«ԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑԱՒ»Ը
Մարդկութեան գոյութեան ամենակարեւոր տարրը ազատութեան զգացումն է։ Ազատութիւնը բաց երկինքի տակ սեփական գոյութենէն երջանկութիւն զգալն է։ Այդ պահուն ցաւը կը սկսի շիջիլ եւ կը ծնի աննկարագրելի ուրախութիւն մը, որ անհատներու եւ հասարակութիւններու ազատութեան բերկրանքն է, սեփական ճակատագիրը կարենալ վերահսկելու երանութիւնը։ Ազատութիւնը փայլուն ուղի մըն է, որ բաց կը պահէ յիշողութեան եւ ժամանակներու միջեւ անցումները, ինչպէս նաեւ զայն սահմանող երեւոյթները։ Ցաւը՝ որպէս ճակատագիր, մահն ու պատերազմը չէ. եթէ վերանայ ազատ կամքը, ժողովրդավարական գիտակցութիւնը, միջհամայնքային հաղորդակցութիւնը եւ մարդոց ազատ միասնականութիւնը, ապա հաւանական է, որ, «աշխարհային ցաւ»ը յաւերժանայ։
Գրեթէ անհնար է անտարբեր մնալ այն տուեալներուն, որոնցմով կը ռմբակոծուինք այս օրերուն։ Ամէն տեղ ողողուած է դաժան իրողութիւններով՝ ընկերային ցանցերը, լրատուամիջոցները, ինչպէս նաեւ մեր շրջապատը… Սարսափելի է, որ մենք յաճախ կ՚ունենանք անզօրութեան զգացում տեղի ունեցածներու նկատմամբ։ Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ երիտասարդներու օրական դրութեամբ տեսած դաժան լուրերու կամ իրադարձութիւններու ճնշող բնոյթը բացասաբար կ՚անդրադառնան անոնց հոգեկան առողջութեան վրայ՝ պատճառ դառնալով ապագայի մասին մռայլ եւ յոռետեսական տեսլականի։
Ներկայ աշխարհի պայմաններուն ներքեւ ցաւ զգալու համար բազում պատճառներ կան։ Իսկ գերմաներէնը ունի այս մելամաղձոտ զգացումը ամփոփելու համար կատարեալ սահմանում մը՝ «weltschmerz», որ կը թարգմանուի որպէս «աշխարհային ցաւ» (welt=աշխարհ, schmerz=ցաւ)։ Գերմաներէնը ունի այնպիսի բառեր, որոնք երկար նախադասութիւններով կը նկարագրուին ուրիշ լեզուներու մէջ։ «Weltschmerz»ը գերմաներէնի ամենաիմաստուն բառերէն մէկն է, նաեւ կ՚ամփոփէ այն բոլոր տառապանքները, որոնք կը զգանք մեր կեանքի ողջ տեւողութեան։ Իրադարձութիւն մը երկար բացատրելու փոխարէն մէկ բառով համառօտել երբեմն մեզ կրնայ մղել ապրուածը աւելի լաւ հասկնալու:
Ըստ առասպելի մը՝ քաջ մարդ մը ամենակարող Աստուծոյ կը հարցնէ. «Մինչեւ ե՞րբ պէտք է տառապիմ»։ Աստուած կը պատասխանէ. «Որքան որ պէտք է ցաւ զգաս»: Անհրաժեշտ է նայիլ տառապանքի մեծ պատկերին, որովհետեւ մենք անձամբ պատասխանատու ենք մեր ապրածներուն՝ մեր տառապանքներուն, վիշտերուն, նաեւ ուրախութիւններուն համար։ Այստեղ խնդրոյ առարկան «աշխարհային ցաւ»ն է։ Այդ ցաւը նաեւ կը պարունակէ գոյութենական խնդիր մը՝ ապրելու ցաւը։ Հետեւաբար, այստեղ նպատակը ո՛չ թէ փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան մէջ «աշխարհային ցաւ»ի իմաստն է, այլեւ՝ անոր ծագման դրդապատճառներն ու հիմնական շեշտը։
Թէեւ գերմանացի գրող Ժան Փոլ, որ առաջին անգամ գործածած է այս բառը, փորձած է նկարագրել մեր փափաքած աշխարհի եւ իրականութեան անհամապատասխանութենէն բխող ցաւը։ Բայց եւ այնպէս, այս զգացումի ծագումը կապուած չէ միայն աշխարհային դաժանութիւններուն հետ, որովհետեւ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենալը միայն մեր փափաքներու եւ իրականութեան միջեւ անհամաձայնութիւն չի նշանակեր։ Ապագայի անորոշութեան մէջ ապրիլն է մեզի ցաւ պատճառողը։ Մարդը, որ կը ճանչնայ իր ինքնութիւնը, կրնայ աւելի պատրաստակամօրէն ապրիլ, սակայն ան միշտ կը տենչայ խաղաղութեան եւ երջանկութեան։
«Weltschmerz»ը ուսումնասիրուած է նաեւ Ֆրետրիխ Պէյզերի կողմէ՝ «Աշխարհային ցաւ. գերմանական փիլիսոփայութեան մէջ յոռետեսութիւնը (1860-1900)» խորագրեալ գիրքին մէջ։ Յոռետեսութիւնը 19-րդ դարու երկրորդ կէսին գերմանական փիլիսոփայութեան հիմնարար բանավէճերէն մին էր եւ կասկածի տակ կը դրուէր մանաւանդ ապրելու իմաստը։ Ֆրետրիխ Պէյզեր իր վերոյիշեալ գիրքին մէջ ուսումնասիրած է Շոփենհաուէրի աշխատանքները, որոնց մեծամասնութեան առանցքը կը կազմէր յոռետեսութիւնը։ Այս գիրքը կարելի է համարել 1880-ականներէն ի վեր առաջին փորձը՝ վերանայելու եւ վերլուծելու յոռետեսութեան եւ անոր յառաջացուցած կարեւոր փիլիսոփայական խնդիրները։ Յամենայնդէպս, Պէյզեր եւ Շոփենհաուէր կասկածի տակ դրած են նոյն հարցումը. արդեօք կ՚արժէ՞ ապրիլ։
Մարդիկ ցաւ կը զգան այնքան ժամանակ, որքան կը վայելեն կեանքը։ Կեանքն ու մահը ակամայ կը ստեղծեն ուրախութիւն եւ վիշտ: Սակայն անոնք անբնական, արհեստական ազդեցութիւն չեն թողուր մեր էութեան վրայ։ Բնականաբար, «աշխարհային ցաւ»ը կարեւոր տեղը կը զբաղեցնէ մեր մարմնին մէջ՝ որպէս ամենամարդկային զգացումներէն մին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024