ՁԵՐ ՎԷՐՔԵՐԸ… ՁԵՐ ԶՈՀԵՐԸ
Արեւմտահայուն եւ արեւելահայուն բախումը սկիզբ առաւ այն ժամանակ, երբ սփիւռքը հայրենիքին, իսկ հայրենիքը՝ սփիւռքին օգնութեան կարիքը ունէր. դժոխքը հարազատ աչքերով տեսած արեւմտահայը իր վէրքերը բուժելու եւ ցաւերը սփոփելու համար հայրենիքի աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը ունէր, իսկ հայրենիքը իր կարգին վերածաղկելու համար կարօտութիւնը ունէր սփիւռքին:
Մտայնութիւնները ամբողջութեամբ տարբեր էին. արեւմտահայը օտար երկիր մէջ կ՚ուզէր կառուցել իր տունը, մինչ հայրենիքը այդ մէկը «ժամանակաւոր» ու «անցողական» կը նկատէր: Այս կապակցութեամբ 1921 թուականին Երեւանի մէջ հիմնուած Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէն գրեթէ սփիւռքահայ բոլոր մամուլներուն մէջ հրատարակած է «կոչ» մը. այդ «կոչ»ը ես գտայ 1924-1934 թուականներուն Լիբանանի մէջ լոյս տեսած «Լիբանան» թերթի կիրակի, 22 յունիս 1924-ի թիւին մէջ: Հակառակ այն իրողութեան, որ հրապարակուած «կոչ»ը օգնութեան մը կոչ էր, սակայն հայրենիքը որպէս «թշուառ» ու «ողորմելի» չէր ներկայանար. Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէն իր կոչը կը սկսէր հետեւեալ տողերով. «Հայաստանը այժմ կ՚ապրի այնպիսի վերածնութեան ու բողբոջման շրջան, որ չէր տեսած դարաւոր մեր պատմութեան ընթացքին». անոնք կը յայտնէին, թէ հայրենիքը կ՚ապրի տնտեսական, մշակութային ու հոգեւոր աճ:
Ինչքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, եթէ այս հայրենագովութիւնը նպատակ ունենար աշխարհասփիւռ հայերը իր թեւերուն տակ հաւաքել, սակայն այս «կոչ»ին նպատակը այդ մէկը չէր. նպատակը պարզապէս օգնութիւն հայցելն էր գաղութներէ՝ որոնք հազիւ կրնային գոյատեւել:
«Կոչ»ը կը շարունակէ. «Կը զարնենք Հայաստանի օգնութեան զանգերը ու ձեզ կը յիշեցնենք՝ գաղութներու մէջ ապրող հայրենակիցները, կ՚ուզենք յիշեցնել այն դառն ճշմարտութիւնը՝ որ կորստեան մատնուած է ամէն մի գաղութ»:
Կոչը մտահոգեցուցիչ է. այո, այդ ժամանակ գաղութները մերօրեայ փայլուն վիճակը չունէին. մեծ եղեռնէն նոր ազատած կենաց ու մահու կռիւ կը մղէին, միւս կողմէ սակայն ամէն ջանք ի գործ կը դրուէր, որպէսզի գաղութներուն մէջ կառուցուի եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ եւ այդ «երազ»ը ի գործ դրուելու համար հայորդիներ կը ցուցաբերէին մեծամեծ նիւթական զոհողութիւններ։ Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէն գիտէր այդ մէկը եւ իր «կոչ»ով ըսել կ՚ուզէր, թէ ինչքա՜ն աւելի լաւ պիտի ըլլար այդ նիւթական բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնել հայրենիքի ծաղկեցման: Այս մէկը այսօր լրջօրէն պէտք է մտածումի առիթ տայ:
Ճի՛շդ է, սփիւռքի մէջ գաղութները հաստատելու համար դրուած ընդհանուր գումարները մէկտեղելով, մենք կրնայինք շա՛տ զօրաւոր եւ հզօր հայրենիք մը ունենալ, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակաշրջանին մեր հայրենիքը ազատ ու անկախ վիճակ մը չունէր։ Յետեղեռնի եթէ Հայաստանը ունենար ազատ ու անկախ վիճակ, կը հաւատանք, որ ամբողջ հայութեան պատկերը տարբեր վիճակ մը կը պարզէր այսօր. պէտք է մտածել. սփիւռքի կողմէ ղրկուած այդ գումարներէն քանի՞ն իրապէս պիտի ծառայէր հայրենիքի կառուցման. սակայն յետ անկախութեան այդ հարցին պատասխանը բոլոր ազգը ստացաւ. գուցէ Խորհրդային Միութեան ժամանակ այնքան մեծ գումարներ չղրկուեցան Հայաստան, սակայն յետ անկախութեան շրջանին, մանաւանդ Արցախի շինութեան համար աւելի քան երեք տասնեակ սփիւռքը նիւթական ամէն զոհողութիւն յանձն առաւ հայրենաշինութեան համար. աներեւակայելի գումարներ ղրկուեցան Հայաստան, սակայն ներկան կը փաստէ, որ այդ մէկը ծառայեց պարզապէս մի քանի անձերու հարստացման:
Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէն օգնութիւն ուզելով հանդերձ կը գրէր սփիւռքի հայերուն. «Գիտենք. թարմ են ձեր վէրքերը, անթիւ ձեր տուած զոհերը». այստեղ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ «ձեր վէրքերը» եւ «ձեր տուած զոհերը» արտայայտութիւնը եւ ճի՛շդ հոս կը կայանայ արեւմտահայ եւ արեւելահայ բախումի հիմնական պատճառը։ Արեւելահայը (շատ անգամ մինչեւ այսօր) կը հաւատայ, որ այդ ցաւը, վէրքը ու զոհերը արեւմտահայունն են՝ եւ ո՛չ իրը: Տակաւին օրեր առաջ արեւմտահայ մը կը խօսէր, թէ իրենք (արեւելահայերը) խնդիր ունին ազերիին հետ՝ եւ ո՛չ թուրքին: Դժբախտաբար ինչպէս միշտ, այս պարագային եւս մենք չկրցանք ըլլալ մէկ ազգ ու մէկ միութիւն. արեւելահայը արեւմտահայուն ցաւը չընդունեց որպէս իրը եւ այս մէկը կարելի է փաստել այս կոչով, որ թէեւ իրաւացի, սակայն որպէս ամօթ կը յիշենք:
Հայրենիքը փորձեց օգտուիլ սփիւռքէն, որովհետեւ որպէս հայրենիք՝ որպէս ծնողք իրաւունքն էր իր որդիներէն օգնութիւն խնդրել եւ ինչու չէ՝ պահանջել, սակայն հայրենիքը՝ որպէս ծնողք պարտաւոր էր այդ օգնութիւնը խնդրելու եւ պահանջելու կողքին որպէս ծնողք մօտէ՛ն հետաքրքրուէր իր զաւակներուն վէրքերով ու ցաւերով:
Այս բոլորը կու գան այն եզրակացութեան, որ հայրենիք եւ սփիւռք կապը առաջին իսկ օրէն մեր ժողովուրդը չկրցաւ առողջ գիծի մը վրայ դնել եւ մինչեւ օրս սխալ ուղին կը շարունակուի: Այսօր արեամբ շաղախուած են հայրենիք եւ սփիւռք, սակայն իրականութեան մէջ՝ անոնք ամբողջութեամբ օտարներ են՝ լոկ շահի վրայ հիմնուած բարեկամութեան մը շողին տակ միացած:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կոյրերը ինչպէ՞ս կը տեսնեն աշխարհը:
Պատասխան. Կոյրերը աշխարհը կը տեսնեն իրենց միւս զգայարաններու միջոցով՝ հիմնուելով լսողական, հոտառական եւ շօշափելու ազդանշաններուն հիման վրայ: Անոնք առաջնորդուելու համար կը գործածեն ձայնը, իսկ ձեւերը կը ճանչնան շօշափելով: Անոնք տեսողութիւն չունին, սակայն այդ մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ զարգանայ անոնց յիշողութիւնը: Հակառակ իրենց կոյր ըլլալուն, անոնք լաւապէս կը ճանչնան իրենց շրջապատը՝ օգտագործելով իրենց միւս զգայարանքները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024