ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏԵՍԱՐԺԱՆ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐ
Այսօր ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ աշխարհը կը նշէ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու օրը: Ամէն տարի 18 ապրիլին այս օրուան ընթացքին աշխարհով մէկ զանազան միջոցառումներ կ՚իրականացուին՝ համաշխարհային ժառագութեան պահպանման առումով, յուշարձաններու այցելութիւններ, համաժողովներ, յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու մաքրում տեղի կ՚ունենայ, կը կազմակերպուին կլոր սեղաններ։ Այս օրը անգամ մը եւս հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի մեծցնելու հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը համաշխարհային ժառանգութեան բազմազանութեան, անոր պահպանութեանն ու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերուն վերաբերեալ։
Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրը նշելը առաջարկած է Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդը՝ 18 ապրիլ 1982 թուականին։ 1983 թուականին արդէն ընդունուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի որոշմամբ։ Նպատակն է բարձրացնել մարդկութեան իրազեկութիւնը մշակութային ժառանգութեան, անոնց խոցելիութեան մասին եւ անհրաժեշտ ջանքեր գործադրել անոր պաշտպանութեան եւ պահպանման համար։
Իւրաքանչիւր տարի Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդի կողմէ կ՚առաջադրուի օրուան խորհուրդին առընչուող որեւէ իւրայատուկ նիւթ, որ հնարաւորութիւն կու տայ շեշտելու համաշխարհային ժառանգութեան բազմազանութիւնը։ Այս տարուան նիւթը կը վերաբերի աղէտներու ու հակամարտութիւններու ժամանակ յուշարձաններու պահպանութեան հարցին, ժառանգութիւնը աղէտներուն դիմացկուն, պատրաստ դարձնելուն. նիւթ մը, որ արդիական է արդէն քանի տարիէ ի վեր: Այսօր աշխարհը խրուած է զանազան հակամարտութիւններու, աղէտներու, վտանգներու մէջ: Մարդկային, նիւթական կորուստներէ զատ թիրախ են նաեւ մշակութային կոթողները, յուշարձանները: Մարդկութեան աչքի առջեւ կը վնասուին, կը փլին կամ ամբողջովին կը փոշիանան դարերու պատմութիւն ունեցող յուշարձաններ, կրօնական մշակութային կառոյցներ եւ այդ մէկը մեծ ցաւ է՝ պատմական ժառանգութեան պահպանման առումով: Արցախի մէջ գտնուող հարիւրաւոր պատմական յուշարձաններ այսօր վտանգուած են: Անոնց շատերու մասին հայութիւնը ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի, իսկ մեծ թիւով յուշարձաններ, եկեղեցիներ, հայկական հետք կրող կառոյցներ պարզապէս ոչնչացուած կամ այլափոխուած են: Մարդիկ մտահոգութիւն ունին նաեւ Հայաստանի մէջ գտնուող յուշարձաններու ճակատագրի առումով, կը դողան ամէն մէկ պատմական քարի, կառոյցի, կոթողի վրայ՝ վախնալով, որ անոնք ալ թիրախ կը դառնան հակամարտութիւններու:
Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու օրուան առթիւ կը ներկայացնենք Հայաստանի չորս յուշարձան, որոնցմէ երեքը կը գտնուի սահմանային գօտիի մէջ:
ՔԱՋԱՐԱՆԻ ԲԱՆԱԼԻՆ
Սիւնիքի մարզի Կապան-Քաջարան մայրուղիին ձախ կողմը՝ Ողջի գետի աջ ափին կը գտնուի «Քաջարանի բանալին» յուշարձանը: Նախագծուած է տաղանդաւոր քանդակագործ Մարատ Նուրիջանեանի կողմէ եւ կառուցուած է 1966 թուականին: Խորհրդաւոր այս յուշարձանը կը մարմնաւորէ ժայռերու վրայ կեցած արջ մը, որ իր բերանին մէջ բանալի մը բռնած է: Անիկա կը խորհրդանշէ Զանգեզուրի ժողովուրդը եւ անոր բարեբեր հողը, որուն համար պայքարած են Զանգեզուրի բնակիչները։ Աւանդազրոյցի մը համաձայն, հայոց Արտաւազդ թագաւորը թշնամիներէն պաշտպանուելու համար, իր գանձերը կը պահէ լերան մը մէջ եւ այդ վայրը կը կոչէ Գանձասար: Ան գանձերու բանալին կը յանձնէ լեռներու տիրակալ արջին, որ բանալին պիտի փոխանցէր միայն անոնց, որոնք այդ գանձերը պիտի օգտագործէին ի նպաստ ժողովուրդին: Այս արձանի ստեղծողները բանալիին մասին ըսած են. «Անիկա կ՚ըլլայ մեր երկրամասի գանձերու բանալին: Բանալին արջի բերանէն կախուած է, որպէսզի ոչ ոք, մեր ժողովուրդէն բացի, ոչ մէկ օտար չհամարձակի խլել մեզմէ մեր գանձերու բանալին»:
ԱՂԻՏՈՒԻ ԿՈԹՈՂԸ
Սիւնիքի մարզի մէջ կը գտնուի մէկ այլ խորհդաւոր կոթող՝ Աղիտուի կոթող-մահարձանը, որ 7-րդ դարու հայկական միջնադարեան ճարտարապետական յուշարձան է՝ կառուցուած Աղիտու գիւղին մօտ։ Աղիտու գիւղը եղած է իշխանանիստ: Աւանդութիւնը կ՚ըսէ, որ պարսիկներու մարզպանը իր մօտ կը կանչէ Սիւնեաց երեք իշխանները՝ նպատակ ունենալով ձերբակալել զանոնք: Սակայն հայ իշխանները կը նախազգան մարզպանին մտադրութիւնը եւ կը մերժեն երթալ:
Մարզպանը մեծաթիւ զօրքով կը հասնի Աղիտու: Հայերը կը յաղթեն, բայց կռուի ընթացքին զոհ կ՚երթան երեք հայ իշխանները: Աղիտուցիները կը կառուցեն գեղեցիկ դամբարանատուն մը, ուր կ՚ամփոփուին հայրենասէր իշխաններուն աճիւնները: Սակայն անոնց փառքը յաւերժացնելու համար գետնափոր դամբարանատունը փոքր կ՚երեւի աղիտուցիներու աչքին: Անոնք կը մտածեն, որ հողը կրնայ ծածկել դամբարանատունը, իսկ հայրենի երկրի համար զոհուածներու յիշատակը պէտք է հասցնել սերունդներուն:
Դամբարանատան վրայ կը կառուցուի երկյարկ, աշտարակաձեւ մահարձան մը: Երկրորդ յարկի երեք գեղեցիկ կամարները կը խորհրդանշէին այն, որ դամբարանատան մէջ թաղուած է երեք մարդ:
Յետագային մահարձանի երկրորդ յարկի կամարները փուլ կու գան եւ կը մնան միայն կողասիւները: Բայց այդ վիճակին մէջ ալ Աղիտուի մահարձանը սքանչելի է: Ան հին հայկական ճարտարապետութեան բարձրարժէք կոթողներէն է՝ հայոց հերոսական անցեալի մէկ դրուագը խորհրդանշող:
Սիւնեաց հայրենասէր իշխաններուն անունները չեն գրուած կոթողին վրայ։ Ճիշդ է, անցորդը այսօր կրնայ մահարձանին վրայ կարդալ քանի մը տողեր՝ շրջակայքի մէջ կատարուած շինարարութեան մասին: Սակայն այդ տողերը քանդակուած են յետագային եւ նշանաւոր դամբարանատան հետ առընչութիւն չունին:
ՈՒԽՏԱՍԱՐԻ ԺԱՅՌԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ
Նշանաւոր այս ժայռապատկերները նոյնպէս Սիւնիքի մէջ կը գտնուին:
Այն հազարաւոր ժայռապատկերներէ կազմուած նախնադարեան հնավայր է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի եւ Արցախի սահմանագօտիին մէջ։
Աշխարհագրօրէն հնավայրը կը տարածուի Սիւնիքի բարձրաւանդակին կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող Ուխտասար եւ Ծղուկ լեռներուն շրջակայքը։ Հնավայրին անունը յառաջացած է տարածքին մէջ գտնուող լերան անունէն, որուն ծագման վերաբերեալ երկու վարկած կայ։ Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ մարդիկ լեռը նմանցուցած են ուղտի, որմէ ալ յառաջացած է լերան «Ուղտասար» անունը։ Միւսները կը նշեն, թէ անիկա ուղտի հետ որեւէ առընչութիւն չունի եւ կ՚ըսեն, որ անցեալին այդ տարածքը ուխտատեղի մը եղած է, որմէ ալ յառաջացած է լերան Ուխտասար անունը։
Ուխտասար նախաքրիստոնէական հնավայրը այսօր Տաթեւ վանական համալիրին հաւասար զբօսաշրջիկ կ՚այցելէ եւ Հայաստանի լաւագոյն տեսարժան վայրերէն մին է: Ուխտասարի ժայռապատկերներուն խորհրդանշանները կը բացայայտեն, որ անոնք հազարաւոր տարիներու ընթացքին զարգանալով՝ հասած են մինչեւ մեր օրերը: Թէեւ դարերու ընթացքին անոնց իմաստն ու բովանդակութիւնը փոփոխուած են (երբեմն նոյնիսկ՝ մոռցուած), սակայն իրենց ձեւով անոնք մնացած են գրեթէ նոյնը: Ու ամենակարեւորը, երբեմն ընդհատուած ըլլալով հանդերձ, անոնց շղթան չէ կտրուած: Այս մէկը կ՚ապացուցէ, որ նախնադարէն ի վեր մշակութային նոյն յատկանիշները կրող ժողովուրդ մը կը շարունակէ գոյատեւել նոյն տարածքին՝ Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ, ինչն ալ կ՚ապացուցէ հայ ժողովուրդի բնիկ եւ ոչ եկուոր ըլլալը:
ԱՍՏՈՒԱԾԸՆԿԱԼ ՎԱՆՔ
Աստուածընկալ վանքը պատմական վանական համալիր է՝ Նիկ գաւառի կեդրոնական հատուածին մէջ, ներկայիս Արագածոտնի մարզի Երնճատափ եւ Հարթաւան գիւղերու միջակայքին վրայ, եւ կառուցուած է 4-13-րդ դարերուն։
Աստուածընկալի վանական համալիրը կը գտնուի Քասախ գետի կիրճի աջ ափի իջուածքին վրայ, գետի աջակողմեան եռանկիւնաձեւ, բարձր բլուրի վրայ։ Զանազան դարերու ընթացքին կառուցուած ձեռակերտ շինութիւնները ընդհանուր միասնութեամբ մը ձուլուած են շրջապատի բնութեան հետ, հարազատ ու համահունչ են իրարու։ Աջ կողմին վրայ գահավէժ ժայռեր են, ձախին՝ ձորակներով կտրտուած, մինչեւ Քասախ գետը իջնող թեք լեռնալանջեր, ներքեւին՝ ձորը, ուր հոսելով կը հոսի Քասախ գետը, գետի ձախ ափին, եռանկիւնաձեւ բարձունքի վրայ՝ միջնադարեան բերդը։ Աստուածընկալի անունը յառաջացած է վանքին մէջ պահուող «Աստուածընկալ Սուրբ Խաչ»ի անունէն։ 4-5-րդ դարերու սահմանագիծին Աստուածընկալի վանքի հնագոյն կառոյցներու՝ Սուրբ Աստուածածին միանաւ թաղածածկ պազիլիք եկեղեցիի կից խորանի եւ ներփակ սենեակի տեղը ընտրած ու կառուցած են Նիկ գաւառի այն ժամանակի տէրերը՝ Գնթունիները։ 1207-ին գաւառի նոր տէրերու՝ Վաչուտեաններու հովանաւորութեամբ այս եկեղեցին նորոգուած է եւ այդտեղ հաստատուած է վանական մեծ միաբանութիւն։ 1230-ական թուականներու վերջը Արարատեան կողմնակալութեան կողմնակալ-հրամանատար, իշխանաց-իշխան Քուրտ Ա. Վաչուտեանն ու իր կինը՝ Խորիշահ իշխանուհին, աւարտելով Եղիպատրուշի եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Վարդենիսի դղեակի ու բերդապարիսպներու կառուցումը, ձեռնարկեցին Աստուածընկալի կառուցումը: 1244-ին աւարտեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին հիւսիսէն կից Սուրբ Նշան եկեղեցիի կառուցումը։ Վաչուտեան ամուսինները Կաթողիկէ եկեղեցիին նուիրած են այգիներ, հողեր՝ Փարպիի, Օշականի, Կարպիի մէջ, մարդիկ, տուներ, սպասք, եպիսկոպոսական խաչ եւ գիրք։ Կաթողիկէ եկեղեցին կառուցուած է հնագոյն պազիլիք եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմը եւ իր կառուցուածքին մէջ առած է հին եկեղեցւոյ հիւսիսային պատը։ Կաթողիկէն գմբէթաւոր դահլիճ է՝ մէկ զոյգ որմնամոյթերով, խորանի երկու կողմերը կառուցուած կրկնայարկ աւանդատուներով։ Առաջին յարկի աւանդատուներու դռները կը բացուին բեմի վրայ։ Գմբէթը նստած է կողմնային երկու որմնասիւներու եւ կիսասիւներու վրայ յենուած շրջանաձեւ հիմքի վրայ։ Արտաքինէն եկեղեցւոյ արեւելեան ու հիւսիսային պատերը մշակուած են եռանկիւնաձեւ խորշերով, շքեղօրէն տեսանելի դարձուած է հիւսիսային պատի վրայ գտնուող պատուհանը եւ արեւմտեան պատի շքամուտքի վերնամասի խաչը։ Եկեղեցին ունի երկու դուռ։ Ատոնցմէ մէկը կը բացուի պազիլիք եկեղեցւոյ մէջ, միւսը արեւմտեան ճակատի շքամուտքն է՝ յարդարուած զարդարուն քանդակներով։ Բարաւորի վրայ հաւասարաթեւ, սրածայր խաչերու համադրութեամբ ստացուած են 26 ութաթեւ աստղեր։ Տեսանելիութիւնը ապահովելու համար աստղերը ներկուած են կարմիր, խաչերը՝ սպիտակ։ Հայ ճարտարապետութեան երախտաւոր Թորոս Թորամանեանը նկատած է, որ Կաթողիկէ եկեղեցին կառուցուած է մօտաւորապէս Անիի Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ձեւով ու չափով: Եկեղեցին գրեթէ ամբողջական պահպանուսծ է մինչեւ 19-րդ դարու 20-ական թուականները։ 1827 թուականի երկրաշարժէն շինութիւնը վնասուած է, գմբէթի վերնամասը՝ վեղարով, ինկած է, քանդուած են ծածկի կենդոնական հատուածները, թափուած են կտուրի ծածկասալերը։ 1244-էն ետք սկսած է գաւիթի կառուցումը, որ հաւանաբար աւարտած է 1250-ական թուականներու սկիզբը։ Գաւիթը քառասիւն տիպի շինութիւն է։ Կեդրոնական չորս սիւները, որոնցմէ երկուքը կլոր են, երկուքը՝ վեցանիստ, կողմնային որմնամոյթերէն ձգուող թաղկամարներով ինը մասի բաժնած են գաւիթի կտուրը։ Կեդրոնական հատուածը դէպի կոնաձեւ երդիք-լուսանցք բարձրացած է՝ շթաքարէ ձեւաւորմամբ, որ իր տեսակի մէջ լաւագոյններէն է։ Շթաքարէ ձեւաւորում ունէր նաեւ կտուրի արեւելեան հատուածի կեդրոնական մասը։ Որմնասիւներէն դէպի սիւները եւ ատոնք իրարու միացնող բոլոր թաղերը կեդրոնը կամ կեդրոնէն քիչ մը տեղաշարժուած կէտին իրարու կապուած են սնկատիպ կապքարով, որ ճարտարապետական փոքրիկ գիւտ է, այլուր չէ կրկնուած եւ աւելի հաստատուն դարձած են թաղերը։ Չորս սիւներու բոլոր խոյակներն ու խարիսխները լուծուած են իւրովի եւ զիրար չեն կրկներ։ Արեւելեան զոյգ որմնասիւներու խաչաձեւ ելուստներու վրայ քանդակուած են Ամենափրկիչ տիպի խաչքարեր։ Բաւական հարուստ ձեւաւորում-լուծում ունի գաւիթի արեւմտեան ճակատը։ Այստեղ կեդրոնական մասին շքամուտքն է, որ ձեւաւորուած է երեք շարք տերեւաձեւ շթաքարէ քանդականախշ ուղղանկիւն եզրակալով։ Շքամուտքի վերնամասը սիւնով երկու մասի բաժնուած պատուհանն է։ Պատին վրայ փորագրուած են խաչեր, որոնք բաւական դիտելի դարձուցած են գորշ քարով կառուցուած շինութիւնը։ Գաւիթի արեւմտեան կողմի ձախակողմեան սիւնը երկրաշարժի ցնցումէն կիսուած-ինկած է՝ աւերելով կտուրի հիւսիս-արեւմտեան հատուածը։ Համադրելով Կաթողիկէ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ եւ գաւիթի կառուցողական յար եւ նման ձեռագիրը՝ մասնագէտներ նկատած են, որ երկու շինութիւններն ալ նոյն ճարտարապետի գործն են։
1990-ական թուականներու կէսերուն եգիպտահայ բարերարի մը հովանաւորութեամբ սկսած է գաւիթի վերականգնումը։ 2007-ին պետութիւնը ձեռնամուխ եղաւ այս հոյակապ կառոյցի վերականգնման-փրկութեան գործին։ Առաջնահերթ դիտուեցաւ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ վերականգնումը։ Ամրացուած են եկեղեցւոյ պատերը եւ արդէն աւարտին կը մօտենայ գմբէթի ամբողջական վերականգնման աշխատանքը։ Կաթողիկէի աշխատանքները աւարտելէ յետոյ կը սկսի գաւիթի վերականգնում-վերաշարումը։
ԱՄԲԵՐԴ
11-13-րդ դարերուն, Արագած լերան հարաւային լանջին կառուցուած Ամբերդ ամրոցը կը գտնուի ծովի մակերեւոյթէն 2300 մեթր բարձրութեան վրայ՝ Արքաշէն եւ Ամբերդ գետերու միացման տեղը։
Ամբերդի տարածքին կան կիկլոպեան շինութիւններու մնացորդներ, իսկ մօտակայքը՝ վիշապաձուկերու քարակոթողներ։ Պրոնզի դարուն կառուցուած է ուրարտական բերդաքաղաք, հաւանաբար տեղանքի բնական ամրութեան պատճառով։ Որպէս բերդ-ամրոց այն յատկապէս յայտնի էր հելլէնիստական ժամանակաշրջանին եւ Քրիստոսի ծնունդէն ետք։
Ամբերդ անունը ծագած է աղաւաղման հետեւանքով, նախնական անունը եղած է Անբերդ։ Այս անունը կը բացատրուի նաեւ իբրեւ ամպի բարձրութեան բերդ, կից-բերդ: Անբերդ բառի այլ տարբերակ մը նաեւ կը բացատրուի որպէս անառիկ, անմատչելի բերդ։ Կոչուած է նաեւ Հանբերդ, Համբերդ, Ղըզղալայ անուններով։
11-րդ դարու 70-ական թուականներուն Ամբերդը գրաւուած է սելճուկներու կողմէ եւ այն վերածուած է զօրակայանի։ 1196 թուականին Զաքարէ եւ Իւանէ Զաքարեանները, ջախջախելով Գանձակի ամիրայութեան ռազմական ուժերը, ազատագրած են Ամբերդը եւ այն յանձնած իրենց զօրավարներէն մէկուն՝ Վաչէ Վաչուտեանին, որ զայն կը դարձնէ իր իշխանանիստը։
Ամբերդը վերջնականապէս կործանուած է Լենկթեմուրի արշաւանքներու ժամանակ՝ 14-րդ դարու վերջը եւ այլեւս չէ վերականգնուած։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան