ԼԾԿԱՆՆԵՐՍ
Դպրոցական շարքերէն հեռանալէս տասնեակ տարի ետք այսօր կ՚անդրադառնամ, որ բոլոր այն կրթութիւնը, որ մեզի փորձեցին փոխանցել, ձախողութիւն մըն է պարզապէս: Իսկ աւելի մեծ ձախողութիւն մըն է քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը, որ փորձեցին սերմանել մեր մէջ. ձախողութիւն՝ որովհետեւ այդ բոլոր միայն գիրքերու եւ գրասեղաններու ետին ճի՛շդ էին, սակայն իրական կեանքի մէջ յերիւրանք մը պարզապէս:
Բոլոր այն կրթութիւնը որ փոխանցեցին մեզի, ժամանակավրէպ էր. անոնք մեզ կեանքին չպատրաստեցին. կեանքի ինչութիւնը մենք սորվեցանք մեր սեփական փորձերով, ցաւերով ու ապրումներով: Դպրոցը, դասագիրքերն ու գիրքերը մեզի փորձեցին սորվեցնել իտէալականն ու «ճիշդ»ը, առանց զգուշացնելու, որ մերօրեայ կեանքին մէջ այդ ճիշդերը սխալներ են պարզապէս: Գուցէ մինչեւ օրս այդ սխալ ուսուցումները տեղ կը գտնեն «կրթութիւն» ըսուածին մէջ, որ մարդու կեանքի դժբախտութեան մայր աղբիւրը կը հանդիսանայ:
Այսպէս.-
Ա.- Մեզի սորվեցուցին, յորդորեցին եւ այնպէս կրթեցին, թէ պէտք է նուիրուիլ. պէտք է նուիրուիլ ընկերոջ, հարազատին եւ ամենէն կարեւորը ազգին. սորվեցուցին, թէ ուրիշին համար ապրիլը աւելի առաջնահերթ ու սրբազան է՝ քան սեփական անձի համար ապրիլը. յորդորեցին ազգի բարօրութեան համար տալ անմնացորդ։ Յորդորեցին աշխատիլ ու գործել եւ այս բոլորը այնպէս մը բացատրեցին, որ իրապէս ալ ուզեցինք այդպէս ապրիլ: Սակայն այս բոլորին կողքին մեզի չխօսեցան կեանքի ճշմարտութիւններուն մասին. չըսին ազգին համար աշխատիլը ու հայ ազգին նուիրուիլը միջոց ու առիթ է հետապնդուելու, ատուելու եւ հալածուելու:
Ուզեցինք անմնացորդ նուիրուիլ, սակայն ամէն նուիրումէ ետք ապտակ մը ստացանք։ Ուզեցինք աշխատիլ, սակայն ամէ՛ն անգամ այս կամ այն ձեւով արգելքներ դրուեցան մեր դիմաց. մեր անձերէն աւելի սիրել ուզեցինք մեր հարազատները, ընկերներն ու բարեկամները, սակայն ամենէն մեծ ապտակներն ու վիշտերը անոնց կողմէ տրուեցան մեզի: Մեր ուրախութենէն առաջ ուրիշի ուրախութիւնը ուզեցինք առաջնահերթ նկատել, սակայն ժամանակ մը ետք փաստեցինք, թէ այդ ձեւով մենք մեզ է որ կը դժբախտացնենք պարզապէս, որովհետեւ ուրիշը իր սեփական ուրախութենէն բացի ուրիշ բանի մասին չի մտածեր:
Այսօր մարդկութիւնը երկու մասերու բաժնուած կ՚ապրի. մին իր անձին՝ իսկ միւսը՝ ուրիշին համար, առանց նկատի ունենալու, որ վերջաւորութեան կարելի չէ գոհացնել մարդկութիւնը, որովհետեւ մարդ արարածը մի՛շտ ու մի՛շտ, ամէն պարագայի պիտի մնայ դժգոհ ու աներախտապարտ:
Անոնք պիտի քննադատեն ամէ՛ն բան. աղքատի՞ պիտի օգնես. ինքնահաւանութեամբ ու ինքնատեսութեամբ պիտի մեղադրեն քեզ. աղքատի պիտի չօգնե՞ս. եսասէր ու ինքնահաւան մը պիտի տեսնեն: Ժլատ կեանք մը ապրելով ապագադ ապահովե՞լ պիտի փորձես. քեզ կծծի պիտի անուանեն, իսկ եթէ փորձես հակառակը ապրիլ, քեզ անհեռատես պիտի կոչեն: Մեծերը յարգել պիտի ուզես ու քեզ պիտի շահագործեն, սակայն չյարգելու պարագային «անդաստիարակ» պիտի դառնաս: Եկեղեցի պիտի երթաս, ու քեզ «մոլորած», «ապաշխարած» պիտի որակեն, սակայն եկեղեցի չերթալու պարագային անաստուած ու անհաւատ մը պիտի դառնաս:
Յիսուս Քրիստոսը քննադատող մարդկութիւն մը անպայմանօրէն պիտի քննադատէ նաեւ քեզ ու զիս. մեր ազգին մէջ պիտի գնահատուին անոնք, որոնք բան մը ըրած չունին, սակայն պիտի քարկոծուին անոնք՝ որոնք անձնուիրաբար ծառայել փորձեցին:
Մեր ազգը կը նմանի այն մարդուն, որ բոլորին վազե՛լ կը հրամայէ, սակայն միաժամանակ պատիժի կ՚ենթարկէ բոլոր անոնց՝ որոնք վազեցին: Այս երեւոյթն է, որ մեր մէջ, մանաւանդ սփիւռքի տարածքին, մեռցուց հայրենասիրութիւն ըսուածը. այդ երեւոյթն է, որ նօսրացուց գրեթէ՛ բոլոր կուսակցութիւններու շարքերը, հաստատութիւններէն հեռացուց երիտասարդները եւ անոնց մէջ սերմանեց մեր ազգին հանդէպ անտարբերութիւն մը:
Կան երեւոյթներ, որոնք միայն գիրքերուն մէջ քաղցր ու իտէալական են, սակայն իրական կեանքի մէջ ձախողութիւն են պարզապէս. օրինակի համար, վէպերու ճամբով մեզի սորվեցուցին սիրել, սիրահարուիլ, նուիրուիլ եւ մինչեւ իսկ սիրոյ համար զոհողութիւններ ընել եւ մենք այդ մէկը ճիշդ կարծեցինք, սակայն այդ վէպերը չսորվեցուցին, թէ ներկայ աշխարհի մէջ սիրահարուիլն ու սէրը ապուշութիւններ են պարզապէս՝ հեռու իրականութենէն:
Մեզի փորձեցին սորվեցնել ինչ որ իտէալական է, սակայն նկատի չունեցան, որ աշխարհը այդ բոլոր իտէալական արժէքները գործադրելու տեղը չէ եւ գուցէ երբեք ալ չըլլայ:
Երանի՜ այս բոլորը սորվեցնէին մեզի, թէեւ սեփական մորթի վրայ այդ բոլորը զգալը անմոռանալի դաս մը կը թուի ըլլալ իւրաքանչիւրիս ու այս բոլորէն ետք երբ այդ արժէքները մէկդի դրած կ՚ապրինք, այլեւս մեր անձին համար «մարդկութիւնը չարացած է» չըսէք, որովհետեւ աշխարհը այդ է որ կը պահանջէ:
Մերօրեայ մեծագոյն կրութիւնը հայ բանաստեղծէն կու գայ. «լուծ կամ լծկան պիտի լինիս». մեզի լծկան ըլլալ սորվեցուցին պարզապէս:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -283-
Եկեղեցական եղած ժամանակ (գուցէ դժբախտաբար) ստանձնած էի չորս պաշտօն. անդին ուրիշ եկեղեցական մը անպաշտօն օրերը կը մեռցնէր. գուցէ պաշտօն ստանալը լաւ բան մը նկատէք, որովհետեւ պաշտօնէ զրկուածները անկարող նկատէք թերեւս: Սակայն ըսեմ, որ անպաշտօն անձը նախանձելու բազմաթիւ պատճառներ գոյութիւն ունէր:
Անպաշտօն անձը իր սենեակին մէջ գիշեր-ցերեկ ժապաւէն դիտելով կ՚անցընէր իր ժամերը. ո՛չ մէկ պարտաւորութիւն, ո՛չ մէկ աշխատանք, սակայն ես ու իմ նման մի քանի հոգիներ անդադար աշխատելով շատ աւելի՛ քննադատութեան կ՚արժանանայինք մեր «մեծաւոր»ներուն կողմէ՝ քան անպաշտօն անձիք։ Հոգիով ու սրտով աշխատելէ ետք բարկութիւն ու խօսք կը լսէինք, մինչ անպաշտօն մարդիկ իրենց սենեակի հանգիստը կը վայելէին:
Հայկական իրականութենէն ներս այս է աշխատանքի գնահատանքը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան