ԱՇՆԱՆԱՄՈՒՏ՝ 23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Աստղաբաշխութիւնը աշնանամուտի թուականը գիտականօրէն ցոյց կու տայ մեզի, բայց իւրաքանչիւր անձ ունի իր սեփական աշնանամուտի թուականը։ Եւ այս իմաստով, այս տրուպ գրիչին ալ աշնանամուտի թուականն է 23 սեպտեմբերը՝ 2007 տարուան։
Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան աստղաբաշխութիւն եւ բնագիտութիւն ուսանած էր եւ կ՚ուսուցանէր այս գիտութիւնները իր սիրելի աշակերտներուն, ուսանողներուն։ Այս իրողութիւնը մեզի ենթադրել կու տայ, թէ արդեօք իր մասնագիտութեան սահմաններուն մէջ՝ այս նուաստիս որոշա՞ծ էր իւրայատուկ աշնանամտութեան թուական մը՝ մօտաւոր՝ գիտական աշնանամուտի թուականին։ Կարծեցեալ մահը չկրցա՛ւ բաժնել եւ հեռացնել անիկա։ Որքա՞ն զօրաւոր էր մահը հաւատքով ամրապնդուած սիրոյ դէմ, քանի որ 23 սեպտեմբեր 2007 թուականը դրոշմուած կը մնայ մեր յիշատակներուն մէջ։
Մենք մեր սիրելիները չե՛նք յիշեր, այլ անոնք կ՚ապրինք ամէն պահ, քանի որ յիշել՝ մոռնալ կ՚ենթադրէ, եւ անոնք չե՛ն մոռցուած՝ որ յիշենք… սիրոյ մէջ կ՚ապրինք զանոնք։
Սիրելի՜ բարեկամներ, երբեք չեմ ուզեր իմ անձնական հոգերով ձեզ զբաղեցնել, այլապէս նեղութիւն պատճառել, բայց այս մէկը կեանքի անխուսափելի իրողութի՛ւնն է. ամէն մէկուս կը վերաբերի այս իրադարձութիւնը։ Մեզմէ ո՛չ մէկը չի՛ մոռնար, չի՛ կրնար մոռնալ իր հանգուցեալ՝ լուսահոգի մերձաւորը, սիրելին։ Եւ ուրեմն, կը համարձակինք խօսիլ եւ գրել այս մասին, քանի որ այս հարցը անձնական չէ, այլ՝ հասարակա՛ց։
Արդարեւ, բոլոր գոյութիւններու սկիզբը Աստուած է. բոլոր բարիքներու սկիզբը սէրն է, բոլոր շնորհներու սկիզբը խոհականութիւնն է։ Ուստի, սէրէն կը ծնին բոլոր հոգեւոր եւ մարմնաւոր բարիքներ։ Հոգեւոր՝ քանի որ իրենց անձերը ի սէր արքայութեան կը մատնուին մահուան, զանազան տանջանքներու, անասելի ճգնութեան, միայնակեաց եւ առանձնակեաց ապրումներու։ Մարմնաւոր, այսինքն՝ ըստ աշխարհի այն աստիճան, որ նոյնիսկ կը ցնորուին եւ անկարելին կը ձեռնարկեն։
Հաւատքով, յոյսով եւ սիրով զօրացած մէկը երբեք չ՚ընկճուիր մահուան դէմ եւ գիտէ մահը վերածել երանութեան՝ անմահութեան։ Կեանքի պայքարին մէջ կարեւորը՝ պարտութիւնը վերածել յաղթութեան. այս գիտակցութիւնը, այս հոգեկան վստահութիւնը բե՛րդ մըն է անառիկ, որուն կարող չէ տիրել ոչ մէկ չարիք եւ անշուշտ մահը։ Ժամանակաւոր նեղութիւններ եւ կորուստներ չեն որոշեր մարդուն կեանքը եւ ապագան։
Արդարեւ, ամէն գերեզմանի եզրին կա՛յ Յարութեան խորհրդաւոր գաղտնիքը անոնց համար յատկապէս, որոնք կը հաւատան եւ չեն կորսնցուցած իրենց սէրը։
Ահաւասիկ, մարդուս ուժի եւ կենսունակութեան գաղտնիքը այս գիտակցութեան մէջ է։ Գիտակից մարդը չի կորսուիր, չի սպառիր մահուամբ։ Կեանքի անխուսափելի օրէնքին տիրապետութեան դիմաց կա՛յ հոգիի ուժը, որ կ՚արտայայտուի հաւատքի, սիրոյ զօրութեամբ։ Մարդ, հոգեկան այս ուժի մէջ կը գտնէ յաւիտենական երջանկութիւնը։
Ուստի, չպարտուինք մահուան վահէն. սիրով պարտութեան մատնենք զայն։ Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ գերեզմանէն անդին մահ չկա՛յ։ Ան, անմահութիւնը կը տեսնէ աւելի եւս գերեզմաններու մէջ…
Մեզմէ միա՛յն մարմնապէս հեռացող սիրելիները ատեն ատեն յիշելու փոխարէն՝ ջանանք անոնց հետ ապրիլ իբրեւ անմահներ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