ՊԱԼԱԹ ԹԱՂԻ ԵՐԵՒԵԼԻ ԱՆՁԵՐ
Պալաթ, իր եւ շրջակայ թաղերու ուսումնավայրերով, Պոլսոյ «Quartier Latin»ը եղած է, ազգին պարգեւած դպիր, պատուելի, ուսուցիչ եւ պատրիարքներով՝ որոնք պատկառելի թիւ մը կը կազմեն։
1790-ի շրջաններուն՝ Մկրտիչ ամիրա (Շնորհք), ինչպէս Պոլսոյ միւս, նոյնպէս Պալաթի թաղին մէջ դպրոց մը կը հիմնէ։ 1873-ին, պատմաբան եւ գիտուն պալաթցի Սարգիս դպիր Յովհաննէսեանի մանկատունը նշանաւոր եղած է։ Կարապետ Պատրիարք Պալաթեցի (Կարապետ Գ. Պալաթեցի. 1823-1831) մասնաւոր հոգածութիւն մը ցոյց տուած է դպրոցներու եւ դպրոցական ուսեալ մտաւորականներու հանդէպ։ 1824 յուլիս 10 թիւ պատրիարքական Կոնդակով մը՝ Պոլսոյ եւ գաւառի վիճակաւոր առաջնորդներուն կը յանձնարարէ. «հաստատել դպրոցս, ի կրթութիւն մանկանց Եկեղեցւոյ»։
1828-ին, Կարապետ Պատրիարք կը հաստատէ առաջին Ուսումնական խորհուրդը, որուն կ՚անդամակցէին «մի քանի հմուտ վարդապետներ եւ աստուածաբան Գրիգոր Փէշտիմալճեան պատուելի։ Այսպէս, կրթական բոլոր հաստատութիւնները՝ Պոլսոյ եւ գաւառի, կը դրուէին Ուսումնական խորհուրդի, այն է՝ ուղղակի՛ Պատրիարքարանի հսկողութեան տակ։
1830-ին, Կարապետ Պատրիարքի կողմանէ վաւերացուած, 10 յօդուածէ բաղկացեալ «բարեկարգութեան կանոնագիր» մը կը գծէ մի առ մի, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներու պարտականութիւնները։
Այս ուսումնասէր պալաթցի Պատրիարքը, 1823 հոկտեմբեր 14-ին պատրիարք կ՚ընտրուի, յաջորդելով Պօղոս Ա. Ադրիանուպոլսեցի Պատրիարքին (1815-1823), որուն սիրական ձեռնասունն էր։ Պօղոս Պատրիարք, իր մատէն հանելով պատրիարքական մատանին, կ՚անցընէ ձեռնասունին մատը, եւ մատուցանելով նաեւ գաւազանը՝ կը նստեցնէ պատրիարքական աթոռին վրայ, ու ինք կը քաշուի Սկիւտար, Ս. Խաչ եկեղեցին։
Կարապետ Պատրիարք, ութը տարի պատրիարքութիւն ընելով (1823 հոկտեմբեր 6-1831) կը հրաժարի ամիրաներու որոշումով, եւ իբր Երուսաղէմի միաբան, Պօղոս Պատրիարքին պէս, կը մեկուսանայ Սկիւտար Ս. Խաչ եկեղեցին՝ հոն վախճանելով 1850 յուլիս 31-ին, կը թաղուի տեղւոյն գերեզմանատունը։
Կարապետ Պատրիարքը ծնած է Պալաթ, 1763-ին։ Թաղին վարժարանը ուսանելով, գացած է Երուսաղէմ ու հոն կուսակրօնութիւն ընդունած։ Պոլիս եկած է, իր ծննդավայրը, երբ իր հոգեւոր տէրը, Պօղոս Եպիսկոպոս պատրիարքութեան աթոռը գրաւած՝ պէտք ունէր իր ձեռնասունին աջակցութեան։ Իբր հեղինակութիւն «Լապտեր Հաւատոյ» անուն գիրք մը գրած է։ Իր պատրիարքութեան օրով, այն է՝ 1827-ին տեղի ունեցած հայ կաթողիկէներու աքսորը։ Այս կէտն է որ քիչ մը յոռի տպաւորութիւն թողած է։ Սակայն իբր ուսեալ եւ ուսումնասէր Պատրիարք, շատ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ Պոլսոյ պատրիարքներու շարքին մէջ։
Կարապետ Պատրիարք, 1830 նոյեմբեր 1-ին, մինչ հիւր կը գտնուէր իր ծննդավայր թաղը, ուր եկած էր Ս. Հրեշտակապետի տօնախմբութեան առթիւ, կրօնական պատուիրակութեան մը կողմանէ կը հրաւիրուի Խասգիւղ, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիմնաքարերուն օծումը կատարելու համար։ Հետեւեալ օրը սիրայօժար պատասխանելով խասգիւղցիներու հրաւէրին, կը հիւրընկալուի Աբրահամ ամիրայի տունը։ Անկէ թափօրով մը, հանդիսաւորապէս կ՚առաջնորդուի եկեղեցի, եւ կը կատարէ 16 հիմնաքարերու (յանուն Երկոտասան Առաքելոց եւ Չորս Աւետարանիչներու) օծումը, ապա կ՚իջուցուին տաճարին հիմերուն մէջ։
Իր ծննդավայրը թաղի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ օծումին, Սկիւտարէն մասնաւորաբար կու գայ եւ Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքին (Ստեփանոս Բ. Աղաւնի Պրուսացի. 1831-1839/1840-1841) հետ կը մասնակցի օծման արարողութեան։
Հակառակ այնքան բազմազբաղ պաշտօնին, ան հետաքրքրուած է ջերմապէս իր թաղի՝ Պալաթի գործերով, եւ ի պահանջել հարկին օգտակարապէս ծառայած անոր։ Ասոր իբր գործնական ապացոյց՝ իր «կարեւոր կտակը»՝ Ս. Հրեշտակապետի անուան՝ որուն տոկոսը պիտի յատկացուէր թաղին քահանայական դասուն եւ քարոզիչներուն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 3, 2023, Իսթանպուլ