ԱՐՑԱԽ. ԼՈՒՌ Է ԵՒ ԱՄՈՒՐ ՅՈՅՍԸ ՔՈ…

Արցախի մասին գրելը այլեւս ծանր է, դժուար, երբեմն՝ անհնար: Արցախը արցունք դարձած է բոլորիս աչքին: Գրական բարձր բառով հանապազօրեայ, իսկ առօրեայ իմաստով՝ ցամաք հացի կարօտ է արցախցին այսօր:

Արցախի հանրային հեռուստաընկերութիւնը ուղիղ եթերի ռեժիմով ամէն օր «Պաշարուած Արցախ» խորագրի ներքոյ կը ներկայացնէ Արցախին մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը: Այս լուրը կարդացի եւ լարուածութիւն մը զգացի. արդեօ՞ք ի վիճակի եմ հետեւելու այդ ուղիղ եթերներուն: Բաժանորդագրուածս կայաններու շարքէն անմիջապէս հանեցի Արցախի հեռուստաընկերութեան ալիքը, որպէսզի «Պաշարուած Արցախ»ի արտակարգ թողարկումները յանկարծ չերեւնան առանց այն ալ ծանր այս օրերուն: Պիտի նայիմ եւ ոչինչ պիտի կրնամ ընել: Անզօրութիւնը միայն լացի ուժգնութիւնը պիտի աւելցնէ, ուրիշ ոչ մէկ բան: Նոյնկերպ կը խուսափիմ դրացիութեամբ բնակուող արցախցիներէն, որովհետեւ առաջին հարցումս անխուսափելիօէն կ՚ըլլայ «Ի՞նչ լուր Արցախէն», որուն պատասխանը այլեւս անկարող եմ լսելու: Անոնք բոլորը կը պատմեն դեղի, հացի եւ ամէն ինչի կարօտ իրենց արցախցի հարազատներուն, ծանր հիւանդներուն, երեխաներուն մասին… Բայց նաեւ զարմանալի պատմութիւններ կան լուռ յոյսի եւ անկոտրում կամքի մասին:

1990-ականերու սկզբին Վահան Անդրէասեանը (Թովմա քահանայ) բանաստեղծութիւն մը գրած էր Արցախի մասին, եւ այդ բանաստեղծութեան առաջին տողերը այդ յոյսի մասին են.

«Լուռ է եւ ամուր յոյսը քո,
Լուռ է եւ խաղաղ, չի թուլանում այն»:

Այդ բանաստեղծութեան համար երաժշտութիւն գրած է երգահան Արթուր Գրիգորեանը եւ այն դարձած է հրաշալի երգ մը:

Տակաւին 1990-ականներուն, երբ անկախութենէն յետոյ առաջին անգամ Արցախ այցելեցի, Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ ականատես եղայ նկարահանման մը. «Արցախի ձայն» խումբը կը նկարահանէր այդ երգին տեսահոլովակը: Երիտասարդ երգիչները այնքա՜ն գեղաձայն կ՚երգէին: Տեսահոլովակը յետոյ ցուցադրուեցաւ հեռուստատեսութեամբ եւ անոր մէջ կ՚երեւին Արցախի տեսարժան վայրերը, լեռները, ձորերը, սառնորակ աղբիւրները, ուխտավայրերը: Արցախի մասին իմ ամենասիրած երգն է այդ մէկը, անոր մէջ այսպիսի տողեր ալ կան.

«Դու ես հայութեան ջահը, հաւատը,
Մօտ ենք իրար, չենք զատուի երբեք,
Յաւերժ չի խախտուի կապը մեր»:

Արցախ այդ այցին ես եղայ նաեւ Շոշ գիւղին մէջ, որ Շուշի քաղաքէն հարաւ գտնուղ գիւղ մըն է՝ Կարկառ գետի ափին: Շուշին 44-օրեայ պատերազմէն ետք արդէն հայերունը չէ, բայց Շոշ անունով այդ անպատմելի գեղեցկութեամբ գիւղին մէջ այսօր հայեր կը բնակին: Ասկերանի շրջանին մէջ է գիւղը եւ շատ մօտ՝ սահմանին: Կեանքը հոն նոյնպէս տառապագին է այս օրերուն: Գիւղը պատմական է, այն Մելիք Շահնազարեաններուն պատկանած է եւ եղած անոնց կալուածքներէն մէկը։

Գիւղի առաջին բնակիչները հոն գացած են Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Պարսկաստանէն։ Անոնք ապրած են գետնափոր տնակներու եւ վրաններու մէջ, յետոյ շէնցուցած են գիւղը, կառուցած են տուներ, հիմնած են այգիներ:

1990-ականերու այդ մեր այցի օրերուն Շոշ գիւղին մէջ մեզ հիւրասիրեցին անտառային անմահական մթնոլորտի մէջ: Գիւղին շուրջ ամէնուր հոնի ծառեր էին. թթուաշ եւ քաղցրաւուն, կորիզաւոր այդ պտուղը կարմիր գոյն տուած էր Շոշի տարածքին, որուն դիմաց Շուշի քաղաքն էր: Բարգաւաճ գիւղ էր Շոշը այն տարիներուն: Բոլորի մառանները, բակերը լեցուն էին պտուղներով, ընկոյզով, պնդուկով, բանջարեղէնով, ձմրան համար մթերուած միսով, պանիրով, իւղով, ձաւարով: Ջրառատ աղբիւրներ կային, խնամքով մշակուած տնամերձ հողամասեր, մաքուր բակեր, որոնց մէկ ծայրէն միւսը հաւասար շարքով լուացքներ փռուած էին: Շատ տարիներ այդ զգացողութիւնը պահպանուած էր եւ երբ Արցախ ըսէի՝ կը յիշէի Շոշ գիւղը, աշնան արեւի տակ փայլող հոնի պտուղներով բեռնուած այդ ծառերը, որոնցմէ պտուղը կը կաթէր գետին: Այդպիսի տեսարանի դժուար է հանդիպիլ մէկ ուրիշ վայրի մէջ: Յետոյ մենք վերադարձանք Ստեփանակերտ, օդը թեթեւակի պաղ էր, եւ պանդոկին մէջ մեզ հրամցուցին ուրցի ճիւղերով եւ տերեւներով թէյ: Օդին մէջ երջանկութիւնը կախուած էր: Թէյին բոյրը բռնած էր սրահը, իսկ պանդոկի խոհանոցին մէջ ճագարի միսով ճաշ կը պատրաստէին: Արցախցիները իրենց բարբառով «ըլըպաստրակ» կ՚ըսէին ճագարին, եւ այնպէս մը կ՚արտաբերէին այդ բառը Երեւանէն գացածներուն առջեւ, որ վստահ էին՝ թէ անոնք անպայման կը հասկանան: Անոնք սրահին մէջ նստածները հրաւիրեցին ուտելու ճագարի միսով ուտեստը եւ ըսին, թէ ատիկա հիւրասիրութիւն է: Ճագարը պատրաստուած էր արցախեան թացաններով եւ անկրկնելի համ ունէր: Արցախը պզտիկ է, եւ նոյն սրահին մէջ մենք հանդիպեցանք այն երգիչներէն մէկուն, որ կը նկարահանուէր «Արցախ» երգի տեսահոլովակին մէջ: Ան հրաւիրեց իրենց տուն եւ մինչեւ առաւօտ ինք եւ իր ընկերները համերգ սարքեցին: Օդին մէջ կախուած երջանկութիւնը կրկնապատկուեցաւ այդ գիշեր: Արցախի երգիչները իրենց ձայնով միշտ գերազանցած են ուրիշ երգիչներու, եւ այդ մէկը անվիճելի է: Հողի, ջուրի, դաշտ ու ձորի ուժն է անոնց մէջ: Ես այսօր կ՚ուզեմ յիշել միայն ա՛յդ Արցախը: Ուրիշ Արցախ չկայ իմ մտապատկերներուս մէջ: Զրկուած, պաշարուած, նեղուած եւ ստորնացուած արցախցի չեմ ուզեր տեսնել եւ պատկերացնել: Յուշերու կծիկը կը քանդեմ ամէն օր եւ հեռու կը մնամ լրահոսէն, որուն մէջ Արցախը այլ դէմք ունի: Ցաւալի է, բայց իրականութիւնը արդէն այդ է եւ ոչ՝ իմ տեսած ու վայելած Արցախը: Արդեօք մենք նորէն կը տեսնե՞նք զուարթ ու հայկական Արցախը: Կ՚ուզեմ չտանք այս հարցումը եւ չմտածենք անոր պատասխանին մասին:

***

Շէն ու հայկական Արցախի մասին նկարագրութիւն կը կարդանք նաեւ հայ պատմաբան, գրող, հրապարակախօս Լէոյի մէկ ուղեգրութեան մէջ: 1884 թուականին ապագայ մեծ պատմաբան Լէոն՝ շուշեցի Առաքել Բաբախանեանցը ուխտագնացութիւն կը կատարէ դէպի իր ծննդավայր Արցախի քանի մը վայր: Այդ ուղեգրութենէն ծնունդ կ՚առնէ անոր «Ուխտաւորի յիշատակարանը» գիրքը, որ Լէոն կը նուիրէ գրող Րաֆֆին, նշելով, որ Րաֆֆին իր գրական գործունէութեան մէջ մեծ նուիրումներ ըրած է Արցախին: Այդ յիշատակարանը ձօն է հայկական Արցախին, որ քրիստոնէական հաւատքի շունչով ապրած է դարեր շարունակ: Լէոն կը պատմէ, որ իր ուխտագնացութիւնը կը կատարուի մանաւանդ դէպի Դիզափայտ, որ բաւականին նշանաւոր եւ յայտնի ուխտավայր է: 1884 թուականն էր այդ, իսկ այսօր՝ ատկէ 120 տարի անց Դիզափայտի գագաթը վերածուած է ատրպէյճանական ռազմական յենակէտի, իսկ անոր գագաթին գտնուող Կատարոյ վանքը կը գործածուի որպէս զինուորներու կացարան եւ զէնքի պահեստ։

Դէպի Դիզափայտ ուխտագնացութիւնը Լէոն կատարած է Վարդավառի տօներուն՝ ընդունելով իր բարեկամներէն մէկուն հրաւէրը: Գրողը կը գրէ. (կը փոխադրենք արեւմտահայերէնի)

Ոչ այնքան կրօնական ջերմ զգացմունքները հարկադրեցին զիս ընդունիլ այդ հրաւէրը, որքան ուրիշ հանգամանքներ, որոնց միշտ հպատակած կ՚ըլլայ մարդ, մանաւանդ ամառը, քաղաքներուն մէջ: Երկարատեւ անշարժութենէն յետոյ տեսնել կրկին անգամ Ղարաբաղի գեղեցիկ տեսարանները, հարուստ ու վայրենի բնութիւնը, մտնել գիւղական պարզ նահապետական կեանքին մէջ, այս ամէնը այնքան կը հրապուրէին զիս, որ ես աճապարեցի քանի մը օր առաջ, այն է՝ յուլիսի 12-ին, դուրս գալ Շուշիէն: Նախ հարկաւոր էր երթալ Թաղլար գիւղը, որ բաւական հեռու է Շուշիէն եւ կը գտնուի պատմական Տող բերդին մօտ:

Անցնելով Խորհատի միջով, մենք բարձրացանք լեռնային շղթայի մը գլուխը: Այդտեղէն կը բացուի շատ ախորժելի տեսարան: Առանձնակի սարերը եւ լեռնային շղթաները պատած խիստ հարուստ բուսականութեամբ, երեւան կու գան կարծես գեղեցիկ համայնապատկերի մը մէջ: Ինծի դէմ առ դէմ բարձացած էր Տողա սարը, որուն սուր գագաթը մինչեւ երկինք հասած կ՚երեւնար: Այդ սարը տեսնելու պէս իմ մէջս զարթնեցան անոր անուան հետ կապուած պատմական անցքերու յիշողութիւնները: Մինչ այս յիշողութիւնները պտոյտ կու գային իմ հիացած հոգւոյս մէջ, իմ ետեւէս հասան քանի մը հետեւակ գիւղացիներ: Անոնք բոլորը կանգնեցան իմ ձիու մօտ եւ երեսները դարձնելով դէպի հարաւ-արեւմուտք, սկսան ջերմեռանդութեամբ խաչակնքել: Երբ ես զարմանքով դարձայ դէպի այդ կողմը, մէկը ինծի ըսաւ.

-Սուրբ Դիզափայտն է, իմ երեսս անոր ոտին տակը:

Ես կը նայիմ: Հեռու հորիզոնին վրայ, երեկոյեան կիսամթութեամբ պատած սար մըն էր այդ, որ իր բարձրութեամբ գերազանց էր միւս բոլոր այդ կողմի սարերէն, եւ ահա այդ սարին գլուխը պիտի երթայինք մենք՝ հռչակաւոր նահատակներու տանջանանց վայրը համբուրելու համար: Ես խօսակցութիւն սկսայ գիւղացիներուն հետ Դիզափայտի մասին: Ոչ ոք որոշ հասկացութիւն ունէր, միայն գիտէին այսքանը, որ ան շատ զօրաւոր սուրբ մըն է, որ ամէն տարի Վարդավառին լոյս կու գայ անոր վրայ, որ շատ ցաւեր կը բժշկէ ան:

-Աստուած ուխտդ կատարէ, պարո՛ն, կ՚երթաս, շատ լաւ բաներ կը տեսնես եւ միշտ մեր սուրբին ուխտաւոր կ՚ըլլաս: Այս խօսքերով գիւղացիները հեռացան եւ ես շարունակեցի ճանապարհս: Արդէն մութն էր, երբ հասայ Թաղլար: Թաղլարը բաւական մեծ գիւղ մըն է (500 տուն): Հետեւելով Ղարաբաղի մէջ բացառութիւն մը չսիրող ընդհանրութեան օրինակին, Թաղլարը տեղաւորուած է լեռնային զառիվայրի վրայ, որ աստիճանաբար կ՚իջնէ դէպի Ղուրուչայ անունով գետը, որ կը քերէ Տողա սարի ժայռոտ ստորոտները: Նայելով գիւղի արտաքին տեսքին, բնակիչներու կեցութեանը, կարելի է ըսել, որ Թաղլարը առհասարակ հարուստ գիւղ է: Այստեղ այնքան շատ չեն գետնափոր խրճիթներ, որոնցմէ կազմուած կ՚ըլլան առհասարակ հայ գիւղերը, այլ կը պատահին լաւ շինուած նոր ձեւի տուներ:

ԴԻԶԱՓԱՅՏԸ՝ ՎԱՐԴԱՎԱՌԵԱՆ ՈՒԽՏԱՎԱՅՐ

Դիզափայտը հայոց Վարդավառեան ուխտավայրերէն էր: Քանի մը օր շարունակ սարը ուխտատեղի կ՚ըլլար հեռու տեղէ եկողներու եւ շրջակայ գիւղերու բնակիչներու համար: Ուխտաւորները Դիզափայտ կը բարձրանային եւ լերան գագաթը բնակող սուրբէն կը խնդրէին իղձերու իրականացում եւ մեծ հաւատքով կը սպասէին հրաշքի: Հրաշքը անպայման տեղի կ՚ունենար… Դիզափայտը արդէն երրորդ Վարդավառն է՝ ամայի է: Լէօ իր «Ուխտաւորին յիշատակարանը» գիրքին մէջ կը նկարագրէ Վարդավառեան ուխտագնացութիւնը, որուն մասնակից եղած է:

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Յուլիսի 14-ի գիշերուայ ժամը երեքէն շատ կանուխ բարեկամս արթնցուց ինծի: «Դեռ շատ վաղ է», ըսի ես, բայց յայտնուեցաւ, որ ամբողջ գիւղը մեզմէ շատ առաջ ոտքի կեցած է, խառն աղմուկը ցոյց կու տար, որ բոլորը կը պատրաստուին ուխտի երթալ առաւօտեան հով ժամին, որպէսզի ազատուին օրուայ խեղդող տապէն: Մենք եւս սկսանք պատրաստուիլ եւ կէս ժամ յետոյ արդէն ճանապարհին էինք: Արեգակ դեռ ամենեւին չկար, օդը թարմ էր եւ զովարար: Բաւական տարիներէ ետք ինծի նորէն վիճակուեցաւ կրկին լուսցնել ամառնային գիշերը բացօթեայ գիւղական հարուստ եւ չքնաղ բնութեան մէջ: Եւ բնութեան կարճատեւ քունէն զարթնելու պատկերը խիստ կենդանի եւ հրապուրիչ կը դառնար հեռուէն լսուող խաղաղ ու մեղմ խօսակցութիւններու ձայներէն, ատոնք ուխտաւորներն էին, որոնց սակայն մենք չէինք տեսներ: Ասպանդակելով ձիաները՝ մենք շուտով հասանք խառնիճաղանճ ամբոխի մը, բաղկացած ամէն տեսակի եւ հասակի մարդոցմէ, ո՛րը հետեւակ, ո՛րը ձիու, ո՛րը ջորիի վրայ: Ջերմեռանդ հայուհիները համարեա բոլորը ոտով կ՚երթային, շատերը՝ բոպիկ: Այդ ալ նախնական սովորութիւն մըն է, որ պահուած է միայն գեղեցիկ սեռի մէջ. անոր կարծիքով սուրբը աւելի կ՚ընդունի ոտաբոպիկ երթալը եւ միշտ կը կատարէ այսպէս գացողներուն ուխտը: Եւ այսպէս, այդ ամբոխը, ձգուած ճանապարհի երկարութեամբ, կը կազմէր շարժուող մարդոց երկար գիծ մը, որուն գնացքի կարգը յաճախ կը խանգարուէր ուխտաւորներու ետ մնալովը կամ առաջանալովը: Ատոնք բոլորը թաղլարեցիք էին. գիւղի մեծ մասը այստեղ էր: Խօսակցութիւնները, մինը միւսէն անկեղծ, մինը միւսէն աւելի տոգորուած նահապետական պարզ սովորութիւններով, անընդհատ կը շարունակուէին մարդոց այս երկար շարքին մէջ: Ահա ձիու մը վրայ նստած են առողջ ծերուկ մը եւ անոր կինը: Տակաւին բաւական չէ այդ, ծերուկի առաջ տեղաւորուած է անոր չափահաս տղան, ուժեղ ձին, բաւական դիմացկանութեամբ կը տանի այս համարեա ամբողջ ընտանիքը:

-Պարո՛ն, դո՞ւն ալ կ՚երթաս մեր սուրբը,- ինծի կը դառնայ ծերուկը:

-Ինչպէս չէ, ես ալ ուխտի կ՚երթամ,- կը պատասխանեմ ես:

-Աստուած լսող ըլլայ: Մեր սուրբ Դիզափայտի պէս զօրաւոր խաչ չկայ: Կեանքիս մէջ Վարդավառ մը չեմ անցուցած առանց անոր սուրբ զօրութեանը ուխտի երթալու:

Եւ ծերուկը խիստ ջերմեռանդ կերպով խաչակնքեց երեսը:

-Երեւի շատ մարդ կ՚ըլլա՞յ այնտեղ,- կը հարցնեմ ես:

-Ինչպէս չէ, ամէն տեղէ կու գան, եւ ամէնքին ուխտն ալ կը կատարուի:

Այդ ժամանակ արեւի առաջին շողերը ողջունեցին մեզ: Մենք կ՚անցնէինք լեռնային բարձրութեան մը մօտով, որուն ախորժատես զառիվայրը ծածկուած էր սաղարթախիտ ծառերով, տեսարանը շատ գեղեցիկ էր, եւ ես անյագ կը նայէի դէպի այդ կողմը: Ծերուկը տակաւին ինծի հետ կը քալէր:

-Դո՞ւն ալ գիտես, որ այնտեղ կը գտնուի Օխտը դռնին,- հարցուց ան, խաչակնքելով երեսը:

-Ոչ, չեմ գիտեր, ի՞նչ է այդ:

-Սուրբ է, պարո՛ն, շատ զօրաւոր սուրբ, աչքացաւի բժիշկ է: Ճիշդ է՝ սուրբի մը քովէն միւս սուրբին երթալը լաւ չէ, բայց մենք յանցաւոր չենք, կ՚ընենք ատիկա: Եւ սուրբ Դիզափայտը ախր ասկէ զօրաւոր է:

-Վնաս չունի,- ըսի ես: Օխտը-դռնին ուխտի կ՚երթանք Դիզափայտէն վերադառնալու ժամանակ: Կարծեմ՝ չի բարկանար:

Մենք առջեւէն կը քալենք: Շուտով կը հասնինք ուրիշ խումբի մը. այստեղ ալ ուրիշ տեսակ խօսակցութիւններ են, բայց ատոնց մէջ ալ անփոփոխ է նահապետական անկեղծ պարզութիւնը՝ խառն կրօնական ջերմ զգացմունքի հետ: Գտնուելով այսպիսի շրջանի մէջ, մարդ կը մոռնայ իրական ներկան եւ կը փոխուի երեւակայական անցեալը, ուր հայու կեանքը կը տեսնես մէկ շրջանակի մէջ, որ հիւսուած է աւանդոյթներով սրբագործուած սովորութիւններէն:

ԴԻԶԱՓԱՅՏԻ ՎՐԱՅ

Ճանապարհը Քօշի աղբիւրէն մինչեւ գագաթը նոր շինուած է. ան ահագին պտոյտներ կը գործէ՝ սարի բոլորովին ուղղաձիգ լանջերով, բայց հակառակ ատոր, ճանապարհը նորէն շատ զառիվեր է եւ դժուար ելանելի: Մինչեւ սարի գագաթը օձապտոյտ ճանապարհի վրայ կ՚երեւէր գացողներուն օձապտոյտ երկայն շարքը: Կը շարժուէին կրիայի դանդաղկոտութեամբ: Այլապէս ալ անկարելի է: Ձիաները մեծ դժուարութեամբ կը կարողանային դէպի վերեւ քանի մը քայլ ընել: Երթալով քիչ տեղ, անոնք կը կենային եւ այսպէս պէտք էր մնալ տասն կամ տասն ու հինգ րոպէ, մինչեւ կենդանին քիչ մը կը հանգստանար, ուժ կ՚առնէր, եւ յետոյ նոյն դանդաղկոտութեամբ կը շարժէր ոտները եւ կրկին կը կենար:

Ճանապարհը այժմ ալ, իր նորոգուած դրութեան մէջ, վտանգաւոր է. միշտ երկիւղը պատած կ՚ըլլայ մարդը: Թեթեւ ծուռ շարժուածք մը, սայթաքումն ալ բաւական է, որ ձիաւորը ձիուն հետ թռչի սոսկալի խորխորատներուն մէջ: Կը պատմէին, որ ճանապարհի անմշակ ժամանակ տարի չէր անցներ առանց փորձանքներու: Տարի չէր անցներ, որ քանի մի անասուն չգլորուէին դէպի ցած՝ հասնելով զառիվայրերու վերջին՝ միսի ու զանգուածի ձեւով:

Նայելով շուրջը, դէպի ներքեւ, դէպի վերեւ, մարդ կը զարմանայ, թէ ինչպէ՛ս այն հին ժամանակները ապաստան գտած են այս բարձրութեան գլխուն նահատակները եւ ինչպէ՛ս սպաննած են անոնց հալածողները: Եւ Դիզափայտի «Յասմաւուրք»էն յայտնի պատմութիւնը իր բոլոր մանրամասնութիւններով կը շրջէր իմ միտքիս մէջ նոյն ժամանակ, երբ իմ ձիս մեծ տանջանքներով առաջ կը տանէր զիս: Որքան կը բարձրանայինք դէպի վեր, այնքան օդի ցրտութիւնը զգալի կը դառնար: Կարծես այդ տեղերը տակաւին նոր սկսած է ապրիլ ամիսը: Թարմ նորահարս խոտին մէջ որքա՜ն դեղին խոշոր ծաղիկներ կան, որոնք, պատելով զառիվայրերը, միացնելով իրենց դեղին գոյնը ընդհանուր կանաչ գոյնին հետ, արեգակի մեղմ, թոյլ ճառագայթներուն տակ կը ներկայացնեն այնպիսի տեսարան, որուն կ՚արժէ նայիլ: Եւ օդի լռութիւնը կը վրդովի ուխտաւորներու ձայնէն միայն: Ուրեմն մարդկութենէն թափուր ժամանակ որքա՛ն ահաւոր պիտի ըլլան այս մշտալուռ բարձրութիւնները, որոնց վրայ չ՚ապրիր ոչ մէկ կենդանի՝ ձայն արձակելու ունակութիւն ունեցող արարած: Մարդու սիրտը ճնշուած կ՚ըլլայ բնութեան վսեմութեան տակ. ան անդադար կը բաբախի՝ արտայայտելով կատաղի յուսահատութիւն՝ ախր ե՞րբ պիտի վերջանայ այս ճանապարհը, ե՞րբ պիտի հասնինք գագաթին:

Ես մոռցայ ըսել, որ Դիզափայտի սարը կը ներկայացնէ բաւական երկար եւ առանձնակի կերպով դասաւորուած բարձրութիւն: Մինչեւ ժայռերը՝ սարը չունի բաժանմունքներ, կամ կողմնակի ճիւղեր: Իսկ այնտեղ, մերկ քարէ մասը կը բաժնուի քանի մը գագաթներու, որոնք կազմուած են ահագին միապաղաղ ժայռերէ, այս պատճառով ալ գագաթները ունին շատ քիչ լայնութիւն: Ամենէն բարձր գագաթի վրայ կը գտնուի ուխտատեղին կամ ինչպէս կ՚ըսեն գիւղացիք, «տաճար»ը: Մենք բարձացանք մինչեւ այդտեղ: Աղքատիկ փոքրիկ շինուածք մըն է ատիկա, որ ունի եկեղեցիի նմանութիւն: Անոր դրան մօտ եւ շուրջը ասեղ ձգելու տեղ չկար: Մարդոց մեծ բազմութիւնը խիտ առ խիտ սեղմուած էր այդտեղ եւ ամէն մէկը կ՚աշխատէր շուտով ներս մտնել: Մինչեւ մտնելու հնար մը գտնելը, ես ականատես եղայ բանի մը, որուն մասին լռել կարելի չէ: Թրքուհի մը զգուշութեամբ դուրս կու տար մեծ քարի մը տակէն սեւ հող: Երբ հարցուցի, թէ ի՞նչ կ՚ընէ, ըսին, որ ատիկա գուշակութիւն է, թէ ի՛նչ տեսակ զաւակ պիտի ծնի ան: Եթէ գարի դուրս ելլէ սեւ հողին հետ, աղջիկ կը ծնի, եթէ ցորեան՝ տղայ: Այս սնապաշտութիւնը հիմնուած է այն աւանդութեան վրայ, որ այդտեղ նահատակուած սուրբերը այրուած եղած են կռապաշտ թագաւորի հրամանով՝ ցորենի եւ գարիի դէզերուն մէջ. այդ ժամանակէն ալ մնացած են քարի տակ ցորենն ու գարին, որոնցմով այժմ սնապաշտ կիներ կը գուշակեն իրենց բախտը: Ի հարկէ, մի քանի հարիւր տարուան ընթացքին ոչ մէկ տեսակ ցորեան կամ գարի չի կրնար մնալ, բայց այդտեղի միակ բնակիչը՝ մուղդուսին, ամէն Վարդավառի կը խառնէ գարի եւ ցորեն հողին հետ: Եւ խաւարը այնքան թանձր է, որ այսքանը հասկնալ անկարելի է եւ կ՚ընդունուի իբրեւ երկնքի պատգամ: Ես չկարողացայ գիտնալ, թէ հետաքրքիր թրքուհին ի՛նչ տեսակ զաւակ պիտի ծնի, որովհետեւ քանի որ ան զգուշութեամբ կը կատարէր իր գործը, ամբոխի յորձանք մը հրեց մեզի դէպի շինութեան մուտքը: Ներս մտանք: Փոքրիկ շինութիւնը հազիւ կարող է քսան մարդ տեղաւորել իր մէջ, բայց ատոր երկու չափ կային այնտեղ: «Տաճար»ին պատերը հակառակ որ նոր շինուած են, բոլորովին սեւցած էին, թանձր ծուխը լեցուած էր անոր ներսը: Առաջ գացինք: Ահա այն հռչակաւոր տեղը, որուն երկրպագելու համար այսքան նեղութիւններով գալ յանձն առած էր այդ բազմաթիւ ամբոխը: Ատիկա բոլորովին մերկ բեմ մըն էր, որ գետինէն մէկ արշինէն աւելի բարձրութիւն չունի. անոր վրայ ոչինչ զարդ կայ: Բայց ան ամբողջապէս ծածկուած է վառած մոմերու անթիւ քանակութեամբ, այդ թանձր ծուխն ալ անոնցմէ ելած էր: Բեմի առաջ ջերմաջերմ աղօթքներ կը կարդային հայուհիները: Անոնց հետ կային եւ բաւական թրքուհիներ: Մահմետականը քրիստոնեաներէն ետ չի մնար այդ նուիրական տեղը պաշտելուն մէջ:

Մենք ալ ամենայն խոնարհութեամբ մօտեցանք բեմին, համբուրեցինք, եւ զոյգ մը չվառած մոմ դրինք այնտեղ եւ ետ կանգնեցանք: Գանձանակի վրայ կը հսկէր մեզի ծանօթ Մեսրոպ Քահանան, որ յատուկ ատոր համար եկած էր Հադրութ գիւղէն: Ան, ի միջի այլոց պատմեց, որ յայտնի չէ, թէ ո՛ւր կը գտնուին նահատակներու գերեզմանները, իսկ «տաճար»ը ասկէ քանի մը տարի առաջ շինած է բարեպաշտ տիկին մը: Ուրեմն, պէտք է ենթադրել, որ նշխարներու տեղը հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր կը պահեն այդ ժայռի գլխուն աւանդոյթները միայն: Ուրիշ յիշատակ մը կամ վկայ մը չկայ այդ վերստուգելու համար:

Ուխտաւորներուն թիւը հետզհետէ կը շատնար, մարդկային արտաշնչութիւններով լեցուած օդը կը խեղդէր: Մենք շտապեցինք դուրս գալ: Բարձրացանք «տաճար»ի դրանը կեցած ժայռի գլուխը, ատիկա ամենաբարձր կէտն է ամբողջ այս սարի գլխուն: Եւ այդ րոպէին, կարծես, դիւթական գաւազանի շարժմամբ, հորիզոնը ահռելի չափերով լայնացաւ մեր առաջ, բաց ընելով մի անհասանելի լայնատարած տեսարան, որուն մէջ ինկած էր Գանձակի նահանգի հարաւային զանազան մասերը: Հեռու, դէպի հարաւ, դեղնած ու այրուած դաշտավայրով կը հոսէր «Մայր Արաքս»ը: Անհամար փոքր ու մեծ սարերը, կտրելով զանազան ուղղութեամբ հովիտները, միացնելով իրենց տեսքերը միմեանց հետ, կը կազմեն գեղեցիկ տեսարաններ: Լեռնային քամին այնքան սուր եւ ներս թափանցող էր, որ հարկադրուած էի հագնիլ ձմեռնային հաստ վերարկու:

Այնքան զբաղուած էր իմ հոգին այդպիսի յիշողութիւններով, որ ընկերներուս դէպի ինծի ուղղուած շատ հարցեր կը մնային առանց պատասխանի իմ կողմէս: Այո՛, միայն հոգին է, որ կը գործէ այդպիսի պարագաներու: Մնացած զգայարանքները ճնշուած, յափշտակուած էին, կարծես մէկը խլած էր ատոնք ինձմէ:

Ուղեւորուեցանք դէպի «տաճար»ը: Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ուխտաւորներուն թիւը առաւօտուընէ երկու անգամ շատցած էր: Անցնիլ դժուար էր. իւրաքանչիւր քարի վրայ, իւրաքանչիւր քիչ թէ շատ յարմար տեղ թափուած էին մարդիկ, ճերմակ քարերը կատարելապէս սեւցած էին բազմութենէն: Բոլորն ալ կ՚ուրախանային: Ամէն մէկը մոռցած էր իր վիշտը, դառնութիւնը եւ քաղցր-քաղցր խօսելով, կամ պարելով զուռնայի ականջներ խլացնող ձայնին տակ, օդը կը լեցնէր ուրախ աղաղակներով: Ժողովուրդի մէջ կը տիրէ համոզմունք մը. սուրբի տակ ուրախ լինել, քէֆ ընել, ամէն մէկը կը ջանար իրագործել այդ համոզմունքը լայն չափերով: Ունեւորին համար այդ բանը մեծ դժուարութիւն չէ, պէտք է միայն ցանկալ: Խօսինք աղքատներուն մասին: Բազմաթիւ դէպքերու ականատես եղած եմ, երբ աղքատը տօն օրերուն սուրբէն ետ չմնալու համար գրաւ կը դնէ իր վերջին անհրաժեշտ բաները, դրամ կ՚առնէ եւ իր սիրտին բաղձանքը կը կատարէ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023