ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Ա.)

ՆԱԽԱԲԱՆ

Մարդկային պատմութեան  ընթացքին՝ սկսած նախամարդէն մինչեւ մեր օրերը, ամուսնութիւնը ունեցած է իր յատուկ ու ուրոյն տեղը, որով դարեր շարունակ ապահովուած է ցեղախումբերու եւ ազգերու գոյութեան ընթացքը: Ամուսնութիւնը հի՛ն է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը եւ այնպէս ինչպէս այսօր մեր հասարակութեան համար, նոյնպէս նախամարդուն համար կենսական նշանակութիւն ունեցած է, առանց որուն այսօր գոյութիւն չէինք ունենար:

Նոյնիսկ նախնադարեան շրջաններուն մարդիկ այնքա՛ն կարեւորած են ամուսնութեան դերն ու տեղը ընկերային կեանքին մէջ, որ նոյնիսկ իրենց Դիցաբանութեան մէջ ստեղծած են իրենց սիրոյ եւ ամուսնութեան չաստուածները, սէրն ու ամուսնութիւնը նոյնքան կարեւոր դասելով՝ ինչքան միւս տարրերն ու աստուածացուած երեւոյթները:

Գրեթէ ամէն հասարակութիւն ու դիցաբանութիւն հաւատացած է, թէ ամուսնութիւնը երկնային ուժերու՝ աստուածներու կողմէ «օրհնութիւն» է. ձախողուած ամուսնութիւն մը աստուածներու կողմէ տրուած անէծք ու պատիժ կը նկատուէր եւ մարդիկ ամէն ձեւով կը կարեւորէին ամուսնական կեանքը՝ չվշատեցնելու համար աստուածները: Գրեթէ ամէն նախնական քաղաքակրթութիւն ունեցած է իր սիրոյ եւ ամուսնութեան աստուածը, եւ շատ անգամ պատմութիւնը կը փաստէ, որ անոնց թիւը եղած է մէկէ աւելի. զոր օրինակ՝ պարսկական դիցաբանութեան մէջ գոյութիւն ունեցած է Անահիթա (Anahita) աստուածը (կիներու, ամունութեան եւ ծննդաբերութեան աստուած), յունական դիցաբանութեան մէջ՝ Աֆրոտիթը (Aphrodite. Սիրոյ եւ սեռային յարաբերութեան աստուած): Չինական դիցաբանութիւնը ունեցած է աւելի քան տասնմէկ սիրոյ աստուածներ, եգիպտականը՝ չորս, հնդկականը՝ երեք եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել:

Հայ ժողովուրդի դիցաբանութեան մէջ եւս գոյութիւն ունեցած է սիրոյ եւ ամուսնութեան աստուածներ, որոնցմէ յայտնի են մեզի Անահիտ եւ Աստղիկ դիցուհիները (կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, Անահիտ եւ Աստղիկ դիցուհիները կը ներկայացուին որպէս քոյրեր): Ըստ դիցաբանութեան՝ Անահիտ եղած է պտղաբերութեան, արգասաւորութեան եւ ծննդաբերութեան աստուած, իսկ Աստղիկ՝ ջուրի, սիրոյ ու գեղեցկութեան աստուած: Իրականութեան մէջ Անահիթա, Աֆրոտիթ, Անահիտ, Աստղիկ եւ բազմաթիւ ուրիշ անուններ թէեւ անուանապէս տարբեր, սակայն նոյն պաշտօնին կը ծառայեն:

Դիցաբանական գետնի վրայ աւելիով կարեւորելու համար ամուսնութիւնը, հին քաղաքակրթութիւններ աստուածները եւս իրարու հետ ամուսնացած կը համարէին. այսպէս՝ հայկական դիցաբանութեան պատերազմի, քաջութեան ու յաղթանակի աստուածը՝ Վահագն ամուսնացած էր Աստղիկին հետ։ Յոյն դիցաբանութեան մէջ Հերակլես ամուսնացած էր Տէրենիրա դիցուհիին հետ (յունական դիցաբանութեան համաձայն Հերակլես եւ Աքելոս աստուածները Տէրենիրա դիցուհիին հետ ամուսնանալու համար մինչեւ իսկ կռուած են միմեանց հետ):

Քաղաքակրթութիւններու հետ միասին զարգացած է նաեւ ամուսնութիւն հասկացողութիւնը. իւրաքանչիւր ընկերութիւն ունեցած է ամուսնութեան մասին իր ըմբռնումը, համոզումներն ու օրէնքները։ Նախապէս սակայն սէրէն աւելի ամուսնութեան հիմնական նպատակը եղած է սերունդներու շարունակականութիւնն ու ժառանգութեան խնդիրը, որովհետեւ ամուսնութենէն ընտանիք, իսկ ընտանիքէն ժողովուրդ մը ծնունդ կ՚առնէ եւ այս ամուսնութեան շաղկապով է, որ կը գոյաւորուի մարդկութիւնը:

Սակայն պարագան տարբեր է այսօր. ամուսնութեան նպատակը պարզապէս զաւակ բերել եւ ապագայ սերունդներ ապահովելէ տարբեր է. այսօր ամուսնութիւնը իր մէջ ունի նաեւ վերացական արժէքներ. օրինակ՝ սէրը, վստահութիւնը, անկեղծութիւնը, անձնուրացութիւնը եւ բազմաթիւ այլ բարոյական արժէքներ, որոնք ամուսնական կեանքի սիւնը կը կազմեն:

Պարզ թուացող սիրոյ եւ ամուսնութեան երեւոյթը, իրականութեան մէջ առեղծուած մըն է. մարդկային պատմութեան ընթացքին ստուարաթիւ աշխատութիւններ շարադրուած ու խմբագրուած են եւ վստա՛հ եղէք, որ այնքան ատեն որ մարդկութիւնը գոյութիւն ունի աշխարհիս երեսին, անվերջ քննարկման եւ հետազօտման նիւթ պիտի դառնայ: Վստահ ենք, որ աշխարհի վրայ չկայ նիւթ մը՝ որ այնքան ուսումնասիրուած ըլլայ՝ ինչքան սէրն ու ամուսնութիւնը. վկայ հի՛ն մատենագիտական աշխատութիւնները։

Այս ուսումնասիրութեան շրջանակէն ներս պիտի ուսումնասիրենք ամուսնական կեանքը, որ մարտահրաւէրներով, բարոյական եւ մարդկային դժուարութիւններով եւ պէսպէս ելեւէջներով լեցուն ճանապարհորդութիւն մըն է: Մեր նպատակն է խորհրդածել ամուսնական կեանքի դիմագրաւած քաղցր, սակայն միաժամանակ կնճռոտ ընթացքին մասին, հիմնուելով մարդկային եւ բարոյական սկզբունքներու վրայ, լաւապէս գիտակցելով, որ ամուսնութիւնը աւելին է քան երկու զոյգերու միատեղ ապրիլը:

Այս աշխատութիւնը անհրաժեշտ կը նկատենք, որովհետեւ այնպէս ինչպէս ծնողք դառնալը, նոյնպէս կին կամ ամուսին դառնալը որոշ պատասխանատուութիւն եւ գիտութիւն կ՚ենթադրէ եւ այս պարագային եւս ունինք դժբախտութիւնը, որ մարդկային կեանքին մէջ այսքան կարեւոր տեղ գրաւող նիւթ մը դուրս կը մնայ մեր կրթական ծրագիրէն. ամուսնական կեանքի դաստիարակութեամբ է, որ մեր այսօրուան պատանիները հասակ առնելով իրենց ընտանիքները պիտի կազմեն եւ այդ ընտանիքներէն հասակ պիտի առնէ մեր ազգը դէպի ապագայ առաջնորդող սերունդը եւ հետեւաբար առողջ ընտանիք մը, ինքնաբերաբար առողջ ապագայ պիտի ապահովէ, իսկ առողջ ընտանիք մը ունենալու համար պէտք է ունենալ առողջ ամուսնական կեանք, հասկացողութիւն ու ըմբռնում:

Մեր մաղթանքն է, որ նորապսակ զոյգեր, ինչպէս նաեւ ամուսնութեան պատրաստուողներ ժամանակ յատկացնեն չափազանց կարեւոր այս նիւթերուն մասին խորհրդածելու եւ խոկալու, որովհետեւ ամէն զոյգ չի յաջողիր ընտանիք դառնալ. ընտանիք դառնալու համար պէտք է ընկալել ընտանիք հասկացողութիւնը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ինչո՞ւ համար ծովը կապոյտ կը տեսնենք, երբ ջուրը գոյն չունի:

Պատասխան.- Ծովը կապոյտ տեսնելը պայմանաւորուած է ջուրի կողմէ արեւի լոյսի արտացոլացումով: Ծովը իրականութեան մէջ կապոյտ գոյն չունի. ջուրը թափանցիկ է. կապոյտ գոյնը պարզապէս լոյսի ցրման արդիւնքն է:

Արեւի լոյսը բաղկացած է տարբեր գոյներէ. գիտական բացատրութեամբ՝ երբ արեւի լոյսը կը թափանցէ ջուրին մէջ՝ կարմիր, դեղին եւ նարնջագոյն լոյսը կը ներծծուի ջուրին կողմէ, գերակշռութիւն տալով կանաչ եւ կապոյտ գոյներուն:

Արեւի լոյսին զօրութիւնը, ջուրի խորութիւնը եւ արեւին անկայունութիւնը կրնան ազդել կապոյտ գոյնին վրայ. տարբեր գործօններու ազդեցութեամբ, որոշ տեղեր ծովը եւ կամ լիճը կանաչ կը տեսնենք, որ կրնայ նոյնիսկ յատակի գոյները ըլլալ, սակայն արեւը մեծապէս դեր ունի ջուրի գոյնի փոփոխութեան մէջ:

(Մենք յաճախ կը կարծենք, թէ ծովը կապոյտ կը տեսնենք՝ որովհետեւ երկիրնքը կապոյտ է, սակայն արհեստական բանականութիւնը կը բացատրէ, որ իրականութեան մէջ երկինքը եւս անգոյն է. կապոյտ կը տեսնենք արեւի ճառագայթներուն շնորհիւ. եթէ այդ ճառագայթները չըլլան՝ երկինքը սեւ կը տեսնենք։ Հետեւաբար թէ՛ ջուրը եւ թէ երկիրնքը կապոյտ կը տեսնենք, որովհետեւ արեւի ճարագայթներուն մէջ գոյութիւն ունի կապոյտ գոյնը, որ աւելի գերիշխող է քան միւս գոյները):

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2023