ՄԻՇՏ ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՆՔ ՆԱՅԻԼ…
Անոնք որ Սուրբ Հոգին կը ցանկան եւ աստուածային սէրը կը բաղձան, Աստուծոյ Որդւոյն գալուստը կը սպասեն եւ անմահութեան եւ յաւիտենական կեանքի փառքը կը տենչան, մի՛շտ դէպի երկինք կը նային եւ յարատեւօրէն երկնային կեանքի ուրախութիւնը եւ երջանկութիւնը կը փափաքին. կ՚արհամարհեն, կը մերժեն եւ կ՚ուրանան ինչ որ վաղանցուկ եւ ժամանակաւոր է եւ օրէ օր վե՛ր կը բարձրանան ո՛չ միայն իրենց ճշմարիտ, անկեղծ հաւատքովը, այլեւ իրենց առաքինի եւ տիպար կեանքովը…
Անոնք սրբութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը հսկեն միշտ իրենց սրտին վրայ, իսկ իրենց հոգիներու անարատութեան համար մի՛շտ ուշադիր են եւ բծախնդիր։ Այս աշխարհի վրայ իրենց կեանքը կ՚ապրին ո՛չ թէ համաձայն այս աշխարհի վայելքներուն, հաճոյքներուն, այլ որպէս «օտարական»ներ, «թափառական»ներ եւ որպէս «ուրիշ աշխարհ»ի մը բնակիչները։ Անոնք բազմազան կարիքներու պատճառաւ կը տառապին, եւ կը սպառին. կը զօրանան այն յոյսով, թէ. «Ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն ո՛ւր ես կը գտնուիմ». (ՅՈՎՀ. ԺԲ 26)։ Այսպէս են ահաւասիկ, հոգեւոր պատիւները եւ զԱստուած սիրողներուն շնորհները։ Աստուծոյ հաւատալ, Անոր վստահիլ եւ Անոր մի՛շտ հաւատարիմ մնալ…
Մարդ կրնայ չարին բազմաթիւ նետերէն վիրաւորուիլ եւ պարտուիլ. պէտք է խոստովանիլ այս պարտութիւնը՝ որ բնական է մարդ արարածին համար, ընդունիլ եւ յայտարարել ամբարշտութիւնը՝ որ մարդուն համար շատ անգամ անխուսափելի է. անհամար մեղքեր կը պատմեն եւ ահեղ անօրէնութիւններ պաղատանքով կը ներկայացնեն։ Մարդուս հոգեւոր վէրքերու ցաւերը կը ստիպեն, որ պատմեն, վէրքերու դեղ եւ դարման փնտռեն եւ յարատեւօրէն արտասուքի վտակներ խնդրեն, որոնց շնորհիւ իրենց մեղքերը պիտի լան եւ վէրքերը պիտի բժշկեն։
Իր իսկ ամբարշտութեանը պատճառով մահացած, անօրէնութեամբ կորսուած, խաւար անդունդին խորը գլորած մարդուն վրայ ո՞վ պիտի լայ եւ կամ ո՞վ պիտի ողբայ, քանի որ չարիքները կը չարչարեն, պղծութիւնները կը սպաննեն զինք։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս մարդ պիտի լայ կամ ինչպէ՞ս պիտի ողբայ իր անհամար մեղքերուն բազմութեանը, ո՛ր օրինազանցութիւններուն վրայ։ Անշուշտ, մարդ կ՚ուզէ զղջալ եւ խոստովանիլ, բայց թշնամին՝ չարը կը ծուլացնէ. կ՚ուզէ Աստուծոյ առջեւ ծունկի գալ, բայց թշնամին կը հեռացնէ իրմէ. կ՚ուզէ աղերսել, խնդրել եւ աղաչել, բայց թշնամին կը կարծրացնէ զինք, կը ցամքեցնէ արցունքը։ Կ՚ուզէ ողորմութիւն ընել, բայց թշնամին կը յիշեցնէ իր աղքատութիւնը՝ մարմնաւոր տկարութիւնը եւ կ՚ուզէ խոնարհիլ եւ հնազանդիլ իր եղբօր՝ իր նմանին, բայց կը կարծրանայ սիրտը։ Ո՛չ ոքի կրնայ պաղատիլ եւ խաւար մթութեան մէջ. խաւար գուբին եւ գարշահոտ եւ որդերուն եռուն տարտարոսին մէջ եւ վերէն կ՚իջնեն հրեղէն յորդահոս գետերու մէջ՝ ուր խաւարը թանձր է։ Սեւ ամպով մը շրջապատուած եւ բոցավառ կրակներու մէջ ինկած ըլլալով, կու լայ եւ կ՚ողբայ անդադար եւ իր նեղութիւնները կ՚ափսոսայ միայն, քանի որ դժբախտութիւններու ահաւոր ցաւերուն պատճառով կը խորհի, թէ միայնակ է տանջանքներու մէջ…
Այս բոլորին մասին մտածելով, մեղաւոր անձը պէտք չէ ծուլանայ պահքի եւ աղօթքի մէջ եւ պէտք չէ դադրի զղջալէ եւ պէտք չէ՛ ուշանայ խոստովանելէ եւ պէտք չէ՛ վախնայ ապաշխարելէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 4, 2023, Իսթանպուլ