«ՓՈՔՐ ՁԵՌՔԵՐՆ ՈՒ ԾԱՆՐ ԲԵՌԸ»
Սուրիոյ փոքրիկները շատ սուղ կը վճարեն չդադրող պատերազմին պատճառաւ ։ Այս մասին կը նշուի UNICEF-ի եւ Save the chidren-ի կողմէն պատրաստուած եւ վերջերս հրապարակուած «Փոքր ձեռքերն ու ծանր բեռը» զեկոյցին մէջ: Զեկոյցի ուսումնասիրութեան հիմնական թեման՝ հակամարտութեան պայմաններու մէջ փոքրիկներու աշխատանքային շահագործումն է, որուն հետեւանքով անոնք կը կորսնցնեն կրթութիւն ստանալու իրաւունքը, կը վնասեն իրենց առողջութիւնը եւ կը զրկուին աւելի լաւ կեանքի հեռանկարէ…
Ըստ womennet.am-ի՝ մինչեւ աղէտալի ճգնաժամի եւ զինուած հակամարտութեան մէջ յայտնուիլը, Սուրիան միջին եկամուտ ունեցող երկիր մըն էր, որ ի վիճակին էր իր ժողովուրդին համար արժանապատիւ կեանք ապահովելու: Գրեթէ բոլոր փոքրիկները դպրոց կ՚երթային եւ գրագիտութեան մակարդակը 90 առ հարիւրէն բարձր էր:
Չորսուկէս տարի ճգնաժամի մէջ ըլլալու հետեւանքով՝ այսօր հինգ սուրիացիներէն չորսը կ՚ապրի աղքատութեան մէջ եւ 7.6 միլիոն մարդ տեղահանուած է:
2014 թուականի տարեվերջի տուեալներով, գործազրկութեան մակարդակը գրեթէ քառապատկուած է՝ հասնելով 57.7 առ հարիւրի: Հարեւան երկիրները նոյնպէս կը տառապին տարածքաշրջանային ճգնաժամէն՝ փորձելով յաղթահարել 4 միլիոն փախստականներու ներհոսքը, որոնցմէ մօտաւորապէս կէսը երախաներ են:
Ճգնաժամը խորապէս ազդած է փոքրերու կեանքին վրայ: Սուրիոյ մէջ փոքրերը կ՚ենթարկուին աննդհատ աճող բռնութեան, անխնայ յարձակումներու, որոնց հետեւանքով կ՚ունենան տարբեր բնոյթի խնդիրներ: Շատերը ստիպուած եղած են զէնք վերցնելու: Շատերը կորսնցուցած են իրենց հարազատները եւ լքած են իրենց տուներն ու համայնքները, երբեմն՝ քանի մը անգամ: Սուրիոյ փոքրիկները շատ սուղ կը վճարեն անոր համար, որ աշխարհը չի յաջողիր վերջ տալ հակամարտութեան:
Սուրիոյ մինչպատերազմական կեանքին մէջ ալ եղած են փոքրերու աշխատանքի մասին որոշ փաստեր, բայց մարդասիրական ճգնաժամը մեծապէս սրած է այդ խնդիրը: Հակամարտութեան հետեւանքով շատ փոքրիկներ այժմ ներգրաւուած են տնտեսական այնպիսի գործունէութեան մէջ, որ մտաւոր, ֆիզիքական եւ հասարակական շատ վտանգներ ունի եւ որ կը սահմանափակէ կամ ալ կը խախտէ անոնց կրթութեան հիմնարար իրաւունքը: Առկայ են նաեւ փոքրիկներու իրաւունքներու խախտման առաւել ծայրայեղ դրսեւորումներ, ինչպէս՝ փոքրերուն հաւաքագրումը զինեալ ուժերու կամ խումբերու կողմէն ու փոքրերու սեռական շահագործումը:
Սուրիոյ ճգնաժամը զգալիօրէն նուազեցուց ապրուստի միջոցներ հայթայթելու հնարաւորութիւնները եւ աղքատացուց միլիոնաւոր տնային տնտեսութիւններ տարածքաշրջանին մէջ: Թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ հարեւան երկիրներու մէջ, փոքրիկները յաճախ հիմնական, երբեմն ալ նոյնիսկ միակ աշխատողներն են ընտանիքին մէջ: Յորդանանի մէջ տնային տնտեսութիւններու 47 առ հարիւրը կ՚ըսեն, որ անոնք մասամբ կամ ամբողջութեամբ կ՚ապաւինին փոքրիկի ունեցած եկամուտին:
2.7 միլիոն սուրիացի փոքրիկներ դուրս մնացած են դպրոցէն, քանի որ ստիպուած են աշխատիլ: Որակեալ կրթութիւն ստանալու սահմանափակ հասանելիութիւնը այս փոքրիկներու խնդրին մէկ մասն է, աշխատող փոքրիկները, աւելի հաւանական է, որ դուրս կը մնան դպրոցէն: Ընտանիքներու յուսահատութեան հասնող տնտեսական իրավիճակին հետ միասին կը վատթարանան նաեւ այն աշխատապայմանները, որոնց մէջ կ՚աշխատին փոքրիկները: Յորդանանի մէջ, օրինակ, հիւրընկալ համայնքներու մէջ աշխատող փոքրիկներու մեծամասնութիւնը կ՚աշխատի շաբաթը վեց կամ եօթ օր՝ մէկ երրորդ անգամ աւելի, քան օրական ութ ժամը: Անոնց օրական եկամուտը 4-7 տոլար է: Փոքրիկները կը սկսին աշխատիլ շատ երիտասարդ տարիքին, նոյնիսկ մինչեւ տասներկու տարեկան: Լիբանանի որոշ շրջաններու մէջ փոքրիկները աշխատանքի կ՚անցնին վեց տարեկանին:
Վնասակար աշխատանքը անդառնալի հետեւանքներ կը ձգէ փոքրիկներու առողջութեան վրայ: Յորդանանի փախստականներու Զաաթարի ճամբարին մէջ աշխատող փոքրիկներու 75 առ հարիւրը առողջական խնդիրներ ունին, շուրջ 40 առ հարիւրը՝ վնասուածք կամ հիւանդութիւն։ Լիբանանի Պեքաա շրջանին մէջ աշխատող փոքրիկներու 35.8 առ հարիւրը գրել կամ կարդալ չեն գիտեր: Վնասակար աշխատանքի մէջ ներգրաւուած աղջիկներն ու տղաները կը կորսնցնեն իրենց մանկութիւնը:
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024