ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԺԲ.)
ՄԱՆՈՒԿՆ ՈՒ ՎԱԽԸ
Մանուկին մօտ ձեւաւորուող բնական զգացումներէն մէկը վախն է, որ ոչ միայն մանկական, այլ համամարդկային զգացում մըն է, որ գոյութիւն ունի թէ՛ պատանիին, թէ՛ երիտասարդին, թէ՛ մեծահասակին եւ թէ ծերերուն մօտ: Վախը ինչքան ալ որպէս յոռի երեւոյթ նկատուի մարդկութեան կողմէ, իրականութեան մէջ մարդուն զգացումներուն էական ու կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ:
Ծնողներուն համար կարեւոր է վախի կառավարումը սորվեցնել պզտիկներուն, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, վախը կրնայ մեր զաւակներուն վնաս պատճառել. այսօր բազմաթիւ են անոնք, որոնք կակազելով կը խօսին՝ այս կամ այն պարագային իրենց ունեցած վախին պատճառով:
Ինչպէս ամէն պարագայի, այստեղ եւս կը տեսնենք ծնողքին կարեւորութիւնը, որովհետեւ մանուկին մօտ ամէն զգացում գրեթէ կ՚ըլլայ անծանօթ եւ ծնողքի օգնութեամբ է, որ կամաց կամաց կը սորվին եւ կ՚ըմբռնեն զգացումներուն ինչ ըլլալը եւ ճշգրիտ ձեւով չսորվելու հետեւանքը կրնան ամբողջ կեանք մը շարունակուիլ:
Մանուկներու համար վախը կարեւոր է, որովհետեւ մեծ դեր ունի մանուկներուն յուզականութեան զարգացման մէջ, սակայն մանուկին ունեցած վախին չափ կարեւոր է նաեւ ծնողքին արձագանգը այդ վախերուն նկատմամբ: Շատեր անմիտօրէն անտեսելով վախին ազդեցութիւնը՝ այդ վախերուն նկատմամբ «ժամանց»ի պահեր կը փորձեն ստեղծել, շատ անգամ անտեղի վախ կը պատճառեն եւ չես գիտեր ինչու այդ մէկը կ՚անուանեն խաղ, մոռնալով որ վախը մեծ ազդեցութիւն ունի երեխային ունակութիւնները զարգացնելու կարեւոր գործին մէջ:
Այժմ խօսինք վախի հիմնական պատճառներուն մասին:
Վախի առաջին պատճառներէն մին մանուկներուն ունեցած «փորձառութիւններ»ն են. անոնք տակաւին կեանքին հանդէպ խակ ըլլալով շատ մը երեւոյթներու հանդէպ անծանօթ կը մնան եւ որոշ ժամանակ կը պահանջէ վարժութիւն ձեռք ձգելը. անոնք մինչեւ հասկնան երեւոյթներուն լաւ կամ վատ ըլլալը, միշտ որոշ վախ մը կ՚ունենան. խօսինք օրինակով. պատկերացուցէք որ տան մէջ հօր տարեդարձը անակնկալով պիտի տօնուի. տան բոլոր լոյսերը կը մարեն եւ կը սպասեն հայրը տուն վերադառնայ։ Հազիւ հայրը ներս մտնէ, բոլորը միասնաբար բարձր կոչերով տարեդարձը կը նշեն. այս երեւոյթը մանուկին համար որոշ ժամանակ կը պահանջէ հասկնալու համար, թէ ուրա՞խ երեւոյթ է այդ մէկը՝ թէ տխուր եւ այդ հասկնալու ընթացքը վախի մթնոլորտի մը մէջ կ՚անցնի եւ այդ է պատճառը, որ նման դէպքերու դիմաց շատ մը մանուկներ կրնան լալու սկսիլ:
Մանուկը վախի առաջնորդող ազդակներէն մին իր ունեցած երեւակայական աշխարհն է: Անոնք վախի ազդեցութիւնը շատ անգամ կը սորվին մանկական ժապաւէններու ճամբով. անոնք կը տեսնեն, թէ ինչպէս իրենց «հերոս»ը կը վախնայ, կը կռուի, կը ջղայնանայ, կ՚ուրախանայ եւ գրեթէ բոլոր զգացումներուն մարմնաւորումը կը գտնեն այդտեղ: Իրենց երեւակայութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի անոնք իրենց երեւակայական աշխարհին մէջ մարմնաւորեն իրենց «հերոս»ը եւ երեւակայութեամբ կը սկսին կռուիլ եւ կը փորձեն ապրիլ բոլոր այն պատահարները՝ ինչ որ իրենց հերոսը ապրած է: Անոնք իրենց երեւակայութեան մէջ կը տեսնեն հրէշներ եւ ուրուականներ, սակայն իրական կեանքին մէջ ո՛չ ուրուական եւ ո՛չ հրէշ տեսած ըլլալնուն պատճառով՝ այդ ժապաւէններու լոյսին տակ կ՚երեւակայեն այդ բոլորը:
Որոշ ժամանակ ետք մանուկներուն մօտ կը կազմուի բաժանումի վախը. օրինակի համար, անոնք կը սկսին լալու, երբ մայրը տունէն հեռանայ՝ նոյնիսկ հինգ վայրկեանով: Շատ անգամ դրացիներ ու ազգականներ կու գան ու մանուկը սիրելու համար հօր կամ մօր գիրկէն կը բաժնեն. մանուկը կը սկսի լալու եւ այդ պահուն կը կարծուի, թէ մանուկը զինք սիրել փորձողէն վախցաւ։ Իրականութեան մէջ ո՛չ թէ սիրողէն վախցաւ, այլ մօրը կամ հօրը գիրկէն բաժանումէն վախցաւ: Վստահաբար այս մէկը իւրաքանչիւր մանուկի մօտ տարբեր դրսեւորում կ՚ունենայ, սակայն ընդհանուր պատկերին մէջ վախի մեծագոյն պատճառներէն մին կորուստի վախն է:
Մանուկի վախի պատճառներէն մին անսպասուած շարժումներն են. մանուկը սովոր չէ երեւոյթները արագ ըմբռնելու եւ հասկնալու, այդ իսկ պատճառով ամէն երեւոյթ կամաց վիճակով փորձել կ՚ուզէ: Օրինակի համար, կը տեսնէ շունիկ մը եւ մօտենալով կ՚ուզէ սիրել. եթէ շունը յանկարծ արագ շարժումով իր մօտ մօտենայ՝ նոյնիսկ խաղալու նպատակով, այդ մէկը իր մօտ վախ կը ստեղծէ, որովհետեւ ան տակաւին չունի այն արագ որոշում կայացնելու կարողութիւնը՝ հասկնալու համար լաւ կամ վատ ըլլալը: Այդ իսկ պատճառով ծնողքը պարտի գրեթէ բոլոր երեւոյթներու վարժութիւնը փոխանցել մանուկներուն:
Մանուկներուն վախ կը պատճառէ ծնողներուն հոգեկան վիճակը. անոնք լաւապէս կռիւը պարզ խօսակցութենէն զանազանելու կարողութիւնը ունին. անոնք կրնան զգալ տան մէջ տիրող մթնոլորտը: Եթէ երկրին մէջ պատերազմական մթնոլորտ կայ եւ ծնողքը վախի մէջ է, բնականաբար մանուկը կ՚ըմբռնէ եւ ինք եւս վախի մէջ կը յայտնուի, այդ իսկ պատճառով յաճախ կ՚ըսենք, թէ ծնողքը պէտք է ամէն պարագայի խաղաղութիւն ու հանգստութիւն սերմանէ մանուկին մէջ՝ նոյնիսկ պատերազմի ամենէն վտանգաւոր վիճակներուն:
Շատ մը վախեր ալ կրնան ի ծնէ գոյութիւն ունենալ. օրինակ՝ կայ մանուկ, որ բարձրութեան հանդէպ վախ չունի, իսկ մանուկ՝ որ բարձրութենէն ահաւոր ձեւով կը վախնայ: Իրականութեան մէջ շատ անգամ այդ մէկը մարդկային կազմուածքէն կու գայ եւ կրնայ ամբողջ կեանք մը այդպէս շարունակել:
Վերջապէս վախի պատճառներէն մէկը մանուկին կեանքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններն են. օրինակ՝ մանուկը կը վախնայ, երբ առաջին անգամ դպրոց երթայ. կը վախնայ, երբ իր դպրոցը փոխեն, որովհետեւ ամէն նոր շրջանակ իրենց համար նոր մարտահրաւէր եւ հետեւաբար նոր վախի պատճառներ կը բերէ:
Ծնողներ պէտք է լաւապէս հասկնան, որ վախը մանուկը վնասելու մեծ կարողութիւն ունի. մանուկը կրթելու միջոցը վախը չէ. վախը չի դաստիարակեր. վախը պարզապէս մանուկին կը սորվեցնէ, թէ ինչ բանը մայրը ջղային կը դարձնէ եւ ինչ բանը ո՛չ, սակայն ճիշդի ու սխալի հասկացողոթիւնը չի ցաներ անոնց մէջ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ (Բ.)
Հարցում.- Մարդ արարածը մինչեւ քանի՞ տարեկան պէտք է ապրի:
Պատասխան.- Մարդու կեանքի երկարութիւնը պայմանաւորուած է անոր ապրելակերպէն, շրջակայ միջավայրէն, առողջական եւ բնածին ժառանգական վիճակէն: Միջին հաշուով, մարդոց կեանքի տեւողութիւնը 70-80 տարեկանի միջեւ է: Յամենայնդէպս շատեր այս միջինէն աւելի երկար կ՚ապրին՝ շնորհիւ բարելաւուած առողջապահական խնամքի, աւելի լաւ կենսական պայմաններու եւ առողջ ապրելակերպի շնորհիւ, իսկ ուրիշներ կրնան շատ աւելի շուտ մահանալ:
Դժուար է պատասխանել այն հարցին, որ մարդ արարածը մինչեւ քանի տարեկան պէտք է ապրի, որովհետեւ անձէ անձ կրնայ տարբերիլ: Ձգտեցէ՛ք երկար եւ առողջ կեանքի՝ առաջնահերթութիւն տալով հաւասարակշռուած սննդակարգին, կանոնաւոր վարժութիւններուն, ջղայնութեան ու սթրեսի կառավարմամբ, լաւ քունի եւ բժշկական կանոնաւոր ստուգումներու շնորհիւ:
Լիարժէք կեանքով ապրիլը աւելի կարեւոր է, քան որոշ տարիքի վրայ կեդրոնանալը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 01/16/2025
- 01/16/2025