակի համար, վերջերս կարդացի, թէ Ֆրանսայի մէջ երեք միլիոն աւելորդ կիներ կան: Ասոր համար կը խորհուի աւելի լայնօրէն բանալու ամուսնութեան դուռները: Այսպէս, ամէն քաղաքացի իրաւունք պիտի ունենայ օրինաւորապէս երկու կամ երեք կին ունենալու:
Այս մասին օրէնքը տակաւին չէ հաստատուած, բայց խնդիրը սեղանի վրայ է ու կը ծեծուի: Արդ, համեստափայլ տիկնայք լիկայականք, չափազանցութիւն չըլլար եթէ ըսենք, թէ ներկայ րոպէին, հայ իրականութեան մէջ, մէկ էրիկմարդու դէմ երեք կին կը գտնուի առ նուազն:
Ձեր լիկան որ կանացի բոլոր հարցերը կ՚ընդգրկէ, միթէ անտարբեր հանդիսատե՞սը պիտի ըլլայ այս կացութեան: Իր իրաւասութեան սահմանին մէջ չէ՞ միթէ բաց մնացած կիները ամուսնական կապով մը միացնել տարբեր սեռէ էակի մը հետ. եւ ո՞րն է այդ յարմարագոյն էակը, եթէ ո՛չ էրիկմարդը: Անշուշտ լիկան ոչ թէ միայն իրաւունք ունի այդ բանը ընելու՝ այլ նոյնիսկ պարտականութիւնը:
Բայց խնդիրը հոս չվերջանար. ինչպէս ըսի, մէկ էրիկմարդու դէմ առ նուազն երեք կին կայ եւ այդ երեք կինը կարենալ փաթթելու համար մէկ էրիկմարդու գլխին՝ նախ պէտք է ձայն բարձրացնել եւ կրօնական իշխանութենէն պահանջել ամուսնական ներկայ սեղմիչ օրէնքներուն հիմնական փոփոխութիւնը:
Ահա հայ կիներու համար շինարար եւ արդիւնաւոր գործունէութեան ասպարէզ մը: Այս փրկարար նպատակին հասնելու համար Լիկան պէտք է իր փէշերը ժողվէ եւ փրօփականտի ամէն միջոցները ձեռք առնէ: Օրինակի համար, պայքար իր մասնաւոր օրկանին ու բոլոր հայ մամուլի միջոցաւ, միթինկներ ամէն թաղերու մէջ, ցոյցեր պատրիարքարանի առջեւ, բանախօսութիւններ բոլոր տրամադրելի սրահներուն մէջ, սինէմաներով պատկերամարտ, թատերական ներկայացումներ....
Եւ այն օրն ուր լիկան հասնի իր նպատակին՝ իր գոյութեան իրաւունքը ձեռք բերած պիտի ըլլայ»:
Այլ խօսքով՝ ամօթալի նամակին հեղինակը հայ կիներուն ըսել կ՚ուզէ հետաքրքրուեցէք եւ զբաղուեցէ՛ք միայն «կնոջական» նիւթերով եւ միջամուխ մի ըլլաք էրիկմարդոց գործերուն. նամակը կը կոչենք ամօթալի, որովհետեւ այդտեղ կը տեսնենք ոտնակոխումը հայ կնոջ ունեցած գործունէութեան մեր հայկական իրողութենէն ներս. ամօթալի կը նկատենք «պարապ մնացած կիներ», «բաց մնացած կիներ» եւ այլ արտայայտութիւններ։ Նամակագիրը բաց ձեւով ըսել կ՚ուզէ, որ ազգային գործերով զբաղուելու փոխարէն չամուսնացած կիներու հարցերով զբաղուեցէք, իւրաքանչիւր էրիկմարդու մէկէ աւելի կին առնելու իրաւունքը տալով եւ անկասկած այդ փափաքը ունեցող էրիկմարդերէն մին ալ նամակագիրը ի՛նք է:
