ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ վառ տպաւորութիւն գործեց մասնակիցներուն վրայ։ «Մենք երգ ենք» նախագծի ամբողջին մէջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին երիտասարդ արուեստագէտներ դասական երաժշտութեան եւ շանի կատարումներով հանդէս եկան։ Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սեւան Աթաօղլու, որ այս համերգաշարի կազմակերպման համակարգողն է։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, որ սիրայօժար տրամադրած է դահլիճը։ Յայտագրի տեւողութեան հանդէս եկան Միքայէլ Էքմեքճի, Նայեատ եւ Նայիրի Գալայլը քոյրերը, Արթուն Էօզպիւլպիւլ, Նայիրա Այտըն, Ատիս Տողանայ, Թալիա Սիրեմ Էրոլ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը չորս գործ մեկնաբանեց։
Երեկոյթի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին յայտագրի մասնակից երիտասարդ արուեստագէտները գնահատանքով շրջապատուեցան բոլորին կողմէ։