ՊՌՈՇԵԱՆԸ

Այսօր մեծանուն գրողներէն Պերճ Պռոշեանի ծննդեան 187 ամեակն է. գրող՝ որ ժամանակին իր յատուկ տեղը ունեցած է հայ գրականութեան մէջ. շատերու կողմէ սիրուած, սակայն իր քաղաքական համոզումներուն պատճառով բազմաթիւ քննադատութեանց արժանացած: Պռոշեանի վէպերը գեղարուեստական արժէքէն աւելի իրենց մէջ կը ներառեն հայրենասիրական ոգի մը՝ որ հպարտ է անցեալով, դժգոհ ներկայով, սակայն իր մէջ ունի լաւատես յոյս մը ապագայի նկատմամբ, որով ընթերցողները կը հրաւիրէ դէպի նոր կեանք մը:

Պռոշեանը աւելի հետաքրքրական դարձնողը իր անձին շուրջ եղած դրական ու ժխտական կարծիքներու գոյութիւնն է, որ կը մղէ ընթերցողը աւելիով ուսումնասիրել Պռոշեանը՝ կազմելու համար սեփական կարծիք գրողի դրական ու բացասական կողմերուն մասին:

Պռոշեան իր քաղաքական ու ազգային գաղափարախօսութիւնը հրապարակախօսութեան ճամբով ընելու փոխարէն նախընտրած է այդ մէկը վիպասանութեան ճամբով տարածել, ինչպէս փորձած են ընել իրեն ժամանակակից մի քանի գրողներ։ Ժամանակակից գրողներ գնահատած են Պռոշեանի լեզուն, ոճը, պարզութիւնն ու աւատապետութեան դէմ մղած անոր պայքարը. օրինակի համար, գրող եւ բանաստեղծ Միքայէլ Նալպանտեան Պռոշեանի «Սոս եւ Վարդիթեր» վէպը կարդալէ ետք Պռոշեանը կոչած է «համբուրելի գրող»։ Պռոշեանի աշխատութիւնը առաջին գնահատողներէն մէկը եղած է ուրիշ գրող մը՝ Ղազարոս Աղայեանը: Անոնք լոկ գրական աշխատութիւնը չէ՛ որ գնահատած են. Պերճ Պռոշեան թուղթէն դուրս եւս ունէր նպատակներ, որոնք գործի կը կոչէր. օրինակի համար՝ կը հաւատար, թէ կինը իրաւունք ունի խօսելու, արտայայտուելու եւ ունենալու սեփական կարծիք. ան կնոջ մեծագոյն իրաւունք կը նկատէր կրթութիւնը եւ զանազան շրջաններ շրջելով կը նպաստէր, որպէսզի կեանքի կոչուի այդ գաղափարը եւ կինը դուրս գայ իր շղթայուած վիճակէն։ Ժողովուրդին մէջ հայրենասիրական ոգին զարգացնելու համար կը նուիրուի թատրոնի եւ զանազան շրջաններու մէջ թատրոններ կը հիմնէ, կապուած մնալով այն համոզումին, որ «բեմը ժողովուրդի սեփականութիւնն է»:

Թատրոնի կողքին Պռոշեան նուիրուած է կրթութեան. ան քննադատած է բոլոր այն հաստատութիւններն ու կրթական հիմնարկները, որոնք աղերս ունեցած են հոգեւորականներու հետ. ան իր աշխատութիւններուն մէջ յաճախ քննադատած է կղերականութիւնը եւ անոնց փոխանցած ուսումն ու կրթութիւնը. ան հաւատացած է, որ կրթութիւնը ինքնանպատակ չէ, այլ միջոց ու պատճառ է, որպէսզի աւարտող աշակերտը ծառայէ ժողովուրդին ու հայրենիքին՝ թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական գետնի վրայ:

Պռոշեանը քննադատողները յաճախ պատճառ գտած են այն փաստը, որ Պռոշեան եղած է ռուսամէտ գրող մը. ան եղած է գովերգուն ռուսական բարեկամութեան եւ քննադատած եւրոպական որոշ երկիրներ, որոնք իր կարծիքով եղած են կեղծ բարեկամներ՝ լոկ սեփական շահերը հետապնդող:

Հայ գրականութեան մէջ Պերճ Պռոշեան առաւելաբար ճանչցուած է իր «Հացի խնդիր» վէպով, որ շատեր հեղինակի գլուխ գործոցը կը նկատեն։ Պռոշեան իր այդ աշխատութիւնը հրատարակած է մեր թուականէն 144 տարիներ առաջ՝ 1880 թուականին, սակայն շատեր կը հաւատան, որ հակառակ տարիներու հեռաւորութեան, այդ աշխատանքը կը շարունակէ մնալ այժմէական: Շատեր այս աշխատութեան մէջ տեսած ու գտած են Խաչատուր Աբովեանը, որ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Պռոշեանի գրական ճաշակի զարգացման մէջ։ Պռոշեան միշտ օրինակ վերցուցած է Խաչատուր Աբովեանը եւ անոր «Վէրք Հայաստանի» աշխատութեան օրինակով գրած է իր «Հացի խնդիր» վէպը: Թէ՛ Աբովեան եւ թէ Պռոշեան իրենց աշխատութեան մէջ կը ներկայացնեն գիւղացին, որովհետեւ անոնք հաւատացած են, որ գիւղացին կրցած է իր մէջ մաքուր պահել հայկական նահապետական օրէնքներն ու պահուածքը, մինչ քաղաքացին աղաւաղած է: Ի տարբերութիւն Պռոշեանի միւս աշխատութիւններուն, «Հացի խնդիր»ը գրեթէ բոլոր գրականագէտներու կողմէ դարձած է ուսումնասիրութեան նիւթ:

Պերճ Պռոշեան իր ժամանակին եղած է անուանի գրող, սակայն ցաւով կը նկատենք, որ անոր համբաւը, անունն ու յիշատակը կամաց կամաց կը վերանայ. նոր սերունդը գրեթէ անունով գիտէ Պռոշեանը՝ եւ կամ անոր անունով մկրտուած դպրոցով կամ փողոցով մը. ան ո՛չ միայն գրող, այլ եղած է թատերական գործիչ, հիմնած է ուսումնարաններ, դարձած է ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ տեսուչ զանազան դպրոցներու մէջ ու այս բոլորին կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ: Անոր դերը անուրանալի է իրապաշտ գրականութեան զարգացման գործին մէջ:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի՛:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ամենէն վտանգաւոր գիւտը:

Պատասխան. Աշխարհի ամենէն վտանգաւոր գիւտը միջուկային զէնքն է. ան ունի ուժը ոչնչացնելու ամբողջ քաղաքներ՝ պատճառելով մարդկային աղէտալի կորուստներ եւ շրջակայ միջավայրի վնաս: Միջուկային զէնքի առկայութիւնը համաշխարհային հակամարտութիւններու մշտական վտանգ կը ներկայացնէ: Պատահական պայթում մը շատ աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնէ, անոնց գոյութիւնը դարձնելով սպառնալիք համաշխարհային անվտանգութեան եւ մարդկային գոյատեւումին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2024