Այսօր եւս աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունին հայ կիներու կողմէ հաստատուած ու առաջնորդուող կազմակերպութիւններ, որոնց գործունէութիւնը նոյնպէս կ՚անտեսուի. թող ուսումնասիրողներ ուսումնասիրեն հայ կնոջ ունեցած դերը հայկական որբանոցներէն ներս, հայկական դպրոցներէն ու եկեղեցիներէն ներս եւ պիտի տեսնեն, որ սփիւռքի մէջ հայութիւնը պահպանողը ո՛չ թէ կուսակցութիւնները, այլ հայ կիները եղած են:
Այսօր մեր երկիրն մէջ տղամարդիկ աւելի կարեւոր կը նկատուին, որովհետեւ անոնք են որ կը պատերազմին ու հայրենիքը կը փրկեն. սակայն հայ զինուորը միայն հայրենիքը կրնայ փրկել եւ ո՛չ ազգութիւնը. այդ ազգութեան փրկութիւնը հայ կիներուն, հայ աղջիկներուն եւ հայ մայրերուն մօտ միայն կարելի է գտնել, որովհետեւ հայրենասէր մայրերն են, որ հայրենասէր զաւակներու ծնունդ կու տան. անոնց դաստիարակութիւնն ու արիւնն է, որ ապագայ հայ զինուորը կը պատրաստէ եւ առանց այդ ոգիին մեր ազգութիւնը կորսուած կ՚ըլլայ:
Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր պէտք է ուշադրութեան կեդրոն դարձնել հայ կինն ու հայ երիտասարդուհին, ունենալու համար հայրենասիրութեամբ ողողուած խոստմնալից ապագայ սերունդ մը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -272-
Մօտաւորապէս եօթ տարի առաջ մի քանի եկեղեցականներու հետ դուրս եկանք լիբանանեան փողոցներ, հայ կիներու օգնութեամբ այցելելու եւ օգնելու հայ կարիքաւոր ընտանիքներու: Վստահաբար գիտէինք, որ Լիբանանի մէջ նիւթապէս աղքատ ընտանիքներ գոյութիւն ունին, սակայն մարդ մինչեւ իր աչքերով չտեսնէ, երբեք պիտի չըմբռնէ, թէ ինչպիսի հայ աղքատ ընտանիքներ ունինք:
Փողոց մը հասանք. տեսանք հայ կին մը, պատռտուած կօշիկներով ու հագուստներով, մազերը անխնամ. թշուառ կեանքի մը պատկերը պարզապէս, իսկ աւելի ցաւալին այն էր՝ որ հայ էր: Ապրած տունը մտնելու համար մարդուն հոգի ու սիրտ պէտք է, դիմանալու պատկերին, հոտին ու մթնոլորտին:
Մեզի օգնող կիներէն մէկէն խնդրեցի, որ այդ կինը իր հետ տուն տանի եւ տաք ջուրով լաւ մը լոգանք տայ. մեզի հետ գտնուող հայ երիտասարդ մը յանձն առաւ հոգալ անոր հագուստի, կօշիկի, մազերու եւ բժշկական բոլոր ծախսերը:
Այսօր դուրսի երկիրներու մէջ կը տեսնենք, թէ դրամահաւաքներ տեղի կ՚ունենան Լիբանանի համար, անձեր կը լսեն «աղքատ» բառը, սակայն ինչքան ալ աղքատին ու աղքատութեան ինչ ըլլալը գիտնալ կարծենք, մինչեւ չտեսնենք, չենք կրնար հասկնալ եւ այսօր Լիբանան եւ Սուրիա լեցուած են հայ թշուառներով եւ այդ թշուառութեան մեղաւորը ինչքան ալ անոնց ապրած երկիրներու պետութիւնները ըլլան, միւս կողմէ մենք ենք՝ մեր անտարբերութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան