ԱՇԽԱՐՀԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ հաւաքոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Իսթանպուլի շարք մը թաղամասերու «Ռոթարի» ակումբներու նախաձեռնութեամբ։ Թաքսիմի «Փոինթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ ձօնուած էր 21 Սեպտեմբերին՝ Համաշխարհային խաղաղութեան օրուան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երեկոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ժամանակ շեշտեց խաղաղութեան համայն աշխարհի տեսակէտէ կարեւորութիւնն ու կենսական նշանակութիւնը։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2023