ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ

Մարդիկ մանուկներ կը բերէին Յիսուսի եւ կ՚ուզէին որ Ան դպչի անոնց։

Ինչո՞ւ այս փափաքը։

Արդարեւ, մարմնական շփումը Յիսուսի հետ զարմանահրաշ բժշկութիւններու պատճառ եղած է, ինչպէս բազմաթիւ անգամներ յիշուած է աւետարաններու զանազան հատուածներուն մէջ։ Բայց մանուկներու պարագային որեւէ հիւանդութիւն եւ բժշկութեան խնդրանք գոյութիւն չունի։ Ուրեմն հաւանաբար հարցը կը վերաբերի տեսակ մը նախազգուշական հպումի պաշտպանական միջոցի մը, որպէսզի դժբախտութիւններ չհարուածեն զանոնք։

Արդարեւ, մարմնական հպումը կերպով մը անտեսանելի, հոգեւոր իրականութիւններու տեսանելի, նիւթական միջոցներով մօտեցումը կ՚ապահովէ։ Զոր օրինակ, մարդ, ընդհանրապէս աղօթած ատեն իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համար նիւթական միջոցի մը պէտքը կը զգայ՝ սրբանկարի մը, արձանի մը եւ կամ խաչի մը՝ որուն միջոցով իր աղօթքը կ՚արտասանէ։ Ասոր համար եկեղեցիներ իրենց դաւանանքի համաձայն կ՚օգտուին խաչերէ, նկարներէ եւ կամ արձաններէ։ Եւ ուրեմն այս բոլորը միջոցներ, առարկաներ են որոնք կը խորհրդանշեն անտեսանելի հոգին։

Այս կարգին է նաեւ ձեռքով հպումը. զոր օրինակ, ձեռք դնել եւ կամ ձեռնել, ձեռք սեղմել հաղորդակցութեան ձեւեր են, որոնք զգացումները արտայայտող մարմնական արարքներ են։ Ուստի, մարդ խօսած ատեն, խօսքին ազդեցութիւնը աւելցնելու համար մարմնական շարժուձեւերու կը դիմէ, որովհետեւ որքան ականջը նոյնքան ալ աչքը հարց մը ըմբռնելու, հասնկալու եւ անոր թափանցելու համար կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ…

Անտեսանելիին դիմելու համար նիւթական-մարմնական միջոցի մը պահանջքը կը նմանի մարդու մը ուղիղ կանգնելու համար յենարանի մը պէտքը զգալուն, եւ կամ քալելու ատեն գաւազանի մը պահանջքը ունենալուն, որպէսզի ապահով զգայ ինքզինք քալողը։

Ուրեմն, հոգեւոր յարաբերութիւններու մէջ նիւթական-մարմնաւոր միջոցի մը պահանջքը զգալ բնական բան մըն է, մարդ էակին բնութեանը կարիքներէն մին է։

Աւետարանն ալ կը վկայէ, որ Յիսուս ալ երբեմն բժշկութեան միջոցին միջոցներ գործածած է. զոր օրինակ, կոյրին աչքերուն ցեխ քսած է անոնք բժշկելու համար։

Արդարեւ, մարդ կազմուած է հոգիէ ե՛ւ մարմինէ, եւ ուրեմն այս պատճառով ալ ան պէտք ունի մարմնական միջոցներու հոգիին հետ հաղորդուելու ատեն։

Արդարեւ, Յիսուս մանուկներու հանդէպ իր սէրը եւ գորովը ցոյց տալու նկատմամբ ձեռք կը դնէ անոնց վրայ, ինչ որ օրհնութեան սովորական ձեւ մըն էր իսրայէլացիներու մօտ եւ օրինակ կու տայ մանուկները խոնարհութեան եւ անմեղութեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024