ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆ (Ա.)
Մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կ՚ուզենք յայտնել, որ այս եւ յառաջիկայ շաբաթ օրերու մեր սիւնակով, պիտի ներկայացնենք մեր գրողներէն ոմանց կեանքը, գործունէութիւնը, անոնց մասին եղած գնահատականներն ու քննադատականները, ինչպէս նաեւ ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք անոնց գրութիւններէն, ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:
*
Գրող, բանաստեղծ, հասարակական գործիչ, թարգմանիչ եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) քարտուղար Վահան Մալէզեան, ծնած է 21 սեպտեմբեր 1871-ին (Յակոբ Օշական իր «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» Թ. հատորին մէջ, Մալէզեանի ծնունդը կը դնէ 1873-ին), Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքին մէջ: Զաւակն է բժիշկ՝ Ֆրանկիւլ Մալէզեանի եւ թոռնիկը՝ Յովսէփ Մալէզեան պատուելիին:
Մալէզեանի ծնած տարին, իր ընտանիքը տեղափոխուած է Կոստանդնուպոլիս եւ հաստատուած Օրթագիւղ թաղամասը: Իր կրթութիւնը ստացած է մանկավարժ ու խմբագիր՝ Յակոբ Գուրգէնի հիմնած Հայկական կրթարանին մէջ, զոր աւարտած է 1887-ին: Ապա յաճախած է Կոստանդնուպոլսոյ իրաւաբանական վարժարանը, զոր աւարտած է 1895-ին: 1896-ին Մերսին փոխադրուած է եւ յարած՝ Հնչակեան կուսակցութեան: Յաջորդ տարին՝ 1897-ին, յեղափոխական գործունէութիւն ծաւալելու մեղադրանքով մէկ տարի բանտարկուած է: Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք անցած է Եգիպտոս (1898-1923), ուր իրաւաբանութեամբ զբաղուած է: Եգիպտոսի մէջ Մալէզեանը Ռամկավար կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը եղած է (1908): 1923-1927 տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Պրիւքսէլի մէջ: 1927-1945 տարիներուն՝ Փարիզի մէջ: Երկու տարի՝ 1945-1947 Նիւ Եորքի մէջ, ապա վերջնական բնակութիւն հաստատած է Նիսի մէջ՝ 1948-ին, ուր իր մահկանացուն կնքած է 4 մայիս 1967-ին (Յակոբ Օշական իր մահը կը դնէ 1963-ին):
1906-ին Եգիպտոսի մէջ Պօղոս Նուպար փաշային եւ այլ նշանաւոր անձնաւորութիւններու հետ, հիմքը կը դնեն ՀԲԸՄ-ին, որու ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը վարած է երկար տարիներ: Հեղինակն է նաեւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգին (տե՛ս վարը): Միութեան քայլերգ ընտրելու համար մի քանի նշանաւոր գրողներ բանաստեղծութիւններ գրած են՝ Սուրէն Պարթեւեան, Յովհաննէս Սէթեան, Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան: Կոմիտաս Վարդապետն ալ ստեղծագործութիւն մը գրած է, որ ինչպէս միւս հեղինակներունը՝ մերժուած է: Մալէզեան այդ մասին կը գրէ. «Արդար ըլլալու համար, ըսենք թէ, Կոմիտասի գրած եւ ձայնագրած երգը հարկ եղած տուեալները չունէր, որպէսզի կարելի ըլլար զայն իբրեւ Միութեան վերջնական քայլերգ որդեգրել»:
ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը լաւագոյնս կատարած է եւ արդիւնաբեր եղած են իր պաշտօնավարութեան տարիները: Սակայն, ի՜նչ-ինչ պատճառներով ժամանակ եկած է եւ Մալէզեան հրաժարած է իր պաշտօնէն: Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեան, 23 յունուար 1912-ին, Նիւ Եորքէն նամակ մը գրելով Մալէզեանին, անդրադառնալով իր հրաժարականին այսպէս կը գրէ. «Բայց սա քու Հ. Բ. Ը. Միութեան պաշտօնէդ հրաժարելու կամաւորութիւնդ զիս կը դառնացնէ: Թերեւս քու տեղդ «վարձկան» մը գտնեն: Բայց չկրնար բռնել տեղը անոր որ հոգիովը փարած է գործին: Ա՜խ, բարեկամս, ինչո՞ւ մեծերը կը ջանան իրենց փառքին պատուանդան ընել անկեղծ եւ անձնուրաց հոգիները, առանց խորհելու մասամբ թեթեւցնելու կեանքի բեռը որ քու ուսերուդ կը ծանրանայ: Կը զգամ, Վահան, հոգիիդ բովանդակ սարսուռը, զոր կը կրես քու մէջդ այդ շա՛տ ադիւնաւոր եւ շատ պտղաբեր գործունէութենէդ հրաժարելու գաղափարը յղացած միջոցիդ: Ստոյգ է թէ Միութեան ծրագիրն ու նպատակակէտը ինքնին հիանալի է, բայց ո՛րքան աղուոր ծրագիրներ վիժած են, միմիայն աշխատողներու պակասութենէն: Փաշայի մը ոսկեզօծ հմայքը բան մը պիտի չարժէր բնաւ, եթէ քեզի պէս անձնուէրներ, իրենց սիրտն ու հոգին չտրամդրէին գործին զարգացմանը, եւ եթէ դուն -մասնաւորապէս- «Միութեան գիծը» չկազմէիր՝ գործունէութեանդ թափով…» («Ճամբուս ծայրը», Բ. հատոր, Փարիզ, 1955, էջ 36-37):
Գրական ասպարէզ մուտք գործած է 1880-ականներուն: Աշխատակցած է «Մասիս», «Արեւելք» պարբերականներուն, օգտագործելով «Զեփիւռ» ծածկանունը: Այլեւ աշխատակցած է «Արեւելեան Մամուլ», «Ծաղիկ», «Անահիտ», «Բանբեր Գրականութեան եւ Արուեստի», «Շիրակ», եւ ուրիշ պարբերականներու: 1890-ին իր արձակ եւ չափածոյ գրութիւններուն մէկ մասը ամփոփուած են «Մրմունջք» ժողովածուին մէջ:
1911-ին հրատարակած է «Յուշարձան մը Արփիարեանի» կենսագրական գրքոյկը:
1892-ին «Անիծեալը» չափածոյ գործը:
1912-ին «Կերոններ» չափածոյ գործը:
1915-ին «Տարագրի մը յուշատետրը» արձակ գործը:
Ֆրանսայի մէջ ապրած տարիներուն հրատարակած է հետեւեալ գործերը: Այսպէս.
1927-ին «Անցած օրեր…»:
1949-ին «Կարապի երգը», «Հոգիի ձայներ» եւ «Մեծ հայրս Յովսէփ Մալէզեան պատուելի»:
1950-ին «Ճամբուս վրայ» (Յուշագրութիւններ, նամակներ եւ այլ նիւթեր):
1954-1955-ին «Ճամբուս վրայ» (2 հատորով, յուշեր, յօդուածներ, զանազան գրութիւններ):
Թարգմանութիւններ կատարած է Անրի Պարպիւսէն, Վիքթոր Հիւկոյէն, Մորիս Մետերլինքէն, Ալպէր Սամէնէն, եւ ուրիշներէ:
Գրած է նաեւ ֆրանսերէնով եւ թրքերէնով:
***
Յակոբ Օշական իր «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» Թ. հատորին մէջ, Վահան Մալէզեանին առանձին կերպով անդրադարձած է: Խօսելով անոր գրագէտ ըլլալու հանգամանքին մասին, այսպէս կը գրէ. «Վահան Մալէզեան պարզ յիշատակումէ մը աւելիին արժանի է մեր գրականութեան պատմութեան մէջ, ո՛չ՝ իր գործին տարողութեամբը կամ տաղանդին վճռական ճնշումովը, ինչպէս կ՚ըսեն, այլ չկասկածուած այն քանի մը կողմերով, որոնք իր մէջէն երեւան եկան։ Ասոնցմէ մէկը փաստն է օրէնքին, որուն համեմատ գրականութեան մը ամենէն տիպարային երեսները մեզի կու գան ո՛չ թէ բարձրագոյն տաղանդներու նուաճումներով, այլ պարունակին մէջը սանկ միջակէն, միջինէն քիչ վեր ուղեղներու (մեծերուն զարտուղութիւնը, ժամանակազանցութիւնը, չափախոյս անձնականութիւնը վտանգներ են, գործ մը բացառող ու ատով անոր դերը կասկածի ենթարկող)։ Իբրեւ այդ, Վահան Մալէզեան պիտի իյնար ծիրին մէջը մարդոց, որոնք կը կոչուին Բիւզանդ Քէչեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Երուանդ Տէր-Անդրէասեան, Գրիգոր Մելեան, Յակոբ Տէր-Յակոբեան, Յովհաննէս Ասպետ, Թէոդիկ, Հայկանոյշ Մառք, Վահան Թօշիկեան, Անայիս, Զարուհի Գալէմքեարեան եւ ուրիշ շատեր, բոլորն ալ մեծատարած անուններ, որոնք իրենց փառքը կ՚ապրին ու կը սպառեն իրենց ողջուցը, բայց իրենցմէ ոչինչ կ՚անցնի գրականութեան պատմութեան։ Որոնց յիշատակութիւնը պիտի կատարուի դուրսէն, քովնտի, վիճելի կէտեր ճշդելու, նմանութիւններ կամ հակադրութիւններ լուսաւորելու ճակատագրով մը, դարձեալ դառնալու համար իրենց խաղաղ միայնութեան։ Վահան Մալէզեան ռոմանթիք վիպակներու հեղինակ՝ ռոմանթիք փառքին քիչ-շատ ալ սպասարկու, վեր է այդ անուններուն շքախումբէն, գործնական իմաստութեամբ մը։ Միւս կողմէն մեր նոր գրականութիւնը ուրիշ միջակութիւններու ալ անուն է հայթայթած։ -Քաղաքական, կուսակցական լիտրներու փառքն է ատիկա, սանկ վերերէն խօսող, կուսակցական օրկաններ խմբագրող ու մարդեր առաջնորդող տիպարն ալ մի՛ մոռնաք։ Երբեմն վաւերական գրագէտէ մը զառածած (Ս. Պարթեւեան)։ Ու տակաւին կը յիշեմ Արշակ Ալպօյաճեանը, որ մեր գրականութեան սպասարկու յուզիչ իր նախանձախնդրութիւնը կը պատսպարէ անհուն հմտութեան մը, հաւաքումի մը բերդերուն ետին, առանց կասկածելու, թէ գիրէն վեր է գրականութիւնը։ Բոլոր այս յիշատակումները -միջակներէն- կը ձգտին ապացուցանելու, որ Վահան Մալէզեան տարբեր է անոնցմէ։ Այս դարուն սկիզբը անիկա բացառիկ գրագէտ մըն է1»:
***
Այժմ Մալէզեան գրութիւններէն հատուածներ ներկայացնենք.
Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՔԱՅԼԵՐԳԸ
(Խօսք՝ Վահան Մալէզեանի
Երաժշտութիւն՝ Յարութիւն Սինանեանի)
Աւետիս, հայեր, ալ սուգը մէկդի,
Նոր արեւ ծագեց մեր ազգին վերեւ.
Հայութիւնն ամբողջ կու տայ ձեռք ձեռքի
Հայկական Միութեան դրօշին ներքեւ:
Հայեր, միանանք մէկ սիրտ, մէկ հոգի
Ազգաշինութեան վսեմ գործի շուրջ,
Մոռնալով վէրքերն եւ ոխն երէկի,
Ժամ է, որ ըլլանք վաղուան աչալուրջ:
Հարուստ թէ աղքատ, անուս թէ գիտուն,
Երթանք կանգնելու օճախը կործան,
Երթանք հիմնելու դպրոց, գործատուն,
Երթանք մշակին տանք ցանք ու լծկան:
Եթէ ճիշդ է, որ Միութիւնն է միայն
Վերջին զօրութիւնն ազգիս քար ու քանդ,
Մէկ սիրտ մէկ հոգի փութանք Միութեան
Սուրբ գործին բերել մեր ուխտն ու եռանդ:
• «Անիծեալը» ստեղծագործութենէն երկու հատուած ներկայացնեմ այստեղ, որ գրած է 13 յունուար 1892-ին, Գատըգիւղ:
9
Աղօթքէ վերջ, հոգիս ծուխովն անէծքներու
Կ՚ուզէր երկինքը սեւցընել, երկինքն՝ ուստի
Իբըր թէ յիս պիտի կաթէր շող յուսատու.
Պատրանքէն վերջ տենդոտ ցասմամբ հայհոյեցի,
Քանզի ծանր է պատերազմին մէջ էութեան
Սին հաւատքով ըստուերներու ըլլալ գերին,
Թէեւ մեք ալ, մարդ անուան տակ, ցընորական
Մի երեւոյթ եւ կամ ըստուերն ըլլանք Չէին…:
11
Երկու օրէ ի վեր ոչինչ կըրցած էի
Տունըս տանել. Թըշուառութիւն երբեք այնքան
Կոպիտ դահճի դէմքն առած չէր անտանելի:
Առաւօտէն ի վեր հոս հոն թափառական,
Յոյսի նըշոյլ չէր մրճացած. եւ կաղանդի
Առջի գիշերն էր, հըրճուանքի, սիրոյ գիշեր,
Ոեւէ գործ, չընչին գործ մ՚իսկ պատրաստ էի
Ընդունելու, սակայն ոչ ոք կը հարցընէր
Թէ ի՛նչ կերպով ես կըրնամ իմ ըղձանքիս
Լըրման հասնել. գուցէ վայրագ բարեկամներս
Ենթադրեցին որ ձեռքս ի մոյր կը տեսնեն զիս,
Մինչ վառ իղձեր, վեհ ձըգտումներ կային իմ ներս.
Մուրա՜լ, երբ մարդ ձեռքի կորով, սըրտի փափաք
Իւր մէջն ունի. մուրա՜լ, երբ մարդ իրաւ մարդ մ՚է.
Է՜հ, ոչ, մեռնիլ, մոռնալ ամէն բան եւ զաւակ
Ոչինչ կ՚արժէ՝ երբ քու պատիւդ կըրնաս աղտէ
Ազատ պահել. քանզի մոյրը՝ պատուոյ, սըրտի
Ջախձախումն է գարշանքի մէջ, քանզի կեղծեօք
Գողնալը՝ գաղտ գողութենէն եւս աւելի
Աններելի ոճիր մը, դաւ մը չէ՞ արդեօք:
Բայց ընդհանուր գումարն այսքան խօլ ըզգացմանց
Այն էր՝ որ ես վատ մը, յիմար մ՚էի զազիր,
Որ ուղեղիս գաղափարաց խենդ ու անսանձ՝
Գերին եղած, յուզմունքիս մէջ էի մոռցած
Թէ զաւակներս կը սպասէին ինձ անձկալիր…:
«Վահան Մալէզեան, «Անիծեալը», տպուած՝ Կոստանդնուպոլիս, 1892 էջ 11, 13-14»:
• «…Այսօր սնանկ կեանքիս հաշուեյարդարը, կամ յաւէտ յետին անցեալիս միակ յուղարկաւորը, կը զգամ՝ աւելի քան երբեք՝ որ մարդ շուտով կը յոգնի երազելէն եւ տակաւ կը մեռնի սիրելէն:
Աւա՜ղ, հետզհետէ խոյս կու տան մարդուս սիրտէն երազն ու սէրը, այս դրական դարուն մէջ: Ա՜խ, ո՞ւր մնաց բանաստեղծութիւնը, ան որ արշալոյսին կապոյտ բիւրեղին մէջ բեկբեկող ցոլք մըն էր, ան որ արքայութեան մը ծիծղուն յոյսին առաջին կախարդանքն էր:
Նիւթին օրըստօրէ յաղթանակը գետնաքարշ կ՚ընէ մարդը, հողին կը գամէ ան, առանց ճախրանքի, առանց սաւառնումի: Իրականութեան դէմ՝ մարդ զգալով իր այլանդալ ապիկարութիւնը, կը տառապի, թեւերը փետտուած թռչունի մը պէս վիրաւոր: Քիչ մը բանաստեղծութիւն՝ յոգնած սիրտին պիտի տար երջանկութեան յոյս մը գոնէ. անո՜յշ կասկածը գետնէն վեր սլանալու:
Ո՜վ հիմա պաշտումին լռութիւնը թափուր, ո՜վ ցուրտ շքեղութիւնը ամուլ կնոջ ծոյլ լռութեան:
…Դեկտեմբեր պաղ հով մը կ՚անցնի վրայէս. եւ սակայն դուրսը, ո՜վ հեգնանք, արեւ արեգակ է: Այդ պաղ հովը, իմ Հայրենիքէս կու գայ: Հին օրերու յիշատակն է, ձիւնապատ գիւղին երդիքներուն վրայէն փչող այդ հովը, երբ ծխնելոյզը հայրենի տան կը մխար խարոյկը՝ որուն շուրջանակի բոլորուած կը սպառէինք տղու խաղերուն բոլոր երջանկութիւնը կարճատեւ եւ խաբէական, մամիկին թոռմած ժպիտին փայփայանքին տակ շփացած ամէնքս ալ:
Հո՛ն հիմա հարկաւ ցուրտ կ՚ընէ. թէեւ ոչ տուն մնաց հոն, ոչ մամ, ոչ ալ ծիծաղն այն: Բայց ամէն մէկ խորշ կը պահէ իր սուրբ գաղտնիքը, երբեմնի հմայքը որ կը վերապրի սակայն:
Սուրբ Յակոբը առա՜նց ձիւնի, Կաղանդը առա՜նց բուքի հոս: Ի՞նչ հրապոյր ունի արեւապայծառ պերճափայլութիւնը այս մեղկ կլիմային, որ ձմեռ օրով մետաքս վարդագոյն պարազգեստն է՝ փոխան մուշտակէ թանձր վերարկուին, զոր հոն Յունուար նահապետը կը հագնի:
…Պատուհանիս տակ ֆելլահ լաճեր ելակ կը ծախեն, եւ մանիշակներ, փունջ-փունջ:
Այս անժամութիւնը, այն կանխումը գարնան, ինծի ցաւ կու տայ, անհուն ցաւ մը: Ինչո՞ւ արդեօք:
Աղո՜ւր ելակներ, քնքո՜ւշ մանիշակներ, ես որ ձեզ այսքան կը սիրեմ, ներեցէք հոգիիս այս տրտունջը անիրաւ: Հոգիս այսօր ձանձրոյթն ունի չերազուած անուրջներուն, եւ գուցէ՝ կարօտը թխպայորդ ամպերու որ չեն լար:
Կռունկին որ ինծի խապրիկ մը չի բերեր՝ սպասելէն յոգնասպառ հոգիս տարագիր, հոգի՜ս զոր հոս չեն հասկնար օտար նայուածքները՝ որ կարծես կը մսին Եգիպտոսի յաւերժական արեւին տակ» («Տարագրի մը յուշատետրը», «Տարի մըն ալ…», հատուած, տպ.՝ Գահիրէ, 1915, էջ 12-14):
• «Ազատեցէ՜ք իս…
Այս աղիողորմ աղաղակը տակաւին կ՚արձագանգէ ականջիս, կը յաճախէ հոգիս, մղձաւանջի մը յամառութեամբ, խղճի խայթի մը սաստկութեամբ.
-Ազատեցէ՜ք իս…
Կոծը տուայտանքի զոհերուն, սիրտցաւ ու աղեխարշ, կոչը աշխարհիս բոլոր թշուառներուն որ կը հեծեն, պաղատագին ու լալահառաչ, այդ տխուր արձագանգը չի դադրիր այլեւս սիրտիս մէջ: Ահազանգն է, կարծես, տառապող մարդկութեան, որ կը յաւերժացնէ իր աղէտագոյժ հեկեկանքը. օգնութի՜ւն… օգնութի՜ւն…
Զոհին յուսահատ ձայնն է որ յաւիտեան կը ճուայ մեր մշտախռով սիրտերուն մէջ, ձայնը մէկու մը զոր փողոցին անկիւնը խղդել կը փորձեն: Ես այն գիշերէն ի վեր, աւելի քան երբեք դառնօրէն ու յանդիմանական, կը լսեմ այդ եղկելի ձայնը, ընդհատաբար եւ յուսահատօրէն աղերսագին:
Պատմութի՞ւնը. գռեհիկ պատահար մը, պարզապէս: Բայց զգայամոլ սիրտին համար էն գռեհիկ պատահարը երբեմն զգայացունց փոթորիկ մըն է, մեծ յուզմունքներու կարօտ սիրտը շատ անգամ բառի մը մէջ աւելի մեծ պայքար մը կը գտնէ քան ամբողջ կեանքի մը մէջ:
Ցնծութեան աղջիկ մը, որ, աւա՜ղ, ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը, սալարկին վրայ անցորդի մը կառչելուն համար, կը ձերբակալուի հանրային բարոյականի դարանակալ լրտեսներու կողմէ, մենք քանի մը քայլ ետեւ:
-Ազատեցէ՜ք իս…
Արկածեալի այս խղճուկ ճիչը հազիւ լսեցինք, ու, դեռ ետեւնիս չդարձած, հալածական աղջիկը՝ լեղապատառ՝ բարեկամիս թեւին եկած փաթթուած էր:
-Օ՜հ, կը պաղատիմ, ազատեցէ՜ք իս այս մարդոց ձեռքէն…
Բայց օրէնքը խիստ է, եւ օրէնքի պաշտօնեաները շատ խիղճ չեն ունենար. գոնէ փափկութիւն ունենային, քիչ մը: Հուժկու բազուկները երկվայրկեանի մը մէջ փողոցի պչրուհին պրկեցին ու կառքը նետեցին. եւ կառքը թաւալեցաւ անմիջապէս, անգթօրէն, որպէս թէ սիրտ մը գլորուէր գալարուէր իր անիւներուն տակ, այնքա՜ն անգթօրէն:
Գամուած մնացինք, բարեկամս ու ես, խորապէս զգածուած, լռիկ երկուքս ալ, երկուքս ալ կարծես սիրտէն զարնուած:
Անզգամ կառքը քանի կը հեռանար մութին մէջէն, այդ օգնակոչ աղաղակը աւելի կը մօտիկնար իր սիրտին.
-Ազատեցէ՜ք իս…» («Տարագրի մը յուշատետրը», «Ազատեցէ՛ք իս…», հատուած, տպ.՝ Գահիրէ, 1915, էջ 95-99):
• Մալէզեան իր «Ճամբուս եզրին» գրութիւնը կ՚աւարտէ ինքն իրեն համար գրած տապանագիրով մը, որուն կը նախորդէ հետեւեալ հատուածը.
«Հիմա որ ճամբուս ծայրը հասած եմ արդէն, եւ կը տեսնեմ ճրագիս մարմրիլը, յամառօրէն կառչած դեռ գրչիս՝ ես կը սպասեմ խոնարհ համակերպութեամբ, առանց յոյսի, եւ, աւա՜ղ, առանց երազին որ օրրեց միշտ գեղեցկութեան սիրահար հոգիս: Թո՛ղ ներեն ինծի անոնք, որոնց չկրցայ հասկցնել ի՛նչ որ էի եւ ի՛նչ որ ըրի, բայց գոնէ չզլանան ափ մը հող նետել վաղը դագաղիս վրայ՝ եթէ ոչ քաւութեան ծաղիկ մը հողակոյտիս վրայ:
Ու իբրեւ կնիք, ահա՛ այժմէն իսկ հոս կը յուշագրեմ իմ տապանագիրս, այս էջին վրայ որպէս յաւերժական դամբան, մահարձանիս տեղը բռնելու համար:
ՏԱՊԱՆԱԳԻՐՍ
Հալածուած ազգի մը զաւակն եղուկ
Լծակից անոր բախտին յեղյեղուկ,
Բայց՝ անոր նման վէս եւ անհանդարտ՝
Ցեղին պայքարը մղելուն հպարտ:
Ու չի հասկցուած շատերէն, աւա՜ղ,
Հալածանքին դէմ չարերու՝ անվախ,
Քալեց անվեհեր դէպի նպատակ,
Քնարը գրկած պինդ իր թեւին տակ:
Քո՛ւրմը տաճարին գեղեցկութեան՝ զոր
Պաշտեց իր հոգին հաւատքով հզօր,
Առաքեա՛լ ուխտին բարեգործութեան,
Հայրենեաց սիրով շիջաւ Մալէզեան»:
(Վահան Մալէզեան, «Ճամբուս ծայրը», (Բ. Յուշաքաղ), տպ.՝ Փարիզ, 1955, էջ 273):
Օգտագործած աղբիւրներ՝
- Յակոբ Օշական, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» իններորդ հատոր, Արուեստագէտ սերունդ, Անթիլիաս-Լիբանան, 1980:
- «Սովետական հանրագիտարան», Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան, 1974, Հատոր 7, Երեւան:
- rb.gy/6b1pz0
- rb.gy/z8e000
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
4 յունուար 2024, Վաղարշապատ
1 Ահա՛, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս: Պարկեշտութիւն եւ անկեղծութիւն զիս կը պարտադրեն խոստովանելու, որ գրական խառնուածք ունեցող պատանիներու վրայ (որոնցմէ մէկն էի) Վահան Մալէզեանի ազդեցութիւնը կը հաւասարէր Արշակ Չօպանեանի վայելած վարկին։ Կը փնտռէինք այդ ախտավարակ զգայնութեան վեց վիպակները։ Խանդավառ էինք անոր քերթուածներով, նուրբ, նոր, փնտռուած ու համեմուն: Ինծի հետ ունէի բազմաթիւ ընկերներս (Արմաշի Դպրեվանքի Ա. դասարանէն), բոլորն ալ լրջօրէն տարուած այդ անունին հմայքէն։ Ասիկա փաստ մըն է, արժանի արձանագրութեան:
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024