ՁԱԽՈՂԱԾ «ՀԱՐՑ» ՄԸ
Շատ մը մոլեռանդ հայեր գուցէ ջղագրգռուին այս տողերէն, սակայն ամէն ժամանակէ աւելի այսօր ժամանակավրէպ կը նկատենք «Հայկական հարց» ըսուած խնդիրը, լաւապէս գիտակցելով, որ նման հարցի մը անտեսումը բարոյաքում մըն է իւրաքանչիւր հայու համար:
Շատեր կարդալով այս տողերը եւ նեղմտութեամբ բառացիօրէն ըմբռնելով այս տողերը վստահաբար պիտի քննադատէ. ոչինչ, բոլորս ալ գիտենք, որ մեր ազգին մէջ թանձրամիտները չեն պակսիր: «Հայկական հարց»ը մեր մէջ ի սկզբանէ ձախողած պայքար մըն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր կուսակցութեան, իւրաքանչիւր կազմակերպութեան ու անձի համար այդ «հարց»ը տարբեր բնոյթ ու տարբեր համոզում մը ունի. այդ պայքարը պարտուած է, որովհետեւ այդ հարցին ինչ ըլլալուն մասին ամբողջական, յստակ ու միաձայն պատկերացում մը չունինք. միայն գիտենք, որ կայ հայկական հարց մը՝ որ մեծ հարցական մը կը շարունակէ մնալ աւելի քան դար մը ետք:
Այսօր դուրս եկէք փողոց եւ երիտասարդութեան հարցուցէ՛ք, թէ ի՞նչ է հայկական հարցը եւ ինք որպէս հասուն ու գիտակից երիտասարդ ինչպիսի՞ լուծումներ կ՚առաջարկէ նման «հարց» մը լուծումի հասցնելու համար: Այս յօդուածը կը գրենք, որովհետեւ ձանձրացած ենք բեմերու վրայէն լսուող փարթամ ու ճոխ բառերէն: Մեր այս պայքարը ձախողած կը նկատենք, որովհետեւ աւելի քան դար մը չի՛ կրցանք կողմնորոշուիլ ու ազգովի համաձայնութեան գալ, թէ մեր ուզածը ի՞նչ է. այդ ուզուածին ինչ ըլլալը ո՛չ ոք գիտէ, սակայն ականջի անուշ կը լսուի «հայկական հարց»ը՝ աշխատանք մը ընել, պայքար մը մղել «կ՚ենթադրէ»:
Վերջերս կը կարդամ երիտասարդի մը տուած հարցազրոյցը (մեծ հաւանականութեամբ կուսակցական մը), որ կը խօսի «Հայկական հարց»ի մասին. իր համոզումով, հայկական հարցի լուծումով հայ ժողովուրդը պիտի վերատիրանայ իր հողերուն. երիտասարդը կ՚ըսէ. «Ասիկա պիտի դիւրացնէ կարելիութիւնը մեր ժողովուրդին իր դարաւոր հայրենիքին մէջ համախմբուելու» եւ ոգեւորուած իր այս խօսքերէն կ՚ըսէ. «Այսպէսով պիտի իրականանայ ամբողջական ժողովուրդ ամբողջական հայրենիքով մեր մեծ երազը»։ Ի՜նչ լաւ է որ երիտասարդը այս բոլորը որպէս «երազ» կ՚որակէ. ո՞վ ունի համոզումը այս մեծ երազին. ո՞վ համոզուած է, որ ամբողջական հայրենիք մը ունենալու պարագային ամբողջ սփիւռքի հայութիւնը, ձգելով իրենց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու «հանգիստ»ը պիտի գան «շէնցնելու» հայկական լքեալ գիւղերն ու գաւառները:
Դիւրին է խօսիլ այդ երազին մասին, սակայն ո՞ւր է այդ երազին ճշմարիտ հաշուարկը. քանի՞ անհատ պատրաստ է վերադառնալ իր պապերուն գիւղերը եւ զբաղուիլ հողագործութեամբ:
Այս երեւոյթներուն պատճառով է, որ պարտուած կը նկատենք հայկական հարցը, որովհետեւ «Հայկական հարց» մը ունենալու համար հայեր են պէտք եւ մենք այսօր հիմնականին մէջ հայը պահելու պայքարը պէտք է մղենք եւ ո՛չ հողերու, որովհետեւ հողերը առանց հայու՝ երբեք ալ իմաստ պիտի չունենայ։ Այսօր «Հայկական հարց»էն շատ աւելի առաջնահերթ կը նկատենք սփիւռքի ափերուն հայերէն լեզուն մոռացութեան տուած երիտասարդութեան վիճակը, որովհետեւ զանոնք չհայացնելը անոնց ապագայ սերունդները եւս կորսնցնել կը նշանակէ. այդ հայու արիւն ունեցող, սակայն օտարի հոգեբանութեամբ ապրող ձուլուած հայ երիտասարդ մը հայութեան վերադարձնելը «Հայկական հարց»ին համար գումարուած բազմատասնեակ ժողովներէն աւելի կ՚արժէ, որովհետեւ աւելի քան դար մը մեր ժողովուրդը ձանձրացաւ ժողովներերէն՝ համոզուած ըլլալով, որ իւրաքանչիւր ժողով յաջորդ ժողովին թուականը որոշելու կը ծառայէ պարզապէս:
Վերոյիշեալ երիտասարդին հարց կը տրուի. «Ի՞նչ կ՚ընէք ձեր անդամները պատրաստելու այս ուղղութեամբ»։ Պատասխանը հետեւեալն է. «Որպէս տիպար հայեր, հայկական հարցը միշտ վառ կը պահենք անոնց մէջ»: Ականջի լսուող սիրուն նախադասութիւն մըն է, սակայն ո՞ւր է պատասխանը... ո՞վ, ի՞նչ հասկցաւ այս «վառ պահել»էն։ Գործնական գետնի վրայ ի՞նչ ճշմարիտ արդիւնքներ ձեռք բերուեցաւ... մարդ չի՛ գիտեր, միայն գիտենք որ «վառ պահեցին»:
Մեր «հայկական հարց»ը հետապնդողները կը նմնանին մարդու, որոնք մէկ զաւակ ունին ու չե՛ն կրնար խնամել ու կերակրել. սակայն հակառակ անոր, կ՚ուզեն 20-30 զաւակ ունենալ... նոյն վիճակին մէջ ենք այսօր. մեր փոքր հայրենիքը տակաւին պահել չենք կրնար, սակայն աւելի մեծին մասին կը մտածենք:
Այս բոլորը քննադատութիւն չէ, պարզապէս առիթ մըն է զգաստանալու եւ վերացականէն անդին իրականութեան մէջ մտածելու. հայ ժողովուրդը յագեցած է ճոխ լոզունգներէն:
Ժամանակն է, որ մեր ուժերը հողերը փրկելու երազի փոխարէն կենդրոնացնել կամաց կամաց անհետացող հայ սերունդները փրկելու. այս հարցը շատ աւելի վեր է ու կարեւոր քան քաղաքական միւս խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, որովհետեւ առանց հայու անիմաստ է ունենալ հայրենիք եւ մենք այսօր այդ հայու տեսակը պահելու լուրջ դժուարութեան դիմաց կը գտնուինք:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար փետրուար ամիսը 28 կամ 29 օր է եւ ոչ 30 կամ 31:
Պատասխան. Փետրուար ամսուան 28 կամ 29 օր ունենալուն պատճառը աստղագիտական բարդութիւններն են. հռոմէական օրացոյցը սկզբնական վիճակին մէջ ունէր 10 ամիս. այդտեղ չկային յունուարն ու փետրուարը: Փետրուար ամիսը ապագային աւելցուած է որպէս վերջին ամիս, որպէս 28 օր։ Պատճառը արեգակնային տարուան հետ լուսնային օրացոյցը համապատասխան պահելու ջանք մըն էր, որ ապագային լուծում ստացաւ նահանջ տարուան մուտքով՝ որ տեղի կ՚ունենայ չորս տարին մէկ: Օրերու աւելի պակաս ըլլալուն պատճառն ու նպատակը լուսնային եւ արեւային համակարգին միջեւ եղած անհամապատասխանութիւնը փարատելն էր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024