ՓԱ՛ՌՔ ՍՐԲՈՒՀԻ ԱՅՏԱՅԻՆ
Յաճախ կը գրենք ու կը քննադատենք, որ մեր ազգը չի գիտեր գնահատել իր մեծերն ու արժէքները եւ վստահաբար անոնցմէ մէկն է Այտան (արդէն շատերու համար Սրբուհի Այտա), որ այժմ կ՚ապրի Երեւանի փողոցներուն մէջ:
Եթէ ձեր կեանքին մէջ կ՚ապրիք ձախողութիւններ, նիւթապէս ոչ կայուն վիճակի մը մէջ կը գտնուիք եւ կամ ձեր սիրած անձը ձեզ չի սիրեր... կրնաք վստահ ըլլալ, որ պատճառը Այտայի բացակայութիւնն է, որովհետեւ սրբուհիին «բարեխօսութեամբ» մէկ շաբթուայ մէջ կարելի է հարստանալ, իսկ միւս շաբաթ դուք ձեզ Սուրբ Խորանին դիմաց կը գտնէ՛ք «Տէր եմ» կամ «Հնազանդ եմ» ըսած ժամանակ:
Ցաւ ի սիրտ, նման բարեխօսութեան աղօթքներ կարելի չէ գտնել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մաշտոցին եւ կամ Պատարագամատոյցին մէջ, սակայն Սրբուհի Այտան եկած է լեցնելու այդ պարապը՝ «հաւատացեալներ»ուս տալով այն՝ ինչ որ Հայրն Աստուած չի ցանկար տալ: Եւ եթէ դո՛ւք ալ որպէս «հաւատացեալ» կ՚ուզէք արժանանալ Սրբուհիին «բարիք»ներուն, խաչակնքուելով պէտք չէ բաւարարուիլ. մեր օրերուն ամէ՛ն բան ունի իր գինը. բարեխօսութեան գնացանկը հետեւեալն է.-
Ապագայի կանխատեսում.- 3.000 դրամ (7.44 տոլար)
Բախտ բանալ.- 10.000 դրամ (24.80 տոլար)
Զոյգերու հաշտեցում.- 15.000 դրամ (37.20 տոլար)
Մաքրութիւն եւ ազատում.- 15.000 դրամ (37.20 տոլար)
Նիւթականի կարգաւորում.- 20.000 դրամ (49.60 տոլար)
Եթէ նիւթապէս անկարող էք այս բարեխօսութիւնները ընդունիլ... երբե՛ք չնեղուիք, որովհետեւ սրբուհին ժամանակ առ ժամանակ զեղչեր կատարելով կը զարմացնէ «հաւատացեալ»ներս եւ յատուկ զեղչով մը երեքը իրարու հետ մէկ գինով կը կատարէ, իսկ երիտասարդ «հաւատացեալ»ներու համար կը գործէ ուսանողական զեղչ մը. Քրիստոսի առաքեալները անգամ այսքա՛ն յստակ ու ցանկագրուած բարիքներու ցանկ չյայտնեցին ժողովուրդին..., որոնք գուցէ այնքան հաւատացեալ չէին՝ քան Սրբուհի Այտայի հետեւորդները: Եւ մի՛ մոռնաք... Սրբուհի Այտան կը խոստանայ 100 առ հարիւր տոկոսանոց երաշխաւորութիւն:
Գուցէ շատեր առարկեն, ըսելով, որ անձի մը սրբութիւնը ճշդելու համար պէտք են փաստեր... Սրբուհի Այտան այդ մէկը եւս մտածած ըլլալով իր «հաւատացեալ»ներուն կը մօտենայ փաստերով. վերոյիշեալ բարեխօսութիւններէն օգտուող հաւատացեալ աղջնակ մը կը գրէ.
«Սիրելի Այտա Քոյրիկ (սուրբերուն քոյրո՞վ ալ կը դիմեն) ձեր գիրի շնորհիւ բախտս բացուեցաւ, ամուսնացայ եւ արդէն մէկ ամիս յետոյ Եւրոպա պիտի երթանք. այդ ինչպէ՞ս յաջողեցաք... երազանքս կ՚ապրիմ. աւելին՝ երազներէս ալ աւելի քաղցր...»:
Մարդ ինչքա՜ն անհաւատ պիտի ըլլայ, որպէսզի չհաւատայ այս աղջկան անմեղ երազանքներուն եւ Սրբուհի Այտայի ամենազօրութեան: Եթէ իրապէս ծայրայեղ անհաւատ էք, տանք եւս երկու փաստ, որոնք գուցէ ձեզ հաւատացեալ դարձնեն. աշակերտուհի մը կը գրէ.
