Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿՆԵՐԸ. ՃՐԱԳՆԵՐԸ ՎԱՌՈՒԵՑԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջը, որ կը խորհրդանշէ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը։ Երէկ երեկոյեան Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ վառուեցան Տեառնընդառաջի ճրագները։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Տեառնընդառաջի նախատօնակին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց նախատօնակին։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ալ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցան հոգեպարար արարողութիւններ։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2024