ՅԱՅՏՆԻ՝ ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՅԱՅՏ ԳԵՂԱՆԻ ՄԸ
Պատկերացուցէք անձ մը, որուն դէմքը գրեթէ ծանօ՛թ է բոլորին, սակայն ոչ ոք գիտէ անոր ո՛վ ըլլալը։ Անոր նկարը Պրազիլէն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսայէն՝ Իտալիա կը տարածուի, սակայն անոր իսկական ինքնութիւնը կը շարունակէ մնալ անյայտ: Այս տողերը գրելու ժամանակ մտածեցի, որ նոյն ճակատագիրը ունին ԱՄՆ-ի տոլարներուն վրայ տեղ գտած նկարները, որոնցմէ ամենէն յայտնին է միայն Ֆրանքլինը, բայց միւսները բոլորիս համար ալ կը շարունակեն մնալ անծանօթ։ Սակայն անձը, որուն մասին կը խօսինք, ի տարբերութիւն անոնց, մինչեւ օրս կ՚ապրի եւ ի զարմանս շատերու՝ թուրք երիտասարդուհի մըն է:
Մօտաւորապէս 2010 թուականէն ետք գրեթէ ամէ՛ն մարդ սկսաւ օգտուիլ արհեստագիտութեան ընծայած նոր «բարիք»ներէն, որոնց պատճառով կամաց կամաց սկսաւ վերանալ մարդոց կեանքի գաղտնիութիւնը։ Մարդիկ սկսան համացանցի մէջ տեղադրել իրենց առօրեան, նկարները, միտքերն ու տեսութիւնները: Սակայն, ինչպէս ամէ՛ն ոլորտի մէջ, համացանցէ ներս եւս (նոյնիսկ համացանցի ստեղծման առաջին օրերէն սկսեալ) յայտնուեցան խաբեբաներ, որոնք տարբեր միջոցներով համացանցը փորձեցին օգտագործել որոշ սեփական շահեր ապահովելու նենգ մտադրութեամբ:
Համացանցը առիթ ընծայեց մարդոց՝ մանաւանդ կեղծաւորներուն հրապարակ դուրս գալու՝ իրականութեան հակասող զանազան երեւոյթներով։ Գայլը հանդէս եկաւ՝ որպէս գառնուկ եւ ժամանակի ընթացքին մեծ խաբէութեան կենդրոն դարձաւ համացանցը:
Նոյն այդ թուականներուն մօտաւորապէս 18 տարեկան թուրք երիտասարդուհի մը համացանցի մէջ իր նկարը տեղադրեց։ Ան գեղանի էր եւ ունէր ուշագրաւ պարզութիւն մը: Նկարը շատ շատերու համար դուրեկան էր, սակայն երիտասարդուհիին համար եղաւ անսպասելին: Նենգ մտադրութիւններով որոշ անձեր սկսան համացանցի զանազան էջերու մէջ երիտասարդուհիին նկարները օգտագործել կեղծ հաշիւներ բանալով՝ ուրիշները խաբելու եւ գուցէ որպէս գեղանի օրիորդ ներկայանալով նիւթական ապահովելու խորամանկ մտադրութեամբ: Թուրք երիտասարդուհիին գեղանի եւ պարզ ըլլալը առաւելութիւն մըն էր, սակայն այս մէկը անսպասելիօրէն սկսաւ շատ արագ ձեւով տարածուիլ եւ կարճ ժամանակուան մէջ նոյն աղջկան նկարով քանի մը տասնեակէ աւելի հաշիւներ հրապարակ դուրս եկան: Այդ նոյն նկարը թուրքերու կողքին, սկսան նաեւ օգտագործուիլ օտարներու կողմէ. օրինակ՝ ռուսեր, ֆրանսացիներ, արաբներ, ամերիկացիներ, հնդիկներ եւ այլ երկիրներու խաբեբաներ։ Շուրջ տարի մը վերջ նոյն աղջկան նկարով բացուած էր աւելի քան մէկ միլիոն կեղծ հաշիւներ. նոյն նկարը՝ սակայն տարբեր անուններ:
Երիտասարդուհիին նկարը կը տարածուէր աշխարհով մէկ, սակայն այս մէկը ուրախութիւն չէր պատճառեր թուրք աղջկան։ Ան իր գեղեցկութիւնն ու յայտնիութիւնը օգտագործելու փոխարէն կը նախընտրէ հեռանալ համացանցէն եւ մարդոց աչքէն հեռու կեանք մը ապրիլ՝ կեդրոնանալով իր ուսումին եւ նպատակներուն վրայ: Այսօր անոր նկարով կարելի է գտնել «Anna Muzkova», «Alina Petrieva», «Pallavi Vernekar» եւ բազմաթիւ այլ կեղծանուններով հաշիւներ, որոնք ստեղծուած են խաբէութեան համար:
***
Համացանցի խաբէութիւնը լուրջ խնդիր մըն է եւ պէտք է աւելիով շեշտը դնել այդ խաբէութիւնը կանխելու միջոցներ գտնելու համար։ Այս վայրկեանին իսկ, բազմաթի՜ւ անձեր սիրահարութիւն մը կ՚ապրին ստեղծուած կեղծ նկարներու հետ։ Այդ խաբէութիւնը՝ նիւթականի կողքին կը խորտակէ նաեւ մարդոց հոգեկան աշխարհը, ինչ որ աւելի վտանգաւոր է՝ քան առաջինը:
Համաշխարհային վիճակագրութեանց համաձայն՝ 2023 թուականին այդ խաբէութիւնը արձանագրած էր 30 տոկոս աճ։ Ըստ նոյն վիճակագրութեան տարեկան դրութեամբ աւելի քան 1.3 միլիառ ամերիկեան տոլար գումար կը գողցուի՝ օգտագործելով կեղծ նկարներ ու հաշիւներ՝ մարդոց վստահութիւնը շահելու եւ սիրոյ յոյսեր ներշնչելու ճամբով։ Խաբեբաներ այս մէկը կը յաջողին առաւելաբար ընել 65-75 տարեկան մարդիկը խաբելով՝ օգտուելով անոնց տարիքէն եւ առանձնութեան հանգամանքէն: Տակաւին երեք ամիս առաջ ամերիկացի 74-ամեայ թոշակառու ուսուցիչ մը ինքնասպան եղաւ՝ սիրոյ խաբէութեան ճամբով աւելի քան 100 հազար ամերիկեան տոլար գումարի վնաս մը կրելուն պատճառով: Համաշխարհային մամուլի մէջ գրեթէ ամէն շաբաթ նման լուրեր կարելի է տեսնել ու կարդալ:
Դարեր շարունակ մարդիկ լաւապէս գիտակցած են, թէ անձ մը խաբելու լաւագոյն միջոցը մարդոց հոգեկան աշխարհն է։ Մարդիկ պատրաստ են խաբուիլ՝ երբ կը սիրեն, որովհետեւ սէրը վստահութիւն կը ներշնչէ եւ այդ մէկը շահագործման լաւագոյն առիթն է: Խաբէութեան միւս ձեւը (որ տարածուած է աւելի շատ Միջին Արեւելքի մէջ) հաւատքն է։ Մարդիկ պատրաստ են հաւատալ բոլոր այն «ճշմարտութիւն»ներուն, որոնք դէպի Տէրը կ՚առաջնորդեն։ Մարդոց երրորդ տկար տեղը աղքատ մանուկներն են։ Մարդիկ կը խաբուին ո՛չ թէ որովհետեւ «տգէտ» են, այլ որովհետեւ բարի՛ են եւ խաբեբաներ լաւագոյն ձեւով գիտեն օգտագործել մարդու հոգեկան աշխարհը:
Մեծ գումարներու կորուստը վստահաբար ցաւ կը պատճառէ։ Նիւթականը դարձեալ կարելի է ապահովել, վերականգնել, սակայն ընկճուած եւ յուսախաբ հոգեկան վիճակը վերականգնելը դժուար է եւ նման զոհերու մօտ նիւթականէն աւելի այդ հոգեկան անկումն է, որ աւերներ կը գործէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Օրուան որեւէ ժամուն թռչունս արթուն կը տեսնեմ. թռչունը քանի՞ ժամ կը քնանայ:
Պատասխան. Թռչունին անհրաժեշտ քունի ժամանակը կրնայ տարբերիլ, որովհետեւ իւրաքանչիւր թռչունի տեսակ տարբեր քնանալու ընթացք ունի: Ընդհանուր առումով թռչունները կը քնանան մօտաւորապէս 8-12 ժամ. շատ մը թռչուններ կրնան աւելի քնանալ:
Թռչունին քունը ապահովելու համար անհրաժեշտ է մութ միջավայր, որպէսզի ինքզինք ապահով զգայ եւ ստանայ իրեն անհրաժեշտ քունը: Եթէ օրուան որեւէ ժամուն ձեր թռչունը արթուն կը տեսնէք, սա կը նշանակէ, թէ ան բաւարար քուն չի ստանար: Ձեր կասկածները փարատելու համար կրնաք դիմել թռչնաբոյծի օգնութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024