ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց ամերիկահայ ուխտաւորներ, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեցին։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն մեկնած էին ուխտաւորները՝ գլխաւորութեամբ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Յովսէփեանի եւ Շիքակոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ համանուն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Քհնյ. Կարապետեանի։
Վեհարանի գահասրահի հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գնահատեց հոգեւոր հովիւները՝ արդիւնաւէտ սպասաւորութեան համար։
Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց աշխարհասփիւռ հայոց թեմերէն նման ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը՝ յատկապէս Հայաստանի տեսակէտէ այժմու ծանր օրերուն, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ հաղորդ դառնալու Հայաստանի եւ Արցախի առկայ մարտահրաւէրներուն։ Ան այս առընչութեամբ յորդորեց, որ ուխտաւորները իրենց երկրին մէջ բարձրաձայնեն Արցախի եւ Հայաստանի առկայ իրավիճակին մասին եւ հետեւողական ջանքեր գործադրեն՝ անվտանգ կեանքի, ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն պատգամեց նաեւ աջակից ու զօրակից ըլլալ իրենց հոգեւոր հովիւներուն, ճիգ ու ջանք չխնայեն ի նպաստ իրենց համայնքներու զօրացման, երիտասարդ սերունդի մօտ հայապահպանութեան։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ուխտաւորներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի եւ Արցախի առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։