ՀՌՈՄԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի ընտրութեան եւ գահակալութեան 11-րդ տարեդարձը երէկ քաղաքիս մէջ նշուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Այս առթիւ, Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ մը, որ համախմբեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ Գոհաբանական Ս. Պատարագին հանդիսապետելու համար Վատիկանէն քաղաքս եկած էր Սուրբ Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութեանց նախարար Մոնս. Փոլ Կելեքըր, որու կողքին էին Անգարայի մօտ պապական նուիրակ Մոնս. Մարեք Սոլեզինսքի եւ Իսթանպուլի պապական փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը եւս մասնակցութիւն բերին այս հանդիսաւոր արարողութեան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Գոհաբանական Ս. Պատարագի ընթացքին սրտի խօսքերով հանդէս եկան թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ թէ յունաց Պատրիարքը։
Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, Վատիկանի քաղաքիս ներկայացուցչութեան մէջ սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը՝ ի նշանաւորումն Սրբազան Պապի ընտրութեան եւ գահակալութեան տարեդարձին։