ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՍԵՄԻՆ ԺՈՂՈՎ

Այս ա­ռա­ւօտ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լա­հայ կրթա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի սկիզ­բին ըն­դա­ռաջ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տե­սակ­ցե­ցաւ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­տե­նա­պետ­նե­րուն հետ։ Վե­րա­մու­տի սե­մին Գում­գա­բուի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցան ա­տե­նա­պետ­նե­րը այն մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րուն, ո­րոնք կը հո­վա­նա­ւո­րեն դպրոց­ներ, ինչպէս նաեւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի կրթական յանձնախումբին անդամները։ Ներ­կայ էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը գլխա­ւո­րէ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան դի­մագ­ծին վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր նիւ­թեր։ Քննար­կում­նե­րը զու­գա­դի­պե­ցան դպրո­ցա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն նա­խոր­դող ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։

Մի­ջո­ցէ մը ի վեր իս­թան­պու­լա­հայ կրթա­կան շրջա­նակ­նե­րը կը զբա­ղեց­նէ էա­կան խնդիր մը, որ կը վե­րա­բե­րի ան­ցեա­լի մէջ դա­ւա­նա­փոխ ե­ղած (իս­լա­մա­ցած կամ իս­լա­մա­ցուած) հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով ան­ձե­րու մե­րօ­րեայ դպրո­ցա­հա­սակ շա­ռա­ւիղ­նե­րուն հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­ներ ըն­դու­նուե­լուն։ Սա իս­կա­պէս բարդ հարց մըն է եւ լու­ծու­մը կ­­՚են­թադ­րէ թէ՛ սկզբուն­քա­յին եւ թէ մաս­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցում։ Դժբախ­տա­բար, ա­ռանց այդ մօ­տե­ցում­նե­րու յստա­կեց­ման, ա­ռանց բա­ւա­րար չա­փով հա­սա­րա­կա­կան քննար­կում­նե­րու եւ մա­նա­ւանդ ա­ռանց շօ­շա­փե­լու իս­թան­պու­լա­հայ ծնող­նե­րուն տրա­մադ­րու­թիւ­նը՝ կարգ մը վար­ժա­րան­նե­րու վա­րիչ­ներ ան­հասկ­նա­լի ու հիմ­նա­զուրկ շտա­պո­ղա­կա­նու­թիւ­նով մը հան­դէս կու գան այս հանգ­րուա­նին։ Ա­նոնք կար­ծես կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թեան մը դէմ յան­դի­ման թո­ղուլ կը ձգտին մեր հա­մայն­քը։ Շրջա­նա­ռու­թեան մէջ են լսում­ներ, թէ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի կրթա­կան յանձ­նա­խում­բի ժո­ղով­նե­րուն կամ տնօ­րէն­նե­րու հա­ւաք­նե­րուն ըն­թաց­քին բուռն վէ­ճեր ապ­րուած են այս նիւ­թին շուրջ։ Ըստ միշտ ան­պաշ­տօն լու­րե­րուն, կարգ մը դպրոց­ներ նոյ­նիսկ փորձ­նա­կան գոր­ծադ­րու­թեան սկսե­լու վրայ են՝ ա­ռանց հա­մայն­քի ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցում­նե­րու յստա­կեց­ման սպա­սե­լու։ Այդ վար­ժա­րան­նե­րու շար­քին կը դա­սուին նաեւ Կեդ­րո­նա­կանն ու Դպրե­վան­քը։

Մի­ջոց մը ա­ռաջ այս նիւ­թը ար­ծար­ծուած էր Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ Այն­տեղ տե­ղե­կա­ցուած էր, որ Պատ­րիար­քա­րա­նը նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տէ ա­շա­կեր­տի թեկ­նա­ծու­նե­րուն ան­պայ­ման մկրտուած ըլ­լա­լը՝ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սին, վար­դա­պե­տու­թեան, կա­նոն­նե­րուն եւ ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կարգ մը վար­ժա­րան­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կ­­՚ընդ­դի­մա­նան այս սկզբուն­քին ու կը ջա­նան ըն­թա­նալ այլ՝ ինք­նագ­լուխ մօ­տեց­մամբ։ Հե­տե­ւա­բար, առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն յա­ռա­ջա­ցած է՝ այս կեն­սա­կան հար­ցին շուրջ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ժո­ղով մը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ Ա­թո­ռին հա­մա­պա­տաս­խան յոր­դոր­նե­րը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կրկնե­լու կամ նոր ձե­ւա­չա­փի մը պայ­ման­նե­րով փո­խան­ցե­լու հա­մար։

Ժո­ղո­վին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի հա­ղոր­դենք մեր վա­ղուան թի­ւո­վ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2015