«Տիկին Այտա, այսօր քննութեանս 18 ստացայ. ո՛չ ոք չէր հաւատար որ նման նիշ կրնամ բերել. դասերէն ո՛չ մէկ բան գիտէի, սակայն մարդու մը բան մը չըսի: Շատ շնորհակալ ու զարմացած եմ... ձեր իմ բախտ բանալէ ետք կեանքիս մէջ ամէ՛ն բան ուզածիս պէս կ՚ընթանայ»:
Կարելի չէ չյուզուիլ եւ չհաւատալ. Սրբուհի Այտայի համար քննութեան հարցերու պատասխանը փոխանցելը ի՞նչ է որ... ամենապարզ սուրբը անգամ պիտի կարենայ ընել այդ բոլորը:
Ու հիմա մեծ ափսոսանքով կը յիշեմ Պետրոս Դուրեանը՝ որ իր սիրած աղջկայ կողմէ սիրուած չըլլալու վիշտով հեռացաւ աշխարհէն... Այդ անխիղճ Թերեզան էր ըսողը «Այնքան գունատ է, որ ինձ պէտք չէ... շուտով կը մեռնի» եւ գուցէ այս խօսքին համար ալ մեռաւ...: Է՜հ, Դուրեան ինչ գիտնար Սրբուհի Այտայի մասին, որ իր մահէն ետք լոյս աշխարհ պիտի գար. եթէ ըլլար Սրբուհի Այտան, Դուրեանի «Տրտունջ»ը կրնար ընդհանրապէս չգրուիլ. չի գրեր «Իմ մահը», «Իմ ցաւը». գուցէ այդ լճակը երբեք ապշած չըլլար:
Այս բոլորէն ետք եթէ տակաւին կան կասկած Սրբուհի Այտայի զօրութեան մասին, ահաւասիկ վերջի՛ն փաստ մը. իր ամուսնոյն կողմէ բռնութեան ենթարկուած կին մըն է գրողը.
«Բարեւ Այտա տոտաս, այս ինչ ուժեղ գիր ըրած ես... եկած ոտքերս ինկած է, կարծես թէ ինքը չէր 15 օր առաջ տունէն դուրս դնողը: Դուք հզօր էք, բոլորին խորհուրդ կու տամ. ես չէի հաւատար, բայց հիմա ապշած եմ պարզապէս...»:
Այս բոլոր խոստովանութիւնները լսելէ ետք եթէ տակաւին կը կասկածիք Սրբուհի Այտայի ուժին... թող գեհենի կրակը ձեր բաժինը դառնայ:
Հիմա արդէն լուրջ մտածումի մէջ եմ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը տանելու Սրբուհի Այտային մօտ, որպէսզի բանայ բախտը նաեւ մեր ազգին. գուցէ յաջողի փրկել մեր լեզուն, մշակոյթը. մի քանի տարիներ առաջ գիտնայինք Սրբուհի Այտայի գոյութիւնը... գուցէ պատերազմը եւս յաղթանակով աւարտէին... երնէ՜կ մեր ազգին, որ նման սուրբեր կը ծնի։ Ամէ՛ն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհի պատմութեան մէջ ի՞նչ տարօրիակ դէպքեր արձանագրուած են:
Պատասխան. Ա.- Աշխարհի ամենէն երկար մօրուքը.- 1912 թուականին Հանս Լանկսէթ ճանչցուած է աշխարհի ամենէն երկար մօրուք ունեցող մարդը. այդ օրերուն անոր մօրուքին երկարութիւնը եղած է 5.33 մեթր երկարութեամբ։
Բ.- Աշխարհի ամենէն երկար ապրող կատուն.- 2005 թուականին Քրեմ Փուֆ անունով կատուն ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամենէն երկար ապրող կատուն. այդ օրերուն ան եղած է 38 տարեկան:
Գ.- Աշխարհի ամենէն երկար ելոյթը.- 2019 թուականին Վինոտ Քումար Չոտարի ունեցած է աշխարհի ամենէն երկար ելոյթը, առանց դադարի խօսելով 48 ժամ, 15 վայրկեան եւ 58 երկվայրկեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024