ՓՈՔՐ ԱՍԻՈՅ ՄԷՋ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015 թուականի մթնոլորտին մէջ կը վերարժեւորէ իր նահատակ աշխատակիցներուն ստեղծագործութիւնները։ Ծանօթ է, որ 1915 թուականին նահատակուած մտաւորականներուն կարեւոր մէկ մասը այդ շրջանին աշխատակցած էին թերթիս։ Եղեռնէն դար մը անց անոնք այսօր կ՚ոգեկոչուին՝ սրբադասուած ըլլալով նաեւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ։ Թէ՛ անոնք ոգեկոչելու եւ թէ իրենց արտադրանքը մերօրեայ սերունդներու յիշողութեան մէջ թարմացնելու առաջադրութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ որոշած է իր նահատակ հեղինակներէն մէկ քանիին գործերը վերահրատարակել։ Այսպէս, թերթիս խմբագիր ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի ջանքերով լոյս տեսած է Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ ստորագրուած երկերու ժողովածոն։ Այս գործը ամրան ներկայ շրջանին գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դրուի՝ հաշուի առնելով, որ Սփիւռքէն ալ բազմաթիւ հայեր այս շրջանին կ՚այցելեն քաղաքս։
Երուխան (1870-1915), արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր անուններէն մէկը, իր նահատակութեան 100-րդ տարին, կը ներկայանայ բոլորովին նոր հատորով մը։ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան իրապաշտական հոսանքի յառաջատարներէն մէկն էր։ «Ամիրային աղջիկը» վէպը, ձկնորսներու կեանքէն քաղուած իր նորավէպերը արժանի տեղ մը ապահոված էին իրեն՝ Արփիարեանի, Բաշալեանի, Կամսարականի, Օտեանի նման հեղինակներու կողքին։ 1896-ին, համիտեան հալածանքներուն հետեւանքով, Պոլսէն դէպի Պուլկարիա եւ Եգիպտոս հեռացած արուեստագէտը, 1908-ին, սահմանադրութեան վերահռչակման տարին, մայրաքաղաք վերադարձող հեղինակներէն մէկն էր նաեւ։ Ահա այդ թուականին իսկ Երուխան դարձած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն մէկը՝ ստորագրելով քաղաքական ու ազգային նիւթերուն վերաբերեալ հրապարակագրական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ քանի մը նորավէպեր։ ՀՅԴ-ի մամուլին համար յօդուածներ ստորագրող Երուխան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն վերստին կը յայտնուի 1913-ին, երբ արդէն սկսած էր իր կեանքը ապրելու Խարբերդի մէջ, որպէս մանկավարժ։
Երուխանին ԺԱՄԱՆԱԿ-ին բերած աշխատակցութիւնը կարեւոր է նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ան մանրանկարն է իր գրական ամբողջ գործունէութեան։ Նախ զինքը կը ճանչնանք որպէս գեղարուեստական գրականութեան պատկանող անուն մը՝ իր նորավէպերով։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն Երուխան ստորագրած է չորս նորավէպեր, որոնցմէ երկուքը առաջին անգամ է, որ մաս կը կազմեն հատորի մը, իսկ միւս երկուքը նախապէս տպագրուած են հեղինակի կենդանութեան օրօք տպագրուած հատորին, ինչպէս նաեւ Փարիզի, Երեւանի ու Անթիլիասի հրատարակութիւններուն մէջ։
Երուխանի հրապարակախօսութիւնը... Մամլոյ տարբեր միջոցներու էջերուն ցրուած քաղաքական ու հասարակական բնոյթով այս յօդուածները ցարդ չեն ամփոփուած առանձին հատորի մը մէջ։ Այս հատորը առաջին փորձ մըն է այդ ուղղութեամբ։ Երուխան իր յօդուածներուն ընդմէջէն կը յայտնուի որպէս մէկը, որ սրտցաւօրէն կը հակի երկրի առօրեայ հարցերուն վրայ, սահմանադրութեան խոստացած իրաւունքներուն հանդէպ խըս-տապահանջ եւ օսմանեան հայրենիքին հաւատացող մը, ինչպէս էին մեծ մասամբ իր սերնդակիցները։
Եւ վերջին նորութիւն մը եւս։ Երուխան նեղուած ու ձանձրացած Պոլսոյ միջավայրէն, մխիթարութիւն կ՚որոնէ հայրենի մթնոլորտին մէջ՝ ուսուցչական պաշտօն ստանձնելով Խարբերդի մէջ, ուր կը դառնայ տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանին տեսուչը։ Դէպի հայրենիք իր ճանապարհորդութիւնը եւ գաւառական կեանքը ան Պոլսոյ ընթերցողներուն կը ներկայացնէ «Փոքր Ասիոյ մէջէն» խորագրեալ յօդուածաշարով մը, որ ինչպէս միւսները, առաջին անգամ ի մի կը բերուին այս հատորին մէջ։
«Փոքր Ասիոյ մէջէն» հատորը կազմած, խմբագրած ու ծանօթագրած է բանասէր ու գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Յառաջաբանի հեղինակն է սփիւռքահայ անուանի բանասէր Վարդան Մատթէոսեան։ Կողքը պատրաստուած է տաղանդաւոր նկարիչ Արէտ Կըճըրին կողմէ։ Տպագրութիւնը իրականացուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ին կողմէ, որպէս երկրորդ հրատարակութիւնըիր դարադարձին ձօնուած մատենաշարին, Քասիմի «Օրուան մտածումներ»էն ետք։
Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներէն Երուխան եղերական վախճանին 100-րդ տարելիցին իր մոռցուած գործերով վերստին կը խօսի հայ հասարակութեան հետ։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024