ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազ Շապան Եըլմազի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպման շուրջ։ Օրին Գումգաբուի աղբիւրները ոչինչ հաղորդած էին այս տեսակցութեան կապակցութեամբ, իսկ երէկ Գումգաբուի կողմէ յապաղումով տեղեկացուեցաւ, որ այդպիսի տեսակցութիւն մը տեղի ունեցած է։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ «Zela» ոսկերչական ընկերութեան միջեւ ծագած վէճին զուգահեռ արձակուած դատավճռի արձագանգներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Նորին Ամենապատուութեան եւ աւագ դատախազին միջեւ տեսակցութիւն մը տեղի ունեցած է։ Այդ լուրերը հաստատուած էին Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի կողմէ։ Ի շարունակութիւն լրատուամիջոցներու մէջ ուշադրութիւն գրաւեցին «Zela» ընկերութեան փաստաբանին խօսքերը, ըստ որոնց այդ այցը կը համարուի «միջամտութիւն» մը։
Ինչպէս ծանօթ է, հարցը կը վերաբերի Գումգաբուի համայնքապատկան «Papaz Evleri» կոչուած կալուածի վերաբերեալ գործարքին գծով ծագած վէճին, որ պատճառ դարձած է դատավարութեան մը, որու առաջին փուլին արձակուած վճիռը եղած է թաղային խորհուրդին ի վնաս, իսկ ներկայիս գործընթացը կը տեղափոխուի Վերաքննիչ ատեանի հարթութեան։
Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազին այցելած է «իրաւաբանական օժանդակութեան հայց» ներկայացնելու համար։ Հարկ է նշել, որ այդ հայցը կը վերաբերի մինչեւ վերջնական դատավճռի արձակումը դատավարութեան ծախսերէ զերծ մնալու։ Այսինքն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պահանջած է, որ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կարողանայ դատավարութեան ծախսերը վճարելէ զերծ մնալ՝ մինչեւ վերջնական դատավճռի արձակումը։ Պատրիարքարանի հաղորդումներուն մէջ յստակօրէն չէ նշուած, որ այդ պահանջը բաւարարուա՞ծ է, թէ ոչ։ Յամենայնդէպս, Գումգաբուի աղբիւրները նշած են, որ հայցը կ՚ընդգրկէ նաեւ դատավճիռներու վերաքննութեան կամ Վճռաբեկ ատեանի հաւանական փուլերը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Այս առաւօտ նոյն նիւթին կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի հետ։ Պատրիարքարանի յայտարարութեան լոյսին տակ ան նշեց, որ իրաւաբանական օժանդակութիւն ստանալու համար դատական մարմիններուն պիտի դիմեն՝ դատավճռի հիմնաւորման հրապարակումէն վերջ։ Ատենապետը բացատրեց, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլի աւագ դատախազին այցելած է այս նիւթին շուրջ խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար։ Արդարեւ, աւագ դատախազը նախկին արդարադատութեան փոխ-նախարարն է եւ իր փորձառութիւնով կրնայ ուղղութիւն մը ցոյց տալ նման իրավիճակներու պարագային։ Հրանդ Մոսկոֆեան դիտել տուաւ, որ թաղային խորհուրդը հաշուի առած է նմանօրինակ պարագաներով ստեղծուած նախընթացները՝ քանի փոքրամասնութիւններու համար ալ եղած են նման գործադրութիւններ։ «Ուստի, մենք լաւատես ենք եւ կը յուսանք, թէ այդ իրաւաբանական օժանդակութիւնը մեզի պիտի ցուցաբերուի։ Թաղային խորհուրդը պատկան դատական իշխանութիւններուն պիտի դիմէ, երբ դատավճռի հիմնաւորումը հրապարակուի։ Արդէն, ըստ նախատեսուած ընթացակարգին, այդպիսի դիմում մը կարելի չէ կատարել՝ առանց պատճառաբանեալ դատավճիռ մը ունենալու։ Որքան որ ալ առաջին քայլափոխին ցաւալի կացութեան մը դէմ յանդիման մնացած ենք՝ մենք կը շարունակենք վստահիլ արդատադատութեան համակարգին», եզրափակեց ատենապետ Մոսկոֆեան։