ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՆՈՒԱԳՆԵՐՈՒ ԵՌՈՒԶԵՌ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու առաջին փուլը՝ հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Հանդիսութեան նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, ինչպէս նաեւ Կղզեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ երաժշտասէրներ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ, իսկ յայտագրի երաժշտական բաժնի պատասխանատուն էր Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավար եւ երաժշտութեան դասատու Յակոբ Մամիկոնեան։
Հանդիսութեան սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սեւան Աթաօղլու եւ յայտնեց, որ 2022 թուականին հիմքը դրուած երաժշտական ծրագիրը կը շարունակէ այս տարի եւս՝ հովանաւորութիւնը վայելելով Պատրիարքական Աթոռին։ Երեկոյթի հանդիսավարն էր Նարէ Կիւլէչ, որ կարգաւ ներկայացուց Նայիրի եւ Նայեատ Քալայլը քոյրերը, Սեսիլ Շիրինկիլը, Արթուն Արծիւեանը եւ Ատիս Տողանայը՝ շեշտելով իրենց երաժշտական մասնայատկութիւնները։
Խորհրդաւոր մթնոլորտին ներքեւ հայ եւ օտար երաժիշտներու յօրինումներէն նմոյշներ ներկայացուցին երիտասարդները, որոնց ելոյթները մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսատեսին կողմէ։ Ներկայացման վերջին փուլին բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Երեւան Էրեբունի» երգը՝ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ատիս Տողանայի եւ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։
Հանդիսութեան աւատին, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երախտագիտական խօսք մը արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։ Ապա, երիտասարդներուն շնորհուեցան յուշանուէրներ։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ան մեծապէս գնահատեց սոյն ծրագիրը, որ ի մի համախմբեց բազմաթիւ երիտասարդներ եւ իրենց ընտանիքները։ Այս երեկոն յատկանշական է այն առումով, որ երիտասարդներ իրենց երաժշտական հանճարը ցոյց տալու առիթը ունեցան եւ բազմաթիւ ընտանիքներ փութացին եկեղեցի։ Երիտասարդներուն ներկայացումը կարեւոր է այն առումով, որ անոնք ժամանակ տրամադրած են երաժշտութեան. բան մը, որ Աստուծոյ շնորհքն է եւ այդ մէկը գործածելու իմաստութիւնը գտած են անոնք։ Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութիւնը փոխանցելով մաղթեց, որ այլ պատանիներ եւ երիտասարդներ եւս իրենց ձիրքերը արժեւորեն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024