ՍԻՄՈՆ ԱՐԹՈՒՉ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ երէկ երեկոյեան SEV-ի նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Ժողովի ընթացքին ձեւաւորուեցաւ նաեւ նորընտիր վարչութեան դիւանը։ Այսպէս, SEV հիմնարկի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը ստանձնեց Սիմոն Արթուչ։ Փոխ-ատենապետի պաշտօնին կոչուեցաւ Սարգիս Քիւլէկէչ։ Վարչութեան ատենադպիրը դարձաւ իրաւաբան Շաքէ Եալչըն, գանձապահը՝ Վահէ Տաղտեւիրենէլ, իսկ հաշուեքննիչը՝ Թունա Էնկին։ Բաց աստի, վարչութեան կ՚անդամակցին՝ Պօղոս Հեճինօղլու, Մկրտիչ Արծիւեան, Դալար Փոլատ, Անի Փեքքիւչիւքեան, իրաւաբան Մուրատ Կիւտիւճիւ, իրաւաբան Մելոտի Էօզէր, Արաս Ունճու, Սարվէն Չաղլը եւ Արման Պոյաճը։

SEV հիմնարկի վերջերս գումարուած ընդհանուր ժողովը ընտրած էր 2023-2028 թուականներու վարչական խորհուրդը։ Հիմնարկի հիմնադրութեան շրջանէն ի վեր առաջին անգամ գործադիր մարմնին մէջ ատենապետի փոփոխութիւն տեղի ունեցած է։ Արդարեւ, վերջին ընդհանուր ժողովին այլեւս իրենց ծառայութիւնը բաւ համարեցին մեր փորձառու ազգայիններէն Արէտ Երկանեան եւ Հայկ Ասլանեան, որոնք հիմնադրութեան շրջանէն ի վեր SEV-ի վարչութեան գլուխը կը գտնուէին։ Անոնք փոխանցեցին իրենց հերթը եւ նորընտիր վարչութեան գլուխը անցած է Սիմոն Արթուչ, որ եւս կառոյցի փորձառու եւ նուիրեալ դէմքերէն մին է։

Նորընտիր վարչութիւնը կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին նոր թափ մը տալ հիմնարկի գործունէութեան՝ միշտ հաւատարիմ մնալով անոր առաջնահերթութիւններուն եւ հաշուի առնելով նաեւ նոր կարիքները։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023