ՍՈՒՐՃԻ ՊԱՀԸ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ ԿԱՄ ՅՈՅՍՈՎ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Քանի-քանի՜ անգամներ ուզեցի պոռալով կրկնել նահատակ մեր բանաստեղծ Սիամանթոյին խօսքը. «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թո՛ղ որ թքնեմ քու ճակատիդ»։
*
Գրեթէ երկու-երեք տարիէն աւելի, համավարակի պատճառաւ կարօտ մնացինք կիրակնօրեայ «Սուրճի պահին». ժամուորները ընկերային մթնոլորտի մէջ համախմբելու նպատակով սովորաբար ամէն եկեղեցի պատարագէն ետք կը պահպանէ այդ հիւրասիրութեան ձեւը։
Ամէն ձեւով օգտակար պահ մըն է թէ՛ ստամոքսները լիացնելու եւ թէ ծանօթ-բարեկամ տեսնելու կարելիութիւն ստեղծելու, հոգեհանգիստ խնդրածներուն անձամբ ցաւակցութիւն յայտնելու, «երկու բառ» փոխանակելով «հալ-քէֆ» իրարու որպիսութիւնը հարցնելու եւ ամենէն կարեւորը՝ «մարդու երես տեսնելով» հոգեպէս լիանալու։
Սուրճի պահը եկեղեցական արարողութենէն ետք նաեւ հանգիստի պահ մըն է։ Մանաւանդ՝ անոնց համար, որոնք հեռու տեղերէ, նուազագոյնը կէս ժամ քշելով կու գան եւ հաւատացեալօրէն ծոմապահութեամբ կը մօտենան հաղորդութիւն ստանալու, անօթի ստամոքսով տուն վերադարձը կրնայ երկար ճանապարհ ենթադրել։
Այո՛, այդ պահը փնտռուած պահ մըն է։ Բաժակ մը սուրճին հետ լիանալու, այս կամ այն ընտանիքի հանգուցեալի հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնելու, ննջեցեալին հոգւոյն համար տրամադրուած տեսակաւոր ուտելիքներէն օգտուելու եւ, անշուշտ, հարազատ-ծանօթ թէ անծանօթ նոր դէմքեր տեսնելով քիչ մը մարդավայել խօսակցելու։
Երբեմն շատ համեստ կ՚ըլլան այդ տեսակի հիւրասիրութիւնները, շատ անգամ ալ շատ առատաձեռն ճաշկերոյթի մը չափ սեղան լեցնող համադամ ուտելիքներով եւ անուշեղէններով բեռնաւորուած կ՚ըլլան։
Անցեալին եթէ մեր կլոր սեղաններուն նիւթերն էին՝ ընտանեկան հարցերը, նորապսակներ կամ նշանուելու թեկնածուները, ապա այս օրերուն շատ-շատ մտահոգութիւններ կան, տեսակաւոր, սրտաճմլիկ հրատապ հարցեր մեզ կը յուզեն։
Սեղանի մը շուրջ համավարակէն պաշտպանուելու համար պատուաստումին հաւատացողներուն եւ թերահաւատներուն տակաւին շատ տաք վիճաբանութիւնները կը շարունակուին՝ մէկը միւսին փաստացի տուեալներով համոզելու ջանքերով հանդերձ։
Մին կ՚ըսէ. «Չեմ ուզեր, որ իմ մարմինիս մէջ օտար նիւթեր մտնեն եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի ըսելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ, այդ պատուստներուն հետեւանքը քսան տարի ետք մէջտեղ կ՚ելլէ»։
Միւսը կ՚ըսէ. «Եթէ քովիտէն դուն այսօր մահանաս, որո՞ւն հոգն է, թէ քսան տարի ետք որո՛ւն ի՛նչ պիտի պատահի»։
-Ամա՜ն, ինչեր կը խօսիք… դուք միայն ձեր անձին մասին կը մտածէք… մէյ մը մտածեցէք այդ հազարաւոր որդեկորոյս հայ մայրերուն մասին։ Կաթին հոտը իրենց բերնին, այտերուն վրայ աղուամազ անգամ չբուսած այդ անուշ երիտասարդներուն կորուստը աչքի առաջ բերէք… միայն դուք ձեր անձին մասին մտահոգուելէ առաջ…
Քովի սեղանին շուրջ հաւաքուածները հարազատներ ունին Սուտանի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։
-Ա՜խ, հէչ մի՛ ըսեր, երէկ հազիւ թէ կրցայ գիծ ունենալ եւ Սուտանի մէջ ապրող տալոջս տղուն հետ կրցայ խօսիլ։ Մայրաքաղաք Խարթում կ՚ապրին, «լաւ ենք» ըսաւ։ Լա՞ւ, բայց ի՜նչ լաւ։ «Տունէն դուրս չենք կրնար ելլել», ըսաւ… Աստուած օգնէ… կամաւոր բանտարկեալներ են, տեսնենք մինչեւ երբ… դեռ ուրիշ ահաւոր լուր մըն ալ տուաւ. տակաւին չեմ կրնար հաւատալ։ Հոն կային մեզի ծանօթ երկու քոյրեր, որոնք վտանգաւոր շրջանի մէջ կ՚ապրէին, մերինները շատ փորձեր են համոզել, որ աւելի ապահով տեղ մը երթան, բայց անոնք չեն համոզուած։ Երկու շաբաթ վերջ երկուքն ալ մեռած գտեր են իրենց տան մէջ, մարդ-մարդասանք չունին։ Գահիրէի առաջնորդէն խնդրեր են, որ միջամտէ եւ կերպով մը դիակները թաղել տան…
-Ամա՜ն, ա՜ախ․ մերիններն ալ Պէյրութ են… անոնք դուրս կրնան ելլել, բայց ի՞նչ օգուտ։ Ի՜նչ սղութիւն, ի՜նչ թշուառութիւն, ո՞ւրկէ դրամ ունենան տոմս գնելու։ Մարդիկ իրենց իսկ արիւն քրտինքով շահած, հաւաքած դրամները ապահովութեան համար դրամատուն դրած են, իրենք իրենց դրամին տէրը չեն, պարապ գրպանով շուկայ կ՚երթցուի՞։ Այդ երեխաները ինչպէ՞ս անհրաժեշտ սնունդ պիտի ստանան, երբ ծնողները իրենք իրենց դրամն անգամ չեն կրնար հանել դրամատունէն։ Կողոպուտ է օրը ցերեկով… եւ աշխարհին հոգը չէ՛…
-Ինչո՞ւ… ե՞րբ աշխարհին հոգը եղած է որ։ Մեր երիտասարդները հազարներով զոհուեցան 44-օրեայ պատերազմին, հարիւրաւոր գերիներ մինչեւ հիմա բանտերուն մէջ կը մաշին, ո՞վ ձայն կը հանէ, ո՞վ պաշտպան կը կենայ, ո՞վ կը պաշտպանէ անոնց դատը։
-Հապա, սիրելիս, անհետ կորսուածներուն մասին ի՞նչ կ՚ըսես։ Ծնողք եղիր ու դիմացիր, կ՚աւելցնէ քովը նստած խարտեաշ մազերով, խնամուած եղունգներով կինը։
-Հապա սա վերջին օրերուն Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն գլխուն եկածին ի՛նչ կ՚ըսես։ Ի՜նչ ըսել է պապենական տունդ տեղդ ձգելով, հարիւր հազարներով գաղթական ըլլաս վրայի հագուստներովդ, միայն ու միայն կեանքդ ազատելու մասին մտահոգուիս։
-Լաւ որ հայրս, մայրս ողջ չեն։ Հալէպի երկրաշարժի ահն ու սարսափը չապրեցան։ Մարդիկ օրերով իրենց տուներէն հեռու, եկեղեցիներու կամ ճաշարաններու մէջ մէկտեղուեցան, ինքնաշարժ ունեցողները ինքնաշարժի մէջ քնացան։ Տասը տարի պատերազմէն քաշածնին չէր բաւեր, մէկ ալ երկրաշարժ մը եկաւ ժողովուրդի հոգին աւելի եւս ցնցելու։ Պատերազմի տարիներուն Հռոմի Պապն իսկ ըսած էր. «Հալէպը նահատակներու վկայարանն է եւ ես պիտի աղօթեմ Հալէպի համար»:
-Է՛հ, որո՞ւ համար պիտի աղօթեն հիմա… Հալէպի՞, Պէյրութի՞, թէ Արցախի ժողովուրդին համար։
Կարծես շշուկով խօսակցութեան մասնակից դարձաւ՝ մինչ այդ ըսուածները լուռ ունկնդրած տիկին մը։
