ՆՈՐ ՏԱԿՆՈՒՎՐԱՅՈՒԹԻՒՆ
Կազզէի պատերազմին զուգահեռ կարեւոր իրադարձութիւններ երեւելի կը դառնան Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Ճիշդ է, որ հիմնական առանցքը կը շարունակէ մնալ Կազզէի ճակատը, բայց եւ այնպէս, բոլորին համար յստակ է, թէ այդ տագնապը զանազան հագուստներ հագուելով արդէն դուրս եկած է իր հիմնական հունէն։
Պատերազմը, այո, կը շարունակէ իր ամենաթէժ իրադարձութիւնները ապրիլ ու այդ առումով ալ առնուազն վերջին երկու շաբթուան դէպքերը կու գան գծել նոր համայնապատկեր մը, որ առաւելաբար կը խօսի Պաղեստինի զինեալներուն դաշտի վրայ ունեցած առաւելութիւններուն մասին։ Շատեր կրնան առարկել, թէ ի՞նչ առաւելութեան մասին է խօսքը, երբ ամբողջ Կազզէն գետնի հաւասարած է։ Բայց այստեղ դիտարկումը այլ ուղղութեամբ կը սլանայ։
Ակնարկուած առաւելութիւնը կը վերաբերի «Համաս»ի կողմէ տրուած հարուածներուն, որոնք Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գլխուն կ՚իջեցուին՝ լախտի հարուածներու նման։ Այս առումով ամենէն ուղենշայինն էր Էլ Մաղազի շրջանին մէջ պատահածը, որուն հետեւանքով ամբողջ Իսրայէլ տժգոյն պահեր ապրեցաւ։ «Համաս»ի զինեալներ կարողացան օդը հանել երկու շէնքեր, որոնք Իսրայէլի յատուկ ջոկատներուն կողմէ ականապատուած էին։ Դէպքը Իսրայէլի բանակէն 21 զոհ խլեց՝ պաշտօնական տուեալներով։ Պատահածը անսպասելի էր եւ լրատուութիւններէն անդին դուռ բացաւ վերլուծութիւններու։ Իսրայէլի ամենաբարձր մակարդակի գործիչները թէ՛ դէպքը դատապարտեցին եւ թէ մանաւանդ ընդգծեցին անոր քաոսային բնոյթը։
Այս բոլորը, անշուշտ, կը յիշեցնեն մօտաւոր անցեալի ենթադրական մօտեցումները, ըստ որոնց, Իսրայէլի համար Կազզէի մէջ երկարատեւ պատերազմ մը մղելը միայն վնասաբեր է ու կարգ մը պարագաներու տակ կրնայ ըլլալ ահարկու եւ լլկող։ Ի վերջոյ, լլկանքը պիտի յոգնեցնէ Իսրայէլի բանակը, որ առանց այդ ալ ունի հոգեբանական լուրջ խնդիրներ։ Ի շարունակութիւն, օրըստօրէ կ՚աճին այն վերլուծութիւնները, թէ Իսրայէլ առկայ վիճակէն դուրս գալու համար պարտաւոր է բանալ Լիբանանի հարաւի ճակատը. ճակատ, որով ան պիտի փորձէ նոր տակնուվրայութիւն մը ստեղծել տարածաշրջանին մէջ։ Ըստ այս բեմագրութեան, Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ը հարուածներու պիտի ենթարկուի եւ այս անգամ՝ ի տարբերութիւն նախորդ փուլերէն, հարուածները բացառապէս ուղղուած պիտի ըլլան անոր։ Այսպէսով Իսրայէլ գործադրութեան պիտի դնէ՝ մէկ քարով երկու թռչուն մօտեցումը. նախ պիտի հանդարտեցնէ միջազգային հանրութեան բոցավառ ուշադրութիւնը ու պիտի շեղէ անոր հայեացքը աղէտահար Կազզէէն, ապա նոր որակներով ներքին լարուածութիւն պիտի հրահրէ Լիբանանի ճակատին վրայ։
Անշուշտ, ենթադրութիւններու մեծ շղթայի մը օղակներն են այս բոլորը։ Միակ նպատակն է Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահուի ստեղծած քաոսէն ձերբազատուելու փորձը, որ դժուար ու անշնորհակալ գործ մըն է բոլոր պարագաներով։
Իսրայէլի մէջ հասարակութիւնը այսօր մեծ հարցադրումներ, դժգոհութիւն եւ բողոք ունի կառավարութենէն ու անոր գլխաւոր դէմքէն։ Ի վերջոյ կը սպասէ Կազզէի մէջ հրադադարի առաջին աւետիսին, որպէսզի իր շարժումները կեդրոնացնէ բոլորովին այլ ուղղութեան մը վրայ, արագօրէն պահանջէ Նեթանիյահուի հրաժարականը եւ լայն բանայ անոր վերջնական տապալման դուռը։
Այս իսկ կէտին վրայ կը ծագի ամենաէական հարցադրումը. Նեթանիյահու եւ իր կառավարութիւնը պիտի կարողանա՞ն երկարաձգել այս պատերազմը, թէ ոչ։ Ի վերջոյ այդ երկարաձգումը չի բխիր Իսրայէլի թիւ մէկ հովանաւորին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խորքային շահերէն։ Ուաշինկթընի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը հազիւ թէ կը կարողանայ զսպել հասցէական մեղադրանքներն ու դժգոհութիւնը՝ Նեթանիյահուի վարքին, գործած սխալներուն, նաեւ Կազզէի մէջ անոր հեռահար ծրագրիրներուն դէմ։
Իրադրութիւնը բաւական լուրջ է Իսրայէլի տեսակէտէ։ Արդարեւ, անոր տնտեսական, անվտանգային եւ այլ խնդիրները օրըստօրէ աւելիով մեծ տարողութեան մը հասած են եւ օրըստօրէ խորանալու ներուժը ունին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024