ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ

«Այս է իմ պատուիրանս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12-13)։ Արդարեւ, սէրը ամբողջ քրիստոնէութեան ամփոփումը եւ խտացումն է։ Արդարեւ, Յովհաննէս առաքեալ իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Սիրելինե՛ր, մէկզմէկ սիրենք, վասնզի սէրը Աստուծմէ ծնած է եւ կը ճանչնայ Աստուած։ Ան որ չի սիրեր, Աստուած չի ճանչնար. վասնզի Աստուած սէր է». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7-8)։ Ամէն մարդ սիրոյ մասին գաղափար մը ունի եւ կրնայ խօսիլ սիրոյ մասին։ Բայց երբ հարցուի, թէ ի՞նչ է սէրը, քիչեր կրնան յստակ պատասխան մը տալ այդ հարցումին։

Արդարեւ, սէրը մարդուն ամենէն հիմնական եւ էական զգացումն է, ան թէեւ տեսակներ ունի եւ աստիճաններ, բայց էապէս անոր բնութիւնը զոհողութեան ըմբռնումն է, թէ ի՞նչ է զոհողութիւնը։ Ամենէն պարզ բացատրութեամբ, զոհողութիւնը իրմէ սիրայօժար ուրիշի մը տա՛լն է, հոգեպէս, բարոյապէս եւ նիւթապէս։ Այս իմաստով, զոհողութիւնը կամաւոր զրկանք մըն է՝ ի նպաստ ուրիշի մը։ Զոհողութիւնը նուիրում է, անձնուիրութիւն եւ զրկանք կամ մահ, որ մարդ յանձն կ՚առնէ լաւ եւ բարի նպատակի մը համար եւ կամ բարձր գաղափարի մը համար։ Ուրեմն, զոհողութիւնը անձէն բան մը պակսեցնել, նուիրել եւ զիջում կատարել է՝ ի շահ մէկու մը եւ ի վնաս իրեն։ Մարդ զոհողութիւն ընելով իրմէ կը զրկէ բան մը՝ հոգեպէս, բարոյապէս եւ կամ նիւթապէս, եւ կու տայ ուրիշի մը։

Ահաւասիկ, սէրը հիմնուած է զոհողութեան այս գաղափարին վրայ։ Եւ այն՝ որ զոհողութեան գաղափարին անծանօթ է եւ անտարբեր է այդ զգացումին, երբեք իր մէջ չ՚ունենար իսկական սէր ոեւէ մէկու հանդէպ։ Եւ այս հարցին, աւելի վերը ըսինք որ սէրը ունի տեսակներ եւ աստիճաններ։ Տեսակներ՝ ծնողի սէր, եղբօր սէր, զաւկի սէր, ամուսիններու սէր, բնութեան սէր եւ այլն, որոնց լրումը՝ ամբողջացումը եւ բացարձակն է Աստուծոյ սէրը։ Այն որ Աստուած կը սիրէ՝ Աստուծոյ բոլոր արարածները, այսինքն ամէն ինչ կը սիրէ եւ այն որ մարդը կը սիրէ, կը սիրէ անոր Արարիչը՝ զԱստուա՛ծ։

Սէրը այնպիսի զգացում մըն է, որ մարդ կը մոռնայ, կ՚անտեսէ ինքզինք եւ ինքզինք կը նուիրէ անոր՝ որուն հանդէպ սիրոյ զգացում ունի։ Զոր օրինակ, մայր մը կրնայ զոհուիլ, անձը նուիրել իր զաւկին համար՝ ինք անօթի կը մնայ, բայց անպայման կը կերակրէ իր զաւակը։ Եւ ամէն տեսակի սէր աստիճանաբար այս զոհողութիւնը յանձն կ՚առնէ կամաւոր եւ ամենայն յօժարութեամբ եւ ո՛չ թէ ստիպողաբար, քանի որ ան բնատուր զգացում մըն է։ Իսկական, անկեղծ սէրը ո՛չ պատճառ, ոչ ալ որեւէ պատրուակ կը ճանչնայ, ան զուտ եւ բացարձակ սէր է եւ անվե՛րջ է։

Եւ սէրը քանի որ Աստուծմէ կու գայ՝ անմահ է եւ մշտնջենաւոր։ Սէրը չի պակսիր, չի կորսուիր։ Ոմանք կ՚ըսեն. «սէրը վերջացաւ», այդ կը նշանակէ, թէ խնդրոյ առարկայ «սէր»ը ճշմարիտ սէր չէ, թէեւ սիրոյ նման բայց ո՛չ սէր՝ խաբէական, կարծեցեալ սէր մը։ Ուստի, ճշմարիտ, անկեղծ սէրը չի փոխուիր, չի վերջանար, չի ծերանար եւ մա՛հն իսկ չի կրնար վերջացնել զայն, քանի որ ճշմարիտ սէրը մարմնի հետ կապ չունի, բոլորովին հոգեկան էութիւն մըն է եւ քանի որ հոգին անմահ է, ապա ուրեմն եւ բնականաբար սէրն ալ անմահ է եւ յաւիտենակա՛ն։

Եւ սիրոյ վերջին աստիճանն է՝ կեանքն իսկ զոհելու պատրաստակամութիւնը անոր համար. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Արդարեւ, Յիսուս իր իսկ օրինակով ցոյց տուաւ ճշմարիտ եւ բարձրագոյն սէրը՝ Ինքզինք զոհելով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024