ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԴԱՍԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու երկրորդը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, երիտասարդներ եւ երաժշտասէրներ։

Հանդիսութեան սկիզբին բացման խօսք մը արտասանեց Նարօտ Զուրնաճը։ Եւրոպական դասական երաժշտութենէ նմոյշներ ներկայացուցին Միքայէլ Էքմէքճի եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու։ Ներկայացուեցան Պեթհովենի, Շոփենի նման հանճարներու գործերը։

Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը յատկանշական էր այն առումով, որ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու՝ որպէս երաժշտութեան մարզի հետեւող աշակերտ, առաջին անգամ համայնքային շրջանակներէն ներս հանդէս եկաւ նման տարողութեամբ երաժշտական հանդէսով մը։ Ան հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ գործերու մասին։ Ծրագրին մասնակցեցաւ նաեւ Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու։ Ան երգեց «Օրօր»ը, որուն դաշնակցով ընկերացաւ իր որդին՝ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու։ Ապա ծրագրի երաժշտական խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեան նուագեց «Ազգ փառապանծ» երգը եւ բոլոր ներկաներ միացան երգեցողութեան։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երաժշտական հանդիսութիւնները հաւաստիքն են Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր երիտասարդաց հանդէպ տածած անհուն սիրոյն։ Հայր սուրբը յայտնեց, որ սոյն ծրագիրը պտուղները կու տայ եւ երիտասարդներ երաժշտական ճամբով կը ներգրաւուին համայնքային կեանքին ու կը ներկայացնեն իրենց հանճարը։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ Պարէտի յաջողութեան ու շեշտեց, որ ան թոռնիկն է՝ հանգուցեալ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի։ Հետեւաբար, հայ մշակոյթի եւ յատկապէս երգի նկատմամբ սէրը ընտանիքի ճամբով փոխանցուած էր իրեն։ «Մենք կը տնկենք հունտը առանց գիտնալու, թէ ե՛րբ պիտի աճի ան։ Բայց վստահ ենք, թէ օր մը անակնկալօրէն հունտը պիտի տայ իր պտուղը», ըսաւ հայր սուրբը, որ աւելի վերջ երիտասարդներուն նուիրեց յուշախաչեր։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2023