ԿԱԶԶԷԻ ՄԷՋ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ԵԿԱԾ
Իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Կազզէի մէջ հրադադար մը հաստատելու բոլոր փորձերը պիտի շարունակեն տապալիլ։ Այստեղ, անշուշտ, հարկ է հաշուի առնել այն հիմնական փաստը, թէ որեւէ հրադադարի վերջնական համաձայնութիւնը կամ համաձայնութեան գաղտնաբառը կը պատկանի Իսրայէլի հովանաւորին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, որուն քաղաքական վերնախաւը կ՚ապրի ներքին անորոշութիւն։
Արեւմուտքի՝ Ուքրայնայի ճատակի նահանջը եւ Կազզէի մէջ ալ շօշափելի արդիւնքներու չհասնիլը ԱՄՆ-ը մեծ ճնշումներու տակ կը դնեն։ Ու այդ ճնշումները թեթեւցնելու միակ միջոցը, կարծէք, կողմերուն միջեւ հաւասարութեան նշան մը դնելիք հրադադարի մը հաստատումն է։ Այս կապակցութեամբ Ուաշինկթըն յստակ եւ վճռական պատկերացում մը կամ որոշում մը ցարդ չունի։
Այստեղ հարկ է հաշուի առնել, որ փակ սենեակներու բանակցութիւններուն առընթեր, ԱՄՆ տակաւին մեծ յոյսեր կը փայփայէ, որ Իսրայէլի բանակը կը կարողանայ Կազզէի մէջ նոր որակի կամ բեկումնային շարժի մը առաջին աւետիսները հրապարակէ, ինչ որ կերպով մը կրնայ աւելի հեզասահ դարձնել բանակցութիւններու ընդհանուր հունը։ Այս պարագային ԱՄՆ-ի ակնկալութիւնները բաւական ուռճացուած են, որովհետեւ առանց ռազմի դաշտերէն տեղեկութիւնները քով քովի շարելու՝ պարզ մտքի տրամաբանական թել մը պահպանելով կարելի է հետեւցնել, որ դրական տեղաշարժ մը ունենալու ներուժով որեւէ կանոնաւոր բանակի համար անընդունելի է թիրախ դարձնել անզէն քաղաքացիներու բնակավայրերը, թաղամասերն ու նոյնիսկ նկուղները։ Սակայն, գետնի վրայ խաղը ցոյց կու տայ, որ Իսրայէլի բանակը ո՛չ միայն տեղաշարժ մը կատարելու ընդունակութիւնը չունի, այլ կանոնաւոր կերպով կը շարունակէ օրակարգի նիւթ դարձնել Կազզէի հիւանդանոցներն ու նկուղները։ Այսպէսով անընդունելի եւ անմարդկային սպանդներու շարանը կը շարունակուի։
Թել Աւիւ պաշտօնապէս երկար ժամանակէ ի վեր փակած է այս պատերազմի ընթացքին մարդասիրական տեսակէտէ խոցելի բանակ մը ունենալու դրոյթը։ Ան այսօր եւ աւելի քան որեւէ ժամանակ ունի ներքին խնդիրներ, որոնք կրնան ամէն պահ պայթեցնել երկրի զինուորական կառավարութիւնը՝ իր ամբողջութեան մէջ։ Բանակի բարձրաստիճան սպաներուն, վարչապետ Նեթանիյահուին եւ միւս կողմէ ալ պատերազմի նախարար Կալանթինի միջեւ առկայ տարակարծութիւնները կրնան երկար ժամանակով շարունակուիլ եւ ի վերջոյ ստեղծել անկառավարելի իրավիճակ մը Իսրայէլի տեսակէտէ։ Թերեւս այս պատճառով Նեթանիյահու կը շտապէ վայրկեան առաջ հրադադարի մը հասնելու համար։
Այս նոյն կէտին վրայ ի յայտ կու գան լուրջ տարակարծութիւնները՝ մէկ կողմէ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի, իսկ միւս կողմէ Պենիամին Նեթանիյահուի միջեւ։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ կամ անտես առնել, որ պատերազմի առաջին փուլին Իսրայէլ պատրաստ չէր հրադադարի մը, սակայն այսօր անոր կեցուածքը ամբողջութեամբ փոխուած է։ Իսկ ԱՄՆ, որ պատերազմի առաջին օրերուն հետամուտ էր հրադադար մը հաստատելու եւ այդ մէկը հովանաւորելու, ապա այսօր արդէն այդքան ալ հետաքրքրուած չէ հրադադարով մը։ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը՝ յատկապէս Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան նիւթով արդէն սպառած է։ Մարդ իսկապէս կը կարկամի, երբ կը փորձէ իրական հիմքերու վրայ դատել եւ դիտարկել Կազզէի ընդհանուր իրավիճակը ու քիչ մըն ալ ցասում կ՚ապրի հարց տալով, թէ ԱՄՆ-ի նման հզօր տէրութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ թոյլ տալ, որ օրը ցերեկով եւ արար աշխարհի աչքերուն առջեւ Պաղեստինի ամբողջ ժողովուրդը խաչը հանուի, արիւնոտուի եւ նախճիրի ենթարկուի։ Եւ, անշուշտ, այս բոլորը կը կատարուին՝ միայն թէ չխախտուի Իսրայէլի նկատմամբ հոգատարութեան կեցուածքը, որ երկար տարիներու պատմութիւն ունի։ Այս բեմագրութիւնը կը պարունակէ պատմական դրոյթներ եւ նոյնիսկ ամերիկեան ներքին մօտեցումներ, որոնք, սակայն, կրնան շատ արագ փոխուիլ, եթէ Պաղեստին կարողանայ ճիշդ մօտեցումներ որդեգրել ու վերածուիլ խօսակիցի մը, որ իրական, առանց ծայրայեղութեան մօտեցումներ ունի։ Սա, անշուշտ, բոլորովին այլ նիւթ մըն է, բայց եւ այնպէս, այսօր Իսրայէլի վերաբերեալ ամերիկեան ընդհանուր կեցուածքը դժուար թէ փոխուի՝ հակառակ այն մեծ բեռան, որ արդէն գոյացած է Իսրայէլի ու անոր խօլաբար գործող բանակի սխալներուն պատճառով։
Հետեւաբար, Իսրայէլ այսօր ԱՄՆ-ի համար դարձած է իսկական բեռ մը. բեռ, որմէ ԱՄՆ վայրկեան առաջ կ՚ուզէ ձերբազատուիլ, սակայն անկարող է։ Հրադադարի ընդհանուր բանակցութիւնները այս պարունակին մէջ դիտելու պարագային հնարաւոր կ՚ըլլայ իսկապէս ընկալել ԱՄՆ-ի մօտեցումները՝ այն իմաստով, որ հրադադարի կարելի է հասնիլ միայն այն պարագային, եթէ Իսրայէլի ձեռքը անցնին կարգ մը դրական միաւորներ, որոնք գործածութեան պիտի դրուին յառաջիկայ նոյեմբերին ԱՄՆ-ի մէջ նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ։
Ու քանի այդ միաւորները դեռ երեւելի չեն, ապա ամէն բան կարելի է սպասել շփոթահար Իսրայէլէն՝ ընդհուպ մինչեւ բառացիօրէն նոր ցեղասպանութիւն մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան