ՆԵՐԿԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍՆԱՔ ԱՅՆ ԿՈՐՍՏԱԲԵՐ ՕՐՆ
Աշխարհի ամենէն իմաստուն խօսքերէն մէկը կարելի է նկատել «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» խօսքը, որովհետեւ ինչքան անցեալը կարդանք, այնքան աւելի նմանութիւն կը տեսնենք մեր ներկային հետ. յաճախ այսօր կը բողոքենք, թէ գրեթէ բոլորը Ամերիկա երթալու երազով կ՚ապրին: Պատկերը նոյնն էր մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ եւս. Խրիմեան Հայրիկն է գրողը.- «Ամէն տարի Եւրոպիոյ ամէն ազգերէն հարիւր հազար ընտանիքներ գաղթական կ՚երթան դէպի յԱմերիկա: Իսկ Ասիական աշխարհը կը թափուրանայ ժողովուրդէն. պատճառը մէկն է. մարդ արարած միշտ կը ձգտի դէպի զարգացում ու յառաջդիմութիւն երթալ եւ ցաւ ի սիրտ Ասիական երկիրները չի՛ կրցան համաչափ քայլ պահել համաշխարհային ու համամարդկային զարգացման եւ այդ յետամնացութիւնը պատճառ կը դառնայ որպէսզի ժողովուրդը հարստահարուի եւ իր հացը դառնութեամբ վաստակի եւ այդ վիճակին մէջ ապրիլը վստահաբար իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ նաեւ ամուսնական կեանքին մէջ եւս»:
Հակառակ այս բոլորին Հայրիկ կը հպարտանայ, որ հայ ժողովուրդը տակաւին յաջողած է պահել ընտանեկան սրբութիւնը, ինչ որ նահապետական կեանքի ժառանգութիւն կը նկատէ: Այդ ժառանգութեան գոյութիւնը կարելի է փաստել այն իրողութեամբ, որ հակառակ բազմաթիւ հալածանքներու, գաղթականութեան Հայրիկի բառերով «շէն մնաց Հայկայ տուն». վստահ ենք, որ Հայկայ տուն ըսելով Հայրիկ նկատի ունի Հայրենիքը, որովհետեւ ամուսնական օրհնութեամբ եւ որդեծնութեամբ կարելի է միայն Հայրենիքը զօրացնել. այդ իսկ պատճառով Հայրիկ իր հայրական զգացումներով հետեւեալ խնդրանքն ու յորդորը կը փոխանցէ. «Ով դուք անմահ ընտանիք հայրենեաց. Խնամով պահեցէք այդ սուրբ օրհնութեան աւանդը, որպէսզի աճի կենդանի մնայ Հայկայ տան նահապետական սերունդը»:
Հայրիկ կը կարդայ այդ յորդորը, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցի, թէ ինչքա՜ն դժուար է պանդուխտ ու գաղթական ժողովուրդի մը համար յաջողիլ պահել սրբազան արժէքները. Հայրիկ կ՚ըսէ, թէ աւելի քան հինգ հարիւր տարի հայ ժողովուրդը ունեցած է այդ գաղթական վիճակը եւ օտարին ազդեցութեան տակ թէեւ դժուար, յաջողած է պահել իր ընտանեկան սրբութիւնն ու ամուսնական օրհնութիւնը:
Սակայն կայ յստակ տարբերութիւն Հայրիկի ժամանակաշրջանին եւ շատ աւելի հին ժամանակներուն միջեւ. հեռաւորին անցեալին ընտանեկան անդորրը քանդողը երկրի քաղաքական վիճակն էր, ժողովուրդին գաղթական ու անօգնական վիճակը, աղքատութիւնը եւ այլն, սակայն «զարգացած» երկիրներու շնորհիւ մեր ընտանիքներէն ներս գործեց այլ կործանարար քանդիչ մը՝ Հայրիկի բառերով «պերճանք եւ զեղխութիւն», որ իր անողոք արշաւանքներով քանդեց եւ դեռ պիտի քանդէ գաղթական հայոց տուներն ու ընտանիքները: Անցեալին ընտանեկան հանգիստը խանգարողը աւելի նիւթական ու շօշափելի դժուարութիւններ էին, սակայն «նոր աշխարհ»ը բերաւ այլ դժուարութիւն մը, որ շօշափելի չըլլալով հանդերձ շատ աւելի վտանգաւոր էր, որովհետեւ կու գար էապէս փոխելու մարդ արարածը՝ «զարգացում» եւ «յառաջդիմութիւն» անուան տակ փոխանցելով ընտանեկան միութիւնը վտանգող մերօրեայ զեղխութիւնները:
Այս բոլորին մասին Հայրիկ խօսիլը կարեւոր կը նկատէ, որովհետեւ մեր ընթացքը չսրբագրելու պարագային, ազգովի պիտի ընթանանք դէպի անդունդ եւ առյաւէտ կորսուինք. այդ անդունդի ճանապարհը չբռնելու համար Հայրիկ զգաստութեան կոչ կ՚ընէ հայ ժողովուրդին, որովհետեւ եթէ չզգաստանան «այնուհետեւ այլ եւս ոչինչ դարման կայ զիրենք ուղղելու», կ՚ըսէ Հայրիկ:
Պարզապէս հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ համար ժողովուրդը Խրիմեանը կոչած է Հայրիկ, կ՚արժէ կարդալ 6-րդ գլուխին վերջաբանը, ուր Հայրիկ խօսքը ուղղելով իր հայորդիներուն կ՚ըսէ. «Կ՚աղօթեմ ձեզի համար Հայոց գաղթական ընտանիքներ. Բացուի ձեր զգաստութեան աչքը. Դուք ներկայի մէջ տեսնաք այն կորստաբեր օրն, տեսնաք ու բարւոքէք ձեր ընտանեկան կեանքը: Այս միայն կ՚աղօթեմ ձեզ համար որդիք Հայրենեաց. որ դուք ազատ մնաք այս աւերիչ զեղխութենէն, ձեր փառքն ու պերճանք թող լինին միայն հայրենեաց հողն ու դաշտ, ջուրն ու բիւրազան ծաղիկներ»:
Այս մաղթանքին ու աղօթքին մէջէն կ՚ուզենք յատուկ ձեւով շեշտել «ներկայի մէջ տեսնաք այն կորստաբեր օրն» արտայայտութիւնը, որովհետեւ Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան բուն եւ հիմնական պատճառը այս զգաստութեան կոչը բարձրացնել էր եւ հազարապատիկ երանելի են անոնք՝ որոնք զգաստութեան կու գան՝ երբ տակաւին ուշ չէ, երբ տակաւին կայ առիթն ու ժամանակը բարւոքելու:
Անցնող երկու յօդուածները պարզապէս ներածական մըն էին Հայրիկի ընտանեկան հարցերու շուրջ ունեցած համոզումներուն շուրջ. յաջորդող գլուխներուն մէջ Հայրիկ աւելիով պիտի խօսի ներքին ընտանեկան կեանքին մասին. իւրաքանչիւրին պարտաւորութեան մասին, որպէսզի զգաստանայ հայ ժողովուրդը եւ շատ աւելի բարեկեցիկ վիճակ մը ունենայ, որովհետեւ ընտանիքի վիճակը բարելաւել՝ հայրենիքը զօրացնել կը նշանակէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աւելի լաւ է խո՞ւլ ըլլալ՝ թէ կոյր:
Պատասխան. Հարցը, թէ «ո՞րն է աւելի լաւ»՝ խուլ թէ կոյր, կախուած է անհատական համոզումէն: Երկու պայմաններն ալ ունին յատուկ մարտահրաւէրներ. կուրութեան պարագային մարդ կը զրկուի տեսողական փորձառութենէն եւ աւելի դժուար կ՚առաջնորդուի, իսկ խուլի պարագային կորսնցնելով լսողականութիւնը՝ մարդոց հետ հաղորդակցելու լուրջ մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուի: Երկու պարագաներուն ալ անոնք կը զարգացնեն ուժեղ զգայարաններ եւ կը գտնեն ձեւեր՝ աւելի արդիւնաւէտ միջոցներ գտնելու: Հասկնալու համար, թէ անոնցմէ ո՞ր մէկը աւելի «լաւ» է, պէտք է նկատի առնել անհատի փորձառութիւնները եւ կարողութիւնները:ü
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024