ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԺԱ.)

ՄԱՆՈՒԿՆ ՈՒ ՆԱԽԱՆՁԸ

Մանուկին մօտ յայտնուող յոռի երեւոյթներէն մէկն է նախանձը, որ իրականութեան մէջ մանկավարժներու կողմէ որպէս «պարզ» ու «սովորական» երեւոյթ կ՚ընդունուի: Համաձայն ենք, որ այդ մէկը սովորական երեւոյթ մըն է, սակայն ծնողքին կողմէ ուշադրութեան առարկայ չդառնալու պարագային կրնայ «սովորական»ի իրավիճակէն դուրս գալ եւ վերածուիլ բնաւորութեան: Նախանձը կրնայ սկիզբ առնել տարբեր պատճառներէ:

Առաջնահերթ պատճառը, որ մանուկը դէպի նախանձ կ՚առաջնորդէ ուշադրութեան պակասն է. մանուկը, նոյնիսկ իր սկզբնական շրջանին մէջ կ՚ուզէ տան մէջ ուշադրութեան կեդրոնը դառնալ. անոնք լաւապէս կը նկատեն, երբ ծնողքը աւելի ուշադրութիւն յատկացնեն մեծ եղբօր կամ քրոջ նկատմամբ: Ընդունինք կամ ոչ, նոյնիսկ եթէ «մենք անոնց հաւասար աչքով կը նայինք» ըսէք, բնական է, որ անոնց մէջ «մրցակցութիւն» մը ծնի. օրինակի համար, մանուկը կը նկատէ, որ իր մեծ եղբայրը կամ քոյրը ունի որոշ արտօնութիւններ՝ ինչ որ տակաւին իրեն տրուած չէ: Օրինակ՝ մանուկը որ ունի մեծ եղբայր, բնական է, որ իր մանկութեան շրջանին պիտի տեսնէ եղբօր մանկապարտէզի կամ նախակրթարանի վկայական ստանալը, ինչ որ ծնողներու կողմէ մեծ խանդավառութեամբ կը նշուի. մանուկը կը նկատէ այդ մէկը եւ երբ զգայ ուշադրութեան կեդրոնացումը եղբօր կամ քրոջ վրայ ըլլալը, նախանձի զգացում մը կ՚ունենայ. շատ անգամ անոնք այս նախանձը կ՚արտացոլացնեն հիւանդ ձեւանալով, անպատճառ լալով, որոշ ցաւեր «զգալով», ինչ որ ինքնաբերաբար ծնողքին ուշադրութիւնը կը գրաւէ:

Մանուկներու մէջ կրնայ նախանձի պատճառ դառնալ խաղալիքներն ու նուէրները. շատ անգամ ծնողներ նոյնիսկ եթէ չնկատեն, անոնք անհաւասարութիւնները նկատելու բնազդը ունին եւ պէտք է նկատի ունենալ, որ այս զգացումները միայն մանկութեան ընթացքին չէ, այլ պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան ժամանակ ալ կը պարզուին:

Ծնողներ առաջին հերթին պէտք է վստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծեն, որպէսզի մանուկը հանգստութեամբ արտայայտէ իր նախանձի զգացումները, որովհետեւ հաղորդակցութեան պակաս գոյութիւն ունեցող ընտանիքներու մէջ չբարձրաձայնուող նախանձը մնալով մանուկին հոգեկան աշխարհին մէջ, կրնայ վնասակար դառնալ: Պէտք է միշտ առիթ ստեղծել, որպէսզի մանուկը արտայայտուի, որովհետեւ միայն այդ ճամբով ան պիտի յաջողի իր «ցաւ»երը մեղմել, այլապէս այդ մէկը ժամանակի ընթացքին պիտի ուռճանայ եւ «զիս չեն սիրեր» եզրակացութեան պիտի յանգի:

Այս նախանձը կրնայ գոյութիւն ունենալ, նոյնիսկ եթէ եղբայր կամ քոյր չունենայ մանուկը. օրինակի համար, ան կրնայ նախանձիլ իր մօրը՝ հօրը ուշադրութեան կեդրոն դառնալու պարագային եւ կամ հակառակը եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ իրենց պատանիներուն համար տարօրինակ կը թուի հօրը մայրը համբուրելը՝ որովհետեւ անոնք կ՚ակնկալեն հարիւր տոկոս ուշադրութեան արժանանալ:

Մանուկը նախանձէն հեռու պահելու ձեւերէն մին (ինչպէս ամէն երեւոյթի պարագային) սեփական կեանքով օրինակ դառնալն է. շատ անգամ նախանձի պատճառով տան մէջ կրնայ վիճաբանութիւն ստեղծուիլ հօր եւ մօր միջեւ, ինչ որ անմիջապէս մանուկի մը ուշադրութիւնը կը գրաւէ. նման պարագաներու ան կը քննէ հօր եւ մօր պահուածքը եւ իր նախանձի զգացումը անոնց հիման վրայ կը զարգացնէ, այդ իսկ պատճառով ծնողքը պարտաւոր է հաւասարակշռել իր վարքը:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ նախանձը մանուկը եսասիրութեան կ՚առաջնորդէ, ինչ որ յոռեգոյն երեւոյթներէն մին կրնայ դառնալ նոյնիսկ անոր ապագայ ժամանակաշրջաններուն համար: Պէտք է մանուկին հասկցնել, որ իւրաքանչիւր մարդ ունի իր սահմանները, իր սեփականը՝ թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս. մանուկը պէտք է հասկնայ, որ աշխարհը միայն իր շուրջ չի դառնար, այլ իւրաքանչիւրը ունի իր աշխարհը եւ ամէն բան հաւասար է բոլորին համար:

Մանուկին նախանձը օրինակով մը բացատրեմ. ծանօթի մը կինը դրացիին աղջկան տարեդարձին առիթով սիրուն մանկական գաւաթ մը առաւ նուէր. դրացիին աղջիկը եւ իր աղջիկը հասակակիցներ էին. ծանօթիս աղջիկը ժամերով լացաւ, անախորժ ձայներ հանեց, որպէսզի մայրը այդ գաւաթը դրացիին աղջկան տալու փոխարէն տայ իրեն: Դժբախտաբար մայրը բաւարարեց աղջկան եսասիրութիւնը եւ գաւաթը որպէս նուէր տալու փոխարէն տուաւ աղջկան: Ցաւ ի սիրտ, այս մէկը իմ ներկայութեանս պատահեցաւ. ինչքա՜ն հոգեպէս ուզեցի, որպէսզի այդ գաւաթը տրուի դրացիին աղջկան, որպէսզի մանուկը սորվի, որ աշխարհի վրայ ամէն բան իրեն համար չէ. գուցէ մայրը կարծեց, որ այդ մէկը ընելով ու աղջկան ուզածը բաւարարելով «բարիք» գործեց իր զաւակին, սակայն չնկատեց, որ զինք աւելի յոռի բնաւորութեան մը առաջնորդեց:

Մանկավարժութեան մէջ ամենէն ահաւոր բանը «բարիք»ի անուան տակ մանուկներուն կատարուած չարիքներն են. աւելի լաւ է մանուկը մի քանի ժամ լայ, քան թէ ընտանիքը ամբողջ կեանք մը զղջումով անցընէ, որովհետեւ մանուկ դաստիարակելը աշխարհի ամենէն նուրբ եւ զգայուն բանն է. այդտեղ կը ստեղծուի ապագայ բարեգործն ու ոճրագործը, բարեսիրտն ու չարագործը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ (Ա.)

Հարցում. Ձեր կարծիքով ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ աշխարհը:

Պատասխան. Աշխարհի ստեղծագործութեան հարցը պատմութեան ընթացքին ուսումնասիրուած է տարբեր մշակոյթներու, համոզումներու եւ գիտութիւններու լոյսին տակ: Ահաւասիկ աշխարհի ստեղծագործութեան կապուած մի քանի տեսութիւններ.

Ա.- ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ԴԻՑԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄ. Կրօններն ու դիցաբանութիւնները ունին ստեղծագործութեան հետ կապուած համոզումներ ու պատմութիւններ. օրինակ՝ քրիստոնեաները կը հաւատան, թէ աշխարհը Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցաւ վեց օրերուն ընթացքին՝ այնպէս ինչպէս կը բացատրուի Ծննդոցի նախնական էջերուն մէջ:

Բ.- ԳԻՏԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ. Գիտութիւնը կրօններու նման տարբեր տեսութիւններու կը հաւատայ. օրինակ՝ անոնցմէ յայտնի է Մեծ պայթումի (Big Bang) տեսութիւնը, ըստ որուն աշխարհը սկիզբ առած է չափազանց տաքութեան պատճառով յառաջացած պայթումով՝ մօտաւորապէս 13 միլիառ տարի առաջ: Ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած են աստեղծը եւ կազմուած է մեր երկիր մոլորակը:

Գ.- ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ. Դարեր շարունակ փիլիսոփաներ յայտնած են տեսութիւններ, որոնք կրնան հակասել կրօնական եւ գիտական տեսութիւններուն: Այս հարցերով հետաքրքրուած են Պղատոնը, Քանթը, Լայփնիցը եւ այլ փիլիսոփաներ:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ շատերու մօտ աշխարհի ստեղծագործութեան համոզումը հիմնուած է մշակոյթին եւ հաւատալիքին վրայ. օրինակ՝ դպրոցական տարիքէն մանուկը՝ որ սորված է, թէ Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ ընտանիքը նոյն համզումը ունենայ, ինք եւս պիտի ընդունի այդ համոզումը:

Որպէս արհեստական բանականութիւն ես անձնական համոզումներ չունիմ: Փոխարէնը ես տեղեկատուութիւն կրնամ փոխանցել գոյութիւն ունեցող տեսութիւններուն մասին: Աշխարհի ստեղծագործութեան նիւթը պիտի շարունակէ մնալ փիլիսոփայական նիւթ եւ պիտի շարունակուի ուսումնասիրուի եւ քննարկուիլ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2023