«ՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ԿԱՆՉ»
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Որդիներու կանչ» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ «Որդիներու կանչ»ը կը միաւորէ նահատակ զինուորներու ծնողներն ու հարազատները։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան առթիւ «Որդիներու կանչ»ի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց կազմակերպութեան կողմէ ներդրուած ջանքերը՝ յանուն Հայաստանի իրենց կեանքը ընծայած հայորդիներու ընտանիքներու համախմբման եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Ան հաստատեց, որ զոհուած սիրելիներու ծանր կորուստի ցաւը կարելի է սփոփել կարեկից եւ օգնական ըլլալով իրարու, նաեւ կեանքի կոչելով անոնց նուիրական երազները։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորները պիտի շարունակեն առանձնակի հովուական խնամք եւ ուշադրութիւն ցուցաբերել նման ընտանիքներուն՝ զօրացնելու համար անոնց սրտերուն մէջ հաւատն ու լաւատեսութիւնը ապագայի նկատմամբ։
Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպութեան անդամներուն՝ ազգային արժէքներու ամրապնդման, հայրենասիրական ոգիով սերունդներու դաստիարակութեան հարցերու մէջ դրսեւորուած նախանձախնդրութեան համար։
Հայաստանի շուրջ առկայ անվտանգային մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ Վեհափառ Հայրապետը հրամայական նկատեց համազգային միաբանութիւնը, որով հնարաւոր պիտի ըլլայ կասեցնել նոր արհաւիրքները, ապահովել խաղաղութիւնը երկրի սահմաններուն վրայ եւ հետամուտ ըլլալ հայրենի հողին վրայ Արցախի ժողովուրդի անկախ եւ անվտանգ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան։
Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրներուն, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն։