Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՊԷՅՔՈԶԻ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Այսպէս, թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկացուցին, թէ նոյեմբերի 25-ին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը եւ խնդրեցին, որ ան նախագահէ կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններուն։ Ի միջի այլոց անոնք փոխանցեցին նաեւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ ի նպաստ տարուած գործունէութիւնը։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց վարչայիններուն աշխատանքները եւ գոհունակութիւն յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներուն համար։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2023