ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Գալֆաեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Ամանորի հանդէս մը, որու բոլոր մասնակիցները բարձր տրամադրութեամբ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Հիւրերու շարքին էին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճու, Գալֆաեան տան բազմամեայ բարերարուհի Մարգրիտ Աթմաճա, կրթական մշակներ, այլ համակիրներ, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։ Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունա եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լիէնա Կիւլնէրի։ Շնորհաւորութեան խօսք մըն ալ արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Տղաքը իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Հուսկ, տէր հայրը արտասանեց օրհնութեան խօսք մը։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, բոլորի ծափողջոյններուն ներքեւ Ամանորի առթիւ պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ՝ մինչ բոլորի մաղթանքն էր, որ Նոր տարին ըլլայ բարեբեր։