ՄԵՐԿԱՑԱԾ ՀԻՆ ՓԱՌՔԸ

Հայ հրապարակախօս Մամուրեան ազգերու զարգացումին ու բարգաւաճումին համար իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ գաղափարը կը յայտնէ. «Լաւագոյն կը սեպեմ որ ազգ մի պարծանաց գագաթը հասնելէն ետեւ առօք փառօք կործանի, անդիմադրելի պարագաներէ ստիպեալ՝ անհետ մարի, քան թէ շքեղ անցեալէ մ՚ետեւ անփոյթ ու հաշմ թափառի ներկայի մէջ»: Եթէ ճի՛շդ նկատենք հրապարակախօսին գաղափարը, ապա պէտք է երկա՜ր ժամանակ առաջ կործանէր հայ ազգը՝ որ այսօր իր դժբախտութեանը մէջ անցեալի «փառք»ը յիշել ու հպարտանալ կը փորձէ։ Նուազագոյնը վերջին մի քանի տարիներուն մեր ունեցած ամօթալի պարտութիւնները պատճառ պէտք է դառնային, որպէսզի ազգովի կործանինք՝ առաջանալու փոխարէն ազգովի դէպի ետ երթալու մեր դժբախտ ճակատագրին պատճառով՝ որ նոյնպէս ստեղծած ենք մենք:

Յաճախ ամօթ կը նկատենք, երբ մեծահարուստ մարդ մը մահանայ եւ իր զաւակները չգիտնան կառավարել այդ մեծ հարստութիւնը, որ հայրը որպէս ժառանգ կը ձգէ իր զաւակներուն. ամօթ կը նկատենք, որ անոնք չկրցան իրենց հօրը ձգած երկուքը վերածել երեքի կամ չորսի. նոյն այդ ամօթալի վիճակը այսօր ունի մեր ազգը. մենք չկրցանք մեր նախնիներէն մեզի հասած երկուքը վերածել չորսի կամ հինգի. ընդհակառակը, այդ երկուքը վերածեցինք մէկի եւ այս ընթացքով նոյնիսկ պիտի հասնինք կէսի՝ մինչեւ օր մը ամբողջութեամբ կորսնցնենք զայն:

Մենք որպէս հայութիւն, մեր փառքի օրերը ապրեցանք շա՜տ դարեր առաջ՝ այն ժամանակները երբ ունէինք Շնորհալի, Նարեկացի, երբ ունէինք համալսարաններ՝ որոնց մասին նոյնիսկ օտարներ սքանչացումով կ՚արտայայտուէին. պատմիչ Մովսէս Խորենացի իր պատմութեան մէջ տեղ մը խօսելով հայ ժողովուրդին մասին, կ՚ըսէ. «Հանուրց Հիւսիսականաց վեհագոյնն էր ան». կար ժամանակ, որ հայ ժողովուրդը ունէր ազդեցիկ դիրք մը՝ աւելի բարձր քան ուրիշ ազգեր. հայ ժողովուրդը ունէր իր սեփական լեզուն ու գիրը, ունէր վաճառականութեան հմտութիւն, ուսման լուսաւորութիւն, որ այսօր զարգացած նկատուող շատ մը ազգերու մօտ տակաւին գոյութիւն չունէին. այդ բոլորին կողքին հայը ունէր բարոյական վսեմութիւն մը. ունէր փիլիսոփաներ, գիտնականներ, մինչեւ իսկ աստղագէտներ. ունէր այն ամէնը՝ որ զինք հաւասար ու նոյնիսկ շատ անգամ աւելի բարձր կը դարձնէր շրջակայ ազգերէն:

Իսկ այսօ՞ր... Մամուրեան իր օրերու հայը (1881 թուականին) կը նմանեցնէր պալատականի մը, որ այժմ դռնէ դուր մուրացկանութիւն կ՚ընէ։ Ողորմութիւն խնդրող հայը Մամուրեանի պատկերացումով մի՛շտ ալ կը հանդիպի նոյն պատասխանին. «Պարոն, քու հարցդ պանծալի պատմութիւնը գիտեմ ու կը յարգեմ, դուն ի՞նչ արժես հիմա...». եւ իրապէս, անցեալի այդ փառքին դիմաց մենք ի՞նչ կ՚արժենք այսօր. վստահաբար պալատական վիճակով մուրացկաններ դառնալու մէջ գոյութիւն ունին անթիւ պատճառներ եւ ինչուներ եւ մենք դարեր շարունակ անոնց լոյսին տակ լուծումներ փնտռելու փոխարէն զբաղած ենք այդ պատճառներուն եւ ինչուներուն պատասխանատու մեղաւորներ գտնելու անհիմն տաղտուկով. ազգովի ինկած մարդը փրկելու փոխարէն տարուած ենք այն պայքարով, թէ ո՞վ պատճառ դարձաւ, որպէսզի մարդը իյնայ... եւ այդ դարաւոր մեր կռիւին մէջ մարդը՝ ազգը կը շարունակէ մնալ գետին, սպասելով վերջ չունեցող այդ պայքարի հրաշագործ աւարտին:

Այս բոլորին մէջ արդարացման համար ստեղծուած է ազգային սուտ մը, որ յաճախ ճառախօսական ոճով մը լսենք եւ կամ կը կարդանք. «պէտք չէ՛ կապուած մնալ անցեալին». գուցէ այս մէկը կ՚ըսենք, որովհետեւ կ՚օգնէ մոռնալու համար այն փառքը, որ ունէինք՝ սակայն այսօր չունինք. սեփական ամօթը ծածկելու լաւագոյն միջոցը անցեալը մոռնալն է. մենք պարզապէս վարժուած ենք հրաժարիլ մեր պատասխանատուութենէն. յայտնի մտաւորական Սիմոն Վրացեան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Մեծ անհատներ պատասխանատու են պատմութեան առջեւ, իրենց գաղափարներուն եւ գործերուն համար». մենք պատմութեան մէջ այնքա՜ն ունինք «մեծ» անհատներ, որոնց անպատասխանատու գործերուն եւ գաղափարներուն համար հասած ենք անդունդի եզրին եւ կամաց կամաց կը փորձենք գլտորիլ անդունդն ի վար:

Շատեր կը շարունակեն մնալ լաւատես. սակայն արեւու պէս յստակ է, որ երբեք պիտի չկարենանք վերագտնել այն փառքը՝ որ մէկ անգամ կորսնցուցինք: Գուցէ այդ լաւատեսներէն մէկն էր Անդրանիկ Ծառուկեան