ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆ (Բ.)

Անցեալ շաբաթ ներկայացուցինք Վահան Մալէզեանի կեանքն ու գործունէութիւնը եւ անոր զանազան ստեղծագործութիւններէն հատուածներ: Այսօր եւս պիտի շարունակենք խօսիլ Մալէզեանի մասին:

Վահան Մալէզեան լիիրաւ կերպով չէ՛ ուսումնասիրուած մինչեւ մեր օրերը: Քանի մը անդրադարձներ անոր մասին, մի՛այն: Այդ անդրադարձներէն թերեւս ամենէն ծանրակշիռը Յակոբ Օշականինն է: Շատեր ալ քննադատած են զինք անհիմն կերպով՝ առանց հասկնալու անոր ներաշխարհը, անոր տաղանդը:

Այստեղ, ընթերցողին կը ներկայացնենք թեր ու դէմ կարծիքներէն մէկական նմոյշ: Մէկը Յակոբ Օշականէն, միւսը՝ Յովհաննէս Աւագեանէն: Այսպէս, Յակոբ Օշական՝ խօսելով Մալէզեանի «Կերոններ» չափածոյ ստեղծագործութիւններուն մասին, կը գրէ.

«Շատ քիչ է թիւը անոնց, որոնք «Կերոններ» քերթուածաշարքին մէջ պիտի ընդունին մեր ժողովուրդի կարելի ապրումներէն թէկուզ խոնարհագոյն փաստ մը, ինչպէս շատ մեծ է թիւը անոնց, որոնք Վահան Մալէզեան անունին ետին կը մերժեն արուեստագէտը՝ զայն համարելով պատեհապաշտ, դաւաճան affairiste մը, որ տաղանդ է ունեցած գրականութիւնը օգտագործելու իր հաշիւներուն, դիրքին, ամբարձումին։ Քաղաքական, կուսակցամոլ կիրքեր կրնան միջամտել սա պատկերին կազմաւորման, բայց չեն փոխեր մեզի ձգուած գործին վրայ արմատացած համոզումներ»:

Օշական անդրադառնալով այն իրողութեան, թէ ոմանք Մալէզեանը կը քննադատէին անհիմն եւ անտեղի կերպով, ինչպէս վերի մէջբերումին մէջ ալ նկատեցինք, այսպէս կը գրէ.

«Ինծի կու գայ, թէ այս անհեթեթութիւնը չքացնելու համար հարկ է փոխադրել այդ հարցը ուրիշ գետին մը։ Վահան Մալէզեան տաղանդազուրկ ու անյաջող փաստաբան մը չէ, որ իր ձախողանքը գնելու համար գրելու իր շնորհը տոկոսի դրած ըլլայ խորունկ ու իմաստուն հաշիւներով եւ իր զգուշաւոր, հոտառու զգայարանքները (իր ժամանակին) փոխադրած՝ կարելի բոլոր մարզերուն, միշտ … ի խնդիր դրամի, ինչպէս չէր դարձեալ այդ տաղանդազուրկ մարդը այն միւսը, որ կը կոչուէր Ռ. Որբերեան, ան ալ իր գրիչը օգտագործած ոսկեղէն արժէքներու սպասին։ Բայց Վահան Մալէզեան, նման Ճիպութիի մեծահռչակ թղթակից-դիւանագէտ բանաստեղծին, որ այնքան լրջութեամբ ամերիկեան մեծ թերթերուն այնքան պզտիկ քրոնիկներ ու պատերազմին պատճառով (1914) իրենց շահերէն վտարուած արքայիկներուն այնքան սխրաքին հեշտանքով ոտանաւոր ողջ-ուղերձներ կը հեռագրէր, պտըտած է մեր գրականութեան շուրջը, երբեմն կարօտով լեցուն նայուածքներ արձակելով ցանկալի դրախտէն ներս։ Կեղծի՞ք։ -Չեմ կարծեր։ Բայց կու տամ տպաւորութիւն մը։ Վահան Մալէզեան ստոյգ գիտութիւնը ունի մարդուն, որ չափած է այդ պատրանաւոր դրախտին ներսը, հոն տիրող բարեխառնութիւնը ու ոչ-հացաբեր, նոյնիսկ անօթութեան թեկնածութեան այնքան հարազատ պայմանները ու դրած որոշ վերապահութիւն մը, ինք իրեն պարտադրած զգաստ պահեցողութիւն։ Ասկէ դէպի ուժերու այլ կերպ շահարկումը հեռու չէ ճամբան։ Դրախտին երանաւէտ ճեմողները… որոնք պիտի տառապին յաճախ օրուան հացին ժանտ տագնապովը։ Իր բարեկամն էր Արփիարեան, որուն դիակը ցամաք հացի բեկորով մը պիտի սկսէր դէպի երկինք իր ճամբորդութիւնը եւ Վահան Մալէզեանի համար այս գիտակցութիւնը եղած է ճակատագրական։ Ան դրած է ճարտար յորդորանք մը, գեղեցիկ միջին մը։ Չպատկանելով հանդերձ գրականութեան գործօն սպասարկուներու փաղանգին ու ասոնց ճակատագրին, Վահան Մալէզեան այդ գրականութեան տուած է հատոր մը քերթողութիւն (ուրիշներ ալ՝ իբրեւ խոստում), ուրիշ հատոր մըն ալ տպաւորութիւն։ Գրած է վիպակներ, որոնք այս դարուն սկիզբը բացառիկ, դարավերջիկ զգայնութիւն մը կը յայտնաբերեն, հիւանդագին, խուլ, սրսփագին, դէպի ներս, հոգին խորացող սարսուռներով ուշագրաւ։ Բոլորովին անձնական այդ պատկերները ակնբախ հակադրութիւն մը կազմելով հանդերձ իրապաշտ անանձն ներկայացման, եղան կնիքին տակը քովնտիին, պատահականին։ Անշուշտ, ուրիշ չէին աշխատանքի կերպը, թէկուզ՝ արուեստի հասկացողութիւնը Կամսարականի, Միքայէլ Կիւրճեանի, մեր պոլսեցի գրողներու ստուարագոյն թիւին, բայց տարբերութեամբ մը։ Սիրող (amateur) գրագէտի որոշ կաղապար մը արդէն կը տիրէ մեր հրապարակին վրայ յանձին Զօհրապի, Չրաքեանի, Զարդարեանի։ Վահան Մալէզեան այս կաղապարէն կը զատուի գործնական մարդու շեշտ հնարամտութեամբ մը ու ասոր բարիքը եղող բարօրութեամբ: Բայց բախտը ուզեց, որ շատ չտեսնենք Լեւոն Բաշալեանի, Տիգրան Կամսարականի դասալքութիւնները իրենց տաղանդներէն ու ախորժակները ուրիշ նիւթեղէն վայելքներէ եւ ամէն րոպէ Վահան Մալէզեանը հարուածենք իր … իմաստութեանը համար»:

Իսկ Յովհաննէս Աւագեան իր «Գրական դէմքեր (Տպաւորութիւններ եւ նշմարներ)» աշխատասիրութեան մէջ, տպուած Նիւ Եորք, 1925-ին, հետեւեալ կերպով ներկայացուցած է Վահան Մալէզեանը.

Իր փառքի օրերը ապրած ու անցուցած բանաստեղծ մը՝ որ խորհրդաւորին յաւէտ երկրպագու՝ մշուշին քօղովն է ծածկեր իր զգայութիւնները եւ մառախուղին մէջ է թաղեր իր արուեստը: Ատկէ այն անորոշութիւնը՝ որ յաճախ տարտամ նշանկութիւն մը, տժգոյն իմաստ մը կու տայ իր քերթուածներուն:

Մալէզեան սկիզբէն մինչեւ վերջը եղած է տպաւորուող, դիւրաւ ուրիշներու ազդեցութեանը ենթարկուող հոգի մը՝ զոր առաւելապէս ներշնչած են սէնպօլիք հեղինակներ, ի մասնաւորի Պօտլէոն ու Վէռլէնը, որոնց տկար արձագանգը կը լսուի իր բանաստեղծութիւններուն մէջէն:

Արեւմտահայ վերջին, նախավարուժանեան շրջանի, կենդանի ներկայացուցիչներէն է Մալէզեան՝ որ նոյն դպրոցի այլ հետեւորդներու հանգոյն, բանաստեղծութեան արուեստը փնտռած է յաւէտ շողշողուն բառերու եւ առերեւոյթս սիրուն դարձուածքներու մէջ: Ասոր վկայ է մանաւանդ իր արձակ քերթուածներու գիրքը, «Տարագրի մը յուշատետրը», որ շքեղ վերադիրներու եւ փայլուն ասութիւններու զանգուածեղ հատոր մըն է եւ ուր դժուարաւ կարելի կ՚ըլլայ նշմարել կեանքի մը ճառագայթը, կենդանութեան մը տաք բաբախումը:

Մալէզեանի քերթուածները, մասնաւորապէս արձակները, մեզ կը յիշեցնեն կանացի դէմք մը, որուն հրապոյրը կը կազմէ շպարը: Ի բնէ գեղանի կին մը պէտք չունի սնգոյրի: Ու սեթեւեթեալ ոճը միշտ ալ կասկած կը հրաւիրէ իր վրայ: Զգացումներն ու իմաստները երբ յորդին, սեթեւեթման ժամանակ չեն թողուր ա՛լ: Գրքունակ ներշնչումները, սակայն, անզօր են յորդան տալու բեղմնաւոր զգայութեանց: Ու Մալէզեան անմիջական ներշնչումներ կը կրէ ոչ միայն օտար, այլեւ հայ քերթողներէ: Իր «Ինչ որ կը սիրեմ»ը մեզ կը յիշեցնէ Սիպիլի «Անցնելու մօտ»ը, այսու հանդերձ, անկարելի չէ զայն նկատել արձագանգը Մալէզեանի նախասիրութիւններուն, որոնցմով կրնան մեկնուիլ հեղինակին արտադրութիւնները քօղարկող մէգն ու մշուշը: Արեւափառ տիւի, փոթորկայոյզ ծովի, գոռացող նուագի, ելեկտրական վառ լոյսերու, այլ խօսքով աշխուժով ու աւիւնով յորդող կեանքին բանաստեղծը չէ Մալէզեան: Տժգունող, հատնող, ոգեվարող դէմքեր, իրեր, տեսարաններ պէտք են զինք յափշտակելու եւ իր գրչին երգել, աւելի ճիշդը՝ ողբալ տալու համար: Ինք դող կ՚ելնէ մանաւանդ հատնող վերջալոյսի մը, մեղմիկ նուագի մը, զսպուած արցունքի մը, մարմրուն նայուածքի մը, երկչոտ ակնարկի մը, պլպլուն կերոնի մը, դալուկ հիւանդի մը, մահուան կասկածի մը, մաշած նկարի մը, հրապուրիչ պատրանքի մը, տրտում գեղեցկութեան մը եւ սարսռուն սրտի մը հանդէպ:

Ստոյգ է, որ արդար չէ նախասիրութիւնները վէճի առարկայ ընել եւ սակայն կ՚արժէ արձանագրել զանոնք, երբ կարելի է անոնցմէ երեւան բերել բուն իսկ արուեստագէտը: Ու Մալէզեան՝ իր նախասիրութիւններուն մէջէն՝ մեզի կ՚երեւի հիւանդ զգայութիւններ սնուցանող քերթող մը, որ մշտապէս ենթակայ է մռայլ մտածութիւններու եւ տխուր խորհրդածութեանց: Տարակոյս չկայ որ այսօրինակ հոգեկան սնունդներ յոռետեսութեան պիտի մղեն քերթողը, եւ անոր արտադրել պիտի տան տողեր, որոնց մէջէն գերեզմանին արձագանգը լսուի: Մահահոտ ու մահահրաւէր այդ տողերը հիւծախտաւոր հոգի մը կը մատնեն ինքնին: Ու Մալէզեան որոշ անկեղծութեամբ մ՚է որ կ՚ըսէ. «Արեւը հիւծախտաւոր հոգիս ողողեց կեանքի սարսուռներովը հեշտափշուր»: Եւ կամ «Մահուան գօշմարը սիրելի ընկեր մը կ՚ըլլայ տակաւ ախտավարակ հոգիիս»: Արդ, խնդիր է, թէ մահաբաղձութիւնը ներքին մղո՞ւմ մըն է Մալէզեանի մօտ, թէ ոչ մահատենչ քերթողներէ կրուած ազդեցութիւն մը; Ասոր պատասխանը կարելի պիտի ըլլայ գտնել ուսումնասիրելով բուն իսկ խնդրոյ առարկայ քերթողին առօրեայ կեանքը եւ համեմատել զայն յայտնուած բաղձանքներուն հետ: Մալէզեանի պարագային, դժուար է հանգունութիւն մը գտնել: Անիկա, երբ պռօնշիթէ ու մալարիայէ հիւծուած, «թոքախտին բարեւ տալու» վրայ կը գտնուէր, նետեց ինքզինքը Բուրգերուն ստորոտը, ոչ թէ այնտեղ մեռնելու, այլ անոր տաքուկ արեւէն կազդուրուելու, կեանքին դառնալու համար: Այս պարագային, կարելի է մահաբաղձութիւնը համարիլ սոսկ վիճակ մը՝ բանաստեղծին ոչ թէ սրտին, այլ գրչին համար: Ու սրտէն անջատ այդ գրիչը յոռետեսի բազում տողեր ունի արտադրած: Այդ գրողին առջեւ կը պարզուի նաեւ ջլախտին հեռանկարը. «Ջլա՜խտը… վերջին սիրուհին մեր զատուղի սէրերուն, որ կմախացած ու գողացող ձեռքերէն բռնած կարգաւ պիտի տանի մեզ այլուր, մի՜շտ այլուր, ինչպէս մեր կեանքն ի բուն տենչացինք, եւ միշտ այդպէս ակնկալեցինք»: Որքան որ ալ սիրտը, բանաստեղծի կեանքին աղբիւրը, խուսափի մահասքօղ զգայութիւններէ, տարակոյս չկայ որ արձանագրուած միտքերը կ՚ունենան իրենց ազդեցութիւնը: Ասկէ Մալէզեանի լաց ու կոծի, թախիծի ու տխրութեան գրականութիւնը, որ իր հիւանդագին երանգներուն մէջ անգամ՝ դիւթած է ընթերցողներէն շատեր՝ մանաւանդ այնպիսիներ, որոնք մելամաղձոտ խառնուածք մ՚ունին ինքնին եւ տրամադիր են արագ յուզուելու: Այսպիսիներ Մալէզեանի քերթուածներուն մէջ գտած, կամ աւելի ճիշդը գտնել կարծած են «փափուկ զգայութեան մը եղերգութիւնը, արցունքով ու տրտմութիւնով օծուն»:

Մալէզեան բանաստեղծը իր սնունդը կը փնտռէ նաեւ անցեալի յուշերուն մէջ: Բայց անիկա կ՚ոգեկոչէ ոչ թէ խրոխտ, խիզախ ժեսթեր, այլ ցնորքներ ու պատրանքներ: Ասոնցմով կը հրճուի, ասոնցմով գոհ կը թուի: Կատարեալ երազատես մը՝ ըսենք յոռետես մը, որ կեանքին դառնութիւնները կը նկարէ ամէնուրեք: Անտեղի չէ խնդրոյ առարկայ ընել սոյն նկարագրութեան նպատակին լրջութիւնը: Ճակատագրական պարզ հպատակութենէ աւելի մարդ պիտի սիրէր տեսնել ոգորում ու պայքար, եւ վշտերու ճնշումին տակն իսկ պիտի ուզէր հանդիսատես ըլլալ հոգեկան արիութեան: Կեանքին վերջնական յաղթանակը մահուան վրայ՝ կրնար տուն տալ հուժկու եւ գոռ երգի մը՝ որ իր բարերար ազդեցութիւնն ունենար պայքարով իր ճամբան գծող սերունդին վրայ:

Բուխսրտի տէր քերթող մըն է Մալէզեան, կարեկից կեանքի թշուառ զոհերուն: Անիկա ի գութ կը շարժի տեսնելով ինկածներ, գաղթականներ, կոյրեր եւ այլն: Ասոնց դրութիւնը նկարագրելու մէջ ճարտար է քերթողը: Պատկերացումը ճշգրիտ է այլ՝ պաղ: Եզրակացութիւնները անգոյն են ու երբեմն ալ անհամապատասխան մշակուած նիւթին: Այսու հանդերձ անոնց մէջ կայ համամարդկային շեշտ մը որ տանելի կը դարձնէ զանոնք:

Մալէզեան իր քերթուածներուն մէջ երեւան կու գայ նաեւ իբրեւ սիրոյ խանդավառ երգիչ մը: Կինը հրապուրած է զինքը: Քերթողը յաճախ ըրած է անոր գովքը: Կնոջ ձայնը, մանաւանդ, դիւթած է Մալէզեանի գրիչը: Ան է որ կ՚աղաղակէ. «Անկարելի է ինծի ապրիլ առանց կնոջ ձայնին»: Ու յետոյ. «Ես պիտի ուզէի որ հոգեվարքիս մէջ անգամ կին մը երգէր ինծի իմ կարապի երգս»:

Երկար ատեն է որ լռած է Մալէզեան քերթողը: Անկարելի է որ անոր գրչին հիացողները սիրով ողջունեն իր վերադարձը դէպի բանաստեղծութիւն: Ու մասնաւոր գնահատութեան արժանի նօթ մըն է թէ Մալէզեան այն սակաւաթիւ քերթողներէն է, որոնք գիտցած են պրոպականտի որպէս միջոց չծառայեցնել բանաստեղծութիւնը: Ու եթէ վաղը, ներշնչումը կեանքէն բղխած ըլլալու քրէտիթն ալ գայ միանալ վերեւ ակնարկուած արժանիքին, տարակոյս չի մնար թէ քերթուածները անճիգ պիտի գտնեն իրենց ազնուացումի ու թափանցումի ճամբան սրտերէն ներս: Այս կերպով վաստկուած փառքն է որ պիտի ըլլայ նշուալագեղ եւ անմահացնէ Մալէզեանի անունը (Էջ 267-272):

Վերը ակնարկեցինք, թէ Մալէզեան լիարժէք կերպով չէ ուսումնասիրուած եւ չէ սերտուած: Աւագեանի վերոնշեալ նկարագրութիւնը պարզապէս հետեւանք կարելի է համարել Մալէզեանը ճիշդ կերպով չընկալելուն ու չհասկնալուն: Աւելին, ան թերեւս Յակոբ Օշականի բացատրութեամբ այն խումբին կը պատկանի, որոնք «Վահան Մալէզեան անունին ետին կը մերժեն արուեստագէտը, զայն համարելով պատեհապաշտ, դաւաճան affairiste մը, որ տաղանդ է ունեցած գրականութիւնը օգտագործելու իր հաշիւներուն, դիրքին, ամբարձումին։ Քաղաքական, կուսակցամոլ կիրքեր կրնան միջամտել սա պատկերին կազմաւորման, բայց չեն փոխեր մեզի ձգուած գործին վրայ արմատացած համոզումներ»:

Վահան Մալէզեան ի՛նք, անդրադառնալով իր նկատմամբ կատարուած յարձակումներուն, քննադատութիւններուն, այսպէս կը գրէ. «…Շուրջս դեգերող շահադէտ մարդոց կամ առհասարակ նպաստախնդիր քծնողներու գովաբանական շռայլութիւնները միշտ արհամարհած եմ եւ երբե՛ք չեմ շփոթած ատոնք վերէն եկած ինքնաբուխ դրուատիքներու կամ շողշողուն գնահատականներու հետ, որոնց ազնուադրոշմ նպատակն էր ընդհանրապէս՝ անուղղակիօրէն հերքել անբարեխիղճ հակառակորդներու անարգանքները եւ զրպարտութիւնները, որոնք գուցէ կրնային ինծի վհատութիւն եւ յուսալքում պատճառել:

Ինչ որ ալ ըսեն ընդդիմադիրներս եւ համակիրներ իսկ, ոչ ոք կրնայ ուրանալ, թէ ես ազդուելով աջէն ու ձախէն եկած հարուածներէ երբեք չընկրկեցայ, այլ՝ ընդհակառակը արիաբար, ճակատս միշտ բարձր բռնած, առաջ քալեցի աներկեւան, իբրեւ անյողդողդ հասարակական գործիչ կամ անկախ գրող: Արդէն իմ գրական ուղեգիծս չեղաւ գրել՝ ուրիշներու հաճելի կամ մատչելի ըլլալու համար, այսինքն գրել ինչ որ կրնար դիւրին ծափեր խլել, մանաւանդ արդիական խելացնոր շարժումին հետեւելով ստրկօրէն, երբ կը տեսնենք, որ մեծերն անգամ, մեծատաղանդ գրագէտներ կամ նկարիչներ, կամովին դիմափոխուելով, մէկ օրէն միւսը, կը նախընտրեն արտադրել ո՛չ թէ իրենց բնազդական ճաշակին կամ ներշնչումին համաձայն, որոնց կը պարտին սակայն իրենց ամենէն նշանաւոր գլուխ-գործոցները, այլ «յաճախորդներու» յարափոփոխ նախասիրութիւններուն գոհացում տալու ձգտումով, որպէսզի իրենց նորահնար շիլ գիրքերը կամ առեղծուածային նկարները դիւրաւ ծախուին եւ մեծկա՜կ գիներով» («Ճամբուս ծայրը», Բ. հատոր, Փարիզ, 1955, էջ 266-267):

Անդին, իր «Ճամբուս վրայ» «Շինել եւ ոչ թէ քանդել» խորագիր կրող գրութեան մէջ, քննադատութեան մասին կը խօսի, ուր ի միջի այլոց կը գրէ.

Քննադատութիւնը ըստ ինքեան բարիք մըն է, երբ ցոյց կու տայ սխալը եւ կ՚առաջնորդէ դէպի լաւը. անոր բուն նպատակը չէ քանդել, այլ ընդհակառակը՝ շինել: Բայց այդ պիտակին տակ անիկա կ՚ըլլայ նաեւ չարիք մը, անձեռնհաս եւ անբարեխիղճ մարդոց ձեռքին մէջ վտանգաւոր զէնք մը եւ այդ զէնքը, զոր յաճախ կը գործածեն կիրքի կամ շահու համար, իրականին մէջ կը վարկաբեկէ նոյն ինքն քննադատը:

Քննադատութիւնը աներկբայօրէն բարիք մըն է, ցորքան ըստ էութեան բարեացակամ է, անաչառ է, մէկ խօսքով՝ շինարար է: Բարիք մըն է եւ պիտանի ծառայութիւն մը, հանրային կեանքի մէջ մանաւանդ, եթէ քննադատը ձեռնհաս մէկն է, ազնիւ հոգի մը ունի, նիւթին ինքնավստահ տէրն է, այսինքն՝ մասնագէտ մըն է, որ, բանասէրի մը պէս մանրակրկիտ խուզարկող, խղճմտօրէն կը վերլուծէ նիւթը, խորապէս կ՚ուսումնասիրէ առարկան եւ իր անժխտելի հեղինակութեամբը կը բարձրացնէ քննադատութիւնը մինչեւ ակնյայտ արտայայտութիւն, անբեկանելի վճիռի մը, պատգամի մը գերազդու զօրութեամբը:

Ցաւ ի սիրտ դիտած եմ, որ ընդհանուր առմամբ քննադատութիւնը չարչարեալ մըն է, որքան եւ չարչրկող մը: Շա՛տ քիչ անգամ անիկա իր բարձրութեան վրայ կը ներկայանայ հայ մամուլին մէջ, քանզի մեր մէջ քննադատութիւնը մասնագիտութիւն մը չէ, միայն առանձնաշնորհեալներու վերապահուած, այլ անիկա ազատ դուռ մըն է, ուրկէ տգէտը թէ ռամիկը, չարն ու բարին, հաւասարապէս մուտք կը գործեն: Յետին գրիչ խաղցնողը կամ լեզուն բերնին մէջ դարձնողը, ազատօրէն կը քննադատէ, կամ եւս կը խծբծէ, թերթի մը մէջ կամ սրճարանը, փողոցին մէջ թէ տունը: Եւ շատ դիւրաւ կը յաջողի քուէներ շահիլ, որովհետեւ ամբոխը ինք չի դատեր, այլ կը տարուի: Արդէն դիտուած է, որ հայը կուրօրէն կը հետեւի քննադատութեան, ինչպէս որ դիւրաւ կ՚իւրացնէ սեւցնող, վարկաբեկող բամբասանքը եւ զրպարտութիւնը, որ քննադատութեան դիմակին տակ կը սողոսկի օձի նման, խայթելու, թունաւորելու համար:

Եւ սակայն մենք ա՜յնքան պէտք ունինք ազնիւ, խղճամիտ եւ առողջ քննադատութիւններու, շատ մը սխալներ սրբագրելու եւ բարի գործեր լաւագոյնս ձեւակերպելու համար:

Անարժան, անարժէք մարդիկ միայն կը վախնան անկաշառ եւ անաչառ քննադատութենէ («Ճամբուս վրայ (Յուշագեղ)», Փարիզ, 1950, էջ 148-150):

***

Այժմ ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ մի քանի քերթուածներ «Կերոններ» (1891-1911) ժողովածոյէն, տպուած Իսթանպուլ, 1912-ին:

ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Լըռութի՜ւն: Դադրի՛ն ձայները մի պահ,
Եւ թող տիրէ շուրջս դատարկ լըռութիւն:
Ոչ իսկ տերեւին վըրայ հեզասահ
Թող զեփիւռն օրուի, ո՛չ մէկ մըրմընջիւն:

Կը ծաղրեն իմ սուգս աղմուկներն անճահ,
Նոյն իսկ մեղեդի մը կամ հըռընդիւն:
Թող թօշնին ձայներն, եւ ամէն բան մահ
Թըւի ջիղերուս, մահուան լըռութիւն:

Կ՚ուզեմ ես խոկալ եւ մեռնիլ հիմակ
Ներկեանքի սարսուռն, չերազուած անուրջ.
Վիշտերըս ըմբոշխնել կ՚ուզեմ միս մինակ:

Իմ մէջս ամփոփուած, ինչպէս կ՚ընեն լուրջ
Աղօթողները տաճարի մ՚անկիւն,
Թողէք տառապիմ դէպի լըռութիւն…:

ՆՈՒԻՐՈՒՄ

Քեզի պիտի տամ քընարիս
Բոլոր երգերը սիրատարփ,
Եւ հինաւուրց քընարս որ իս
Օրրեց յոյսով մը մըշտախաբ:

Քեզի պիտի տամ պալատ մը
Երազներէս շինուած միայն,
Եւ մայքներու վարդ եդեմը
Ուր կ՚արբենայ սէրս լըռելեայն:

Քեզի պիտի տամ ամէն բան,
Տիեզերքն իսկ իմ մտածումին,
Որպէսզի դուն միահեծան
Եսիս ըլլաս լոկ թագուհին:

Ու պիտի տամ քեզի նաեւ
-Երջանկութիւնն աս է արդէն-
Սիրտս, որ թաղես ձեռքովդ թեթեւ՝
Երբ դադրի օր մը սիրելէն:

ԻՄ ԾԵՐ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴ ՀՕՐՍ

Էր երբեմն, ծերն առարկայ էր ընդհանուր
Մեծարանքի, իմաստութեան աստուածն էր:
Իր լուրջ խօսքը վառ սիրտերը կը լընուր.
Կ՚ունկընդրէին իրեն ահեղ արքաներ:

Ցուպին յենած, ճերմակ մօրուքն հովերուն,
Կ՚երթար ծերը ամբոխին մէջ յարգալիր:
Իր ամպամած աչքը սեւեռ դէպ հեռուն,
Լըռութեամբը կ՚արտասանէր պատգամն իր:

Կո՞ւռքն անցեալին, թէ ոչ շիրիմն է վաղուան՝
Երբոր յաւէտ պիտի փակուին իր աչեր:
Կորաքամակ ու գըլխիկոր՝ պապն է ան,
Նահապետի սըրբութեամբը լուսաչեր:


Օգտագործած աղբիւրներ

- Յակոբ Օշական, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» իններորդ հատոր, Արուեստագէտ սերունդ, Անթիլիաս-Լիբանան, 1980:

- Յովհաննէս Աւագեան, «Գրական դէմքեր (Տպաւորութիւններ եւ նշմարներ)», Նիւ Եորք 1925:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

4 յունուար 2024, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 20, 2024