ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԷՋ ՎԱԽԸ ՏԵՂ ՉՈՒՆԻ՛

«Վախը թերահաւատութեան նշան է. թերահաւատութիւնը մենք վաղուց ենք մերժել մեզանից, թող նրա հետ էլ վախը փախչի մեր մտքերից եւ խորհուրդներից»։

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ

Մարդկային անձը ինքզինք կ՚ուղղէ դէպի երանութիւն իր ինքնակամ արարքներով. կիրքերը կամ զգացումները, զորս ան կ՚ապրի, կրնան առ այս տրամադրել զինք եւ օժանդակել իրեն։

«Կիրք» եզրը կը պատկանի քրիստոնեայ աւանդին։

Զգացումները կամ կիրքերը կ՚արտայայտեն յուզումներ կամ զգայնութեան շարժումներ՝ որոնք կը միտին գործելու կամ չգործելու, նայած թէ մարդ բան մը իբր «բարի» կամ իբր «չար» կ՚ընկալէ կամ կը պատկերացնէ։

Կիրքերը բնական բաղադրեալներն են մարդկային հոգեկանութեան, անոնք կը կազմեն զգացական եւ մտաւոր կեանքին միջեւ անցքին վայրը եւ կ՚ապահովեն անոնց զօդը։

Մեր Տէրը մարդկային սիրտը կը մատնանշէ իբր այն ակունքը, ուրկէ կը ժայթքէ կիրքերուն շարժումը։ (ՄԱՐԿ. Է 21)։

Կիրքերը բազմաթիւ են։

Ամենէն հիմնական կիրքը սէ՛րն է, որ կը դրդուի բարիին հմայքէն։ Սէրը կը պատճառէ բացակայ բարիին բաղձանքը եւ զայն ստանալու յոյսը։ Այս շարժումը վերջ կը գտնէ ձեռք ձգուած բարիին հաճոյքով կամ ուրախութեամբ։ Չարին անդոհը՝ անձկութիւնը, սրտնեղութիւնը ատելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։ Այս շարժումը կը յանգի առկայ չարին պատճառած տխրութեամբ կամ անոր հակադրող բարկութեամբ։

«Սիրել, մէկուն բարիքը ուզել է», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Միւս բոլոր զգայնութիւնները կը բխին մարդուն սրտին սկզբնական շարժումէն դէպի բարին։ (Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս)։ Ուստի, միա՛յն լաւը կը սիրուի։ «Կիրքերը գէշ են, եթէ սէրը գէշ է. բարին են, եթէ սէրը բարի է», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Իրենք իրենց մէջ, կիրքերը ո՛չ բարի են, ո՛չ ալ չար։

Անոնք բարոյական որակաւորում կը ստանան այն չափով որ անոնք իրապէս առընչուած են իմացականութեան եւ կամքին հետ։ Կիրքերը կոչուած են կամաւոր. «ըլլա՛յ, որովհետեւ հրամայուած են կամքէն, ըլլա՛յ, որովհետեւ կամքը արգելք չի դներ անոնց», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Բարոյական կամ մարդկային բարիին կատարելութեան հասնելու համար, հարկ է որ կիրքերը կանոնաւորուին բանականութեամբ։ (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։

Մեծ զգացումները չեն որ կ՚որոշեն անձին բարոյականութիւնը եւ սրբութիւնը։ Անոնք անսպառ պահեստն են պատկերներու եւ զգայնութիւններու, որոնց մէջէն կ՚արտայայտուի բարոյական կեանքը։ Կիրքերը բարոյապէս բարի են, երբ կը սատարեն բարի գործի մը, հակառակ պարագային՝ երբ կը սատարեն չար գործի մը, յոռի են։

Ուղիղ կամքը դէպի բարին եւ դէպի երանութիւն կը կարգաւորէ զգացական մղումները, զորս կը ստանձնէ։ Յոռի կամքը տեղի տալով անկարգ կիրքերուն կը չարացնէ զանոնք։ Յուզումները եւ զգացումները կրնան իւրացուիլ առաքինութիւններուն կողմէ, կամ վատթարանալ մոլութիւններուն միջոցով։

Բարոյական կատարելութիւն կայ, երբ մարդը կը մղուի դէպի բարին ո՛չ միայն իր կամքով, այլ նաեւ իր զգացական ախորժակով, ըստ Սաղմոսերգուին այս խօսքին. «Սիրտս եւ մարմինս կը ցնծան դէպի Աստուած կենդանի». (ՍԱՂՄ. ԶԳ 3)։

Վախը վատ զգացում մըն է. վախը վստահութեան պակասէն եւ ապահովութեան բացակայութենէն յառաջ կու գայ։ Մարդ անորոշութեան մէջ վախի վատ զգացումով կը տպաւորուի եւ կը տանջուի։ Մարդ մութի մէջ վախի կը մատնուի։ Որովհետեւ մութը, խաւարը անորոշութիւն կ՚ենթադրեն։ Ուրեմն, մարդ կը վախնայ այն ամէն երեւոյթէն՝ որ անորոշ է, չի գիտեր անոր պատճառը, ընթացքը եւ վախճանը։ Սա անվիճելի է, թէ մարդ արարածը ամենէն շատ կը մտահոգուի իր վախճանին մասին եւ ամենէն անծանօթը՝ ամենէն մութը եւ խաւարը, բայց եւ այնպէս ամենէն անխուսափելին, ամենէն որոշ երեւոյթը՝ որ է մա՛հը։ Սակայն այս կէտին, մարդուն զգացումներուն մէջ հակասութիւն մը կարելի է նշմարել. մարդ թէ՛ կը վախնայ «անորոշ»էն եւ թէ սոսկում կը զգայ «որոշ» երեւոյթէ մը՝ մահէն։ Ուրեմն, մարդ մահէն թէ՛ կը վախնայ եւ թէ կը խուսափի, այսինքն՝ «որոշ»ին հանդէպ կրկնապատիկ «անորոշ» զգացումներով կը տագնապի։

Ի՞նչ կրնայ ըլլալ այս հոգեվիճակին դարմանը։

Վստահութիւն, ճշմարտութիւն, ճշտութիւնը եւ լոյս ե՛ւ սէր։ Ո՞ւր կարելի է գտնել այս բոլորը։ Ահաւասիկ՝ հաւատքի մէջ՝ Աստուծոյ հանդէպ անսասան, հաստատ հաւատի մէջ։ Որովհետեւ հաւատքը վստահութիւն կը ներշնչէ։ Այն որ ամուր հաւատք ունի՝ կը վստահի, ինքզինք ապահով կը զգայ եւ չի վախնար որեւէ երեւոյթէ, մինչեւ իսկ մա՛հէն։

Հաստատ եւ ամուր հաւատքը կու գայ հասկնալով հաւատալէ եւ հաւատալով հասկնալէ, եւ այն որ կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Մենք մեր հաւատքը դաւանելու ատեն, կը սկսինք ըսելով. «Ես կը հաւատա՛մ»։ Հաւատքը մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լոյս կը սփռէ։ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ պաշտպանելու, պահպանելու համար իր որդիները, եւ ուրեմն մարդիկ կը վստահին իրենց երկնաւոր Հօր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 7, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2023