-Ծնողքս մանկութեան տարիներուն այդ գաղթականութեան եւ որբութեան այդ արհաւիրքը ապրած են արդէն։ Հիմա բնաւ պիտի չդիմանային այս եղածներուն։ Հաւատացէք, անցեալին քանի մը առիթներով շատ փափաքած էի, որ ողջ ըլլային ու իրենց աչքով-ականջով վայելէին, տեսած ըլլային իրենց երազած Հայաստանի անկախութեան ուրախութիւնը։ Հիմա պիտի չուզէի, որ այդ շատ յառաջացած տարիքին վերապրէին իրենց մանկութեան արհաւիրքը։
-Հալէ՞պը յիշեցիք, խօսակցութեան մէջ մտաւ քովի սեղանէն ուրիշ տիկին մը, ոտքի՝ սուրճի գաւաթը ձեռքին։ Ես ալ երկու օր առաջ «մէսինճըր»ով խօսեցայ զարմիկիս հետ։ Խեղճը իրենց շէնքին վեց թէ եօթներորդ յարկը կ՚ապրի։ Արդէն ութսուն տարեկան է։ Ըսաւ, թէ մէկ հատիկ տղան գլուխը առեր գացեր է Պէյրութ՝ այն յոյսով, որ վիզա ձեռք պիտի բերէ Գանատա երթալու համար… Ըսաւ, թէ հազիւ շաբաթը անգամ մը կրնայ վար իջնել, որովհետեւ ելեկտրական հոսանքը անորոշ եւ տարբեր ժամերով կ՚ունենան, կը վախնայ, որ վերելակին մէջ մնայ։
Քովի սեղանէն՝ ազատ աթոռ փնտռող ուրիշ տիկին մըն ալ կը մօտենայ տաք խօսակցութեամբ ուշադրութիւն գրաւած սեղանին, որուն շուրջ իրեն ծանօթ տիկին մը տեսնելով կը բացագանչէ.
-Ա՜խ, քա՜… ո՞ւր ես, ձայնդ չ՚ելլեր, խոհանոցիս սեղանի անկիւնդ պատրաստ քեզի կը սպասէ, սուրճդ ալ կրակին վրան է, եռալէն մէկ եղաւ… ինչո՞ւ չես երեւիր…
-Հոգ չէ, ես արդէն սուրճս շատ եռացած կը սիրեմ՝ առանց փրփուրի, ժպիտով կը պատասխանէ մինչ այդ լուռ ունկնդիր եղած տիկինը, հիմա ո՞վ, որո՞ւն տունը կ՚երթայ-կու գայ, որ դուն ինծի ձեր տան մէջ կը սպասես…
-Է՜էհ, ես ալ փրփուրով կը սիրեմ, կ՚աւելցնէ նորեկ տիկինը իր գտած աթոռին բազմելով։
-Գալ շաբաթ դուն սուրճդ փրփուրովդ ա՛ռ, նստի՛ր․ ես ալ իմ սուրճի գաւաթս կ՚առնեմ ու կը նստիմ «ֆէյսթայմ»ով զիրար դիտելով կը խմենք։
Տարբեր տասնամեակներու շրջանին Միացեալ Նահանգներ հաստատուած տիկիններու այս խմբակները ինչե՜ր ունէին պատմելիք ու խօսելիք։
Մեծ մասամբ անցեալ տասնամեակներու ընթացքին ծանօթացած էին, զանազան մշակոյթներէ գաղթած, ովկիանոսներէն անդին եկեր, հասեր էին հոս. Իրաք, Պարսկաստան, Սուտան, Սուրիա, Պոլիս, Լիբանան թէ Պուլկարիա։ Կենդանութիւն կ՚առնէին կարծես հոս իրենց երազային աւանդութիւններով, մշակութային կեանքով, զաւակներուն յաճախած դպրոցներուն պատմութիւններով։
Գրեթէ բոլորն ալ իրենց կեանքի երանելի առաջին երեսուն տարիները ծննդավայրի մէջ ձգած, դպրոցական տարիքի զաւակներուն ձեռքէն բռնած եկեր, հասեր էին այս «աւետեաց երկիրը»՝ նոր յոյսերով, զաւակներուն աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու ակնկալիքով։
-Ի՞նչ ընենք, մենք ըլլալիքնիս եղեր ենք արդէն, ըսինք գոնէ մեր զաւակներուն ապագան ապահովենք… եղած էր շատերուն գաղթելու բուն պատճառը եւ այս երկրին մէջ հաստատուելու նպատակը։ Որքան դժուար էր իրենց համար այս նոր երկրի նոր պայմաններուն, մշակոյթի հսկայական տարբերութեան հետ հաշտուիլը, ըմբռնելը, զաւակներուն սիրոյն «անդիէն եկածի» կամ «ովկիանոսի միւս կողմէն եկածի» հովերը իրենց վրայէն թօթափելու առօրեայ ապրումները։ Անմիջապէս դասընթացքներու արձանագրուեցան, դպրոցի ծնողական ժողովներուն ներկայութիւն հաստատեցին՝ անցած-դարձածը լաւ մը հասկնալու… զաւակներուն հետ տեղւոյն ապրելակերպով կեանքին պարտադրած ակնկալութիւնները լաւ ըմբռնելու։
Ապագա՞յ ապահովել։ Այո՛, ապագայ։
Հիմա այդ «ապագայ»ն իրենց համար եկեր, անցեր էր։
Չէ՞ք հաւատար…
Մէյ մը նայեցէք… գրեթէ բոլոր սեղանակիցներուն ալ գլուխները Արարատի ձիւնէն ա՛լ աւելի ճերմկած էին հիմա։ Իրենց զաւակներուն ունեցած պարմանիական ըմբոստութիւնը կարծես փոխանցուած էր իրենց։
«Ես այսպէ՛ս կը սիրեմ»ի մտածելակերպով՝ որոշած էին բնաւ չխաբել իրենք զիրենք եւ ոչ ալ շուրջինները՝ ճերմակները ծածկող գոյներու դիմելով։ Ձգած էին, որ բնութիւնը ցուցադրէ իրենց գլխուն վրայ աճող, անվերադարձ տասնամեակներու արագավազ սահանքին հետ մարմնի մէն մի բջիջին մէջ ծուարած, գոյն կորսնցուցած խոնջէնքը։
Ո՜ւր էին այդ օրերը։ Այդ փոքրիկ դպրոցական տարիքի զաւակները հիմա իրե՛նք դարձած էին քառասունը անց ծնողներ… եւ մէկ համալսարանէն միւսը, նահանգէ նահանգ կը վազվզեն՝ գոհացնելու իրենց մէջ արմատացած, համոզումին վրայ յամառօրէն պնդող պահանջկոտ զաւակներուն համալսարանի ընտրութիւնը։ Մին կ՚ուզէր իր ուսումը շարունակել այսինչ նահանգի համալսարանը, որ հինգ-վեց ժամուան ճամբայ է։ Մի՞ւսը, երեք, երրորդը օդանաւով երկու կամ երեք ժամուան հեռաւորութեամբ մէկ այլ նահանգ։ Հապա տարեկան վճարումնե՞րը, առանձին սենեակ կահաւորելու անհրաժեշտ պիտոյքներու շարա՞նը… Մէկ խօսքով տուն փոխադրելու չափ գլխացաւանք պատճառող յոգնութեան հետ ծախսալից վազվզուք մը սկսած էր եւ իրենք մեծ մայր դարձած՝ դիտողի ու լսողի հանգամանքէն անդին չէին կրնար երթալ։
Եկուր եւ համբերութիւն ունեցիր՝ կարծիքդ դուն քեզի պահելու։
Երկիրը՝ հսկայ իր տարածքով, հրապուրիչ անկիւններ շատ ունէր։ «Անունով համալսարան» ընդունուելու մրցակցութիւնը սահման չունէր։ Իսկ զաւակները մատի թեթեւ հպումով մը համակարգիչէն կը ծանօթանային, կը հրապուրուէին, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէին իրենց ծնողներն ալ վարակելու իրենց խանդավառութեամբ։
Է՜հ, մեծ մայր եղիր եւ համբերութեամբ սպասէ, թէ ո՞ր մէկուն եւ ի՞նչ մասնաւոր առիթին պիտի կարենաս ներկայ ըլլալ եւ վայելել թոռնիկիդ յաջողութիւնը կամ վայելել անոնցմէ մէկն ու մէկուն ելոյթը, նկարչական ցուցահանդէսը եւ կամ բժշկական զգեստ հագնելու արարողութիւնը։
-Գալ շաբաթ մեր Լիանան դաշնակի իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ համալսարանի սրահին մէջ։ Ինչպէ՞ս երթալ կամ ներկայ չգտնուիլ։ Լա՛ւ որ սա համակարգիչի «ֆէյսթայմ»ով դիտելու կարելիութիւնը կայ։ Տղաս ըսաւ, որ «պիտի կապէ» մեզի այդ գիծին։ Սիրտէս կ՚երթայ, որ սանկ կուշտ ու կուռ գրկեմ եւ համբուրեմ, կ՚ըսէ ափսոսանքով տիկին Լիլին։
-Է՜հ, ես չխօսիմ ուրեմն, կ՚աւելցնէ տիկին Սեդան, մերինը այս երկրին ամենէն վերը, հիւսիսի ձիւներուն մէջ ուսանելու երթալը ընտրեց։
*
Ահա այսպէս մեր շաբաթները կը սահին, օրացոյցներու տարեթիւերը կը փոխուին ու մենք հայրենի թէ արտասահմանի ցաւերու շարանը այս սուրճի սեղաններուն շուրջ կը թափենք, մենք մեր ցաւովը կ՚ապրինք ու կը փորձենք մխիթարել ու մխիթարուիլ։
Շարժանկար պատրաստելու մասնագիտութիւնը չունիմ, սակայն, շարժանկարային սահանքով ու յաջորդականութեամբ մտային հորիզոնիս վրայ տողանցելու սկսած են անցեալ տարիներու անցուդարձերը։
Անցեալ տարուան ընթացքին ազգովի՛ն մեր շունչը պահած՝ պատմական օրեր ապրեցանք, երբ մեր նախնիներուն տառապանքն ու կորուստը աշխարհի դիւանագէտներու ձեռքին դարձեալ քաղաքական «փինկ-փոնկի»ի սեղանին դրուեցաւ։
Ամիսներով Արցախի մեր քոյր-եղբայրները արգելափակման շրջանի մը մէջ մնացին, զրկուեցան ամենատարրական ապրելակերպի անհրաժեշտ սնունդէ ու բուժումի միջոցներէ։ Քօղարկուած բացայայտութեամբ ամբողջ ժողովուրդ մը սովամահ ընելու միտումով այդ շրջափակումը աւարտեցաւ բռնի տեղահանութեամբ։ Հարիւր հազարաւոր հայորդիներ իրենց պապենական տունն ու կալուածները ետին թողած, միմիայն իրենց կեանքի ապահովութիւնը ունենալու խուճապով հասան Հայաստանի սահմանէն ներս՝ հարիւր հազարաւոր որդեկորոյս մայրերու, այրիներու եւ որբերու աչքերէն նորանոր արցունքի հեղեղներ հոսեցնելով։
Անձնական կեանքի ֆիզիքական թէ հոգեկան դժուարին անակնկալները մէկդի դրած՝ կ՚անդրադառնամ, թէ ազգովի՛ն ինչպիսի տագնապալից տարի մըն է, որ ետին կը թողունք՝ յուսալով՝ թէ կրկնուելու յանդգնութիւնը չունենայ։
Արդեօք պիտի գա՞յ այն օրը, երբ երկիրներու մեծերը, մեր համայնքային մեծերը պիտի սկսին աշխարհին նայիլ խիղճէն ու սրտէն անցնող ոսպնեակի մը ընդմէջէն՝ վճիտ ու գթառատ տեսողութեամբ։ Պիտի կարենա՞ն տեսնել ու սրբագրել բոլոր այն սխալները, որոնք իրենց ե՛սը կը թելադրէ։ Պիտի կարենա՞ն համոզուիլ՝ թէ իրենց տեսողութիւնը խիղճո՛վ պատրաստուած ոսպնեակներու կարօտ է՝ շուրջը տիրող արցունքն ու զրկանքը իրենց ահաւորութեան չափանիշով կարենալ տեսնելու համար։
Բա՛ւ է ալ։ Համայնական անտարբերութեան շապիկը մէկդի դնելով անհրաժեշտ է զգաստանալ։ Թող վերջ տրուին մեր շուրջի համայնակուլ անտարբերութեա՛ն, պատերազմներուն, շահամոլութենէ եւ եսամոլութենէ բխած անարդարութիւններուն։
Այսօր, 2023-ի դեկտեմբերի օրացոյցը մեր աչքին առաջ մեզ վերստին խորհրդածելու կը մղէ։
Այո՛, ի՞նչ ըրինք, ի՞նչ կորսնցուցինք, ինչպէ՞ս կորսնցուցինք, ի՞նչ շահեցանք եւ մանաւանդ՝ ի՞նչ կ՚ուզենք, ի՞նչ կ՚ակնկալենք ա՛յս նոր տարիէն։
(…)
Ալ ժամանա՛կն է, ազգովի՛ն խօսքերէն գործնական քայլերու անցնելու։ Մաղթենք, որ մեր ծլող ու ծաղկող սերունդին հետ մեր հասակակիցներուն՝ Արարատի ձիւնէն ալ աւելի ճերմկած մազերով սերունդին նիւթը ա՛լ զրկանքի ու կորուստի մասին չըլլայ։ Յոյսով սպասուած Նոր տարին պիտի ըլլայ՝ 2024-ը։
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
ԱՄՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024