ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ ԳՈՐԾԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի «9-րդ ա­լիք» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ընդգր­կուած է ծո­վա­յին նիւ­թով աշ­խար­հի տասն լա­ւա­գոյն կտաւ­նե­րու ցան­կին վրայ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այդ ցան­կին մէջ ընդգր­կուած գոր­ծե­րը կը պատ­կե­րեն ծո­վու ա­լիք­նե­րու ան­հա­ւա­նա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը։ Սոյն ցու­ցա­կին մէջ ներգ­րա­ւուած Յովհան-նէս Այ­վա­զովս­քիի «9-րդ ա­լիք»ը ստեղ­ծա­գոր­ծուած է 1850 թուա­կա­նին։

Այս ցան­կը կազ­մուած է «The Creative Business»ին կող­մէ, որ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ կը վա­յե­լէ հե­ղի­նա­կու­թիւն։ Ա­րուես­տի նիւ­թե­րու հե­տա­մուտ այս պլո­կը ըստ էու­թեան կը կեդ­րո­նա­նայ լու­սան­կար­չու­թեան եւ գե­ղան­կար­չու­թեան վրայ։ Ցան­կը կազ­մած է գեր­մա­նա­ցի յայտ­նի ա­րուես­տա­բան, նկար­չու­հի Անտ­րէա Պեք­լենտ, ո­րու բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանք­նե­րը ընդգր­կուած են Գեր­մա­նիոյ պե­տա­կան, Լա­խէ­յի, Փա­րի­զի, Լոն­տո­նի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն մէջ։

Յի­շեալ պլո­կը ստեղ­ծուած է խումբ մը լու­սան­կա­րիչ­նե­րու, նկա­րիչ­նե­րու եւ ա­րուես­տա­բան­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լեն Եւ­րո­պա­յի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ։ Ա­նոր նպա­տակն է ըն­կե­րա­յին մե­տիա­յի մի­ջո­ցաւ աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նել ըն­թա­ցիկ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, աշ­խար­հի ա­մե­նա­յայտ­նի թան­գա­րան­նե­րու եւ պատ­կե­րաս­րահ­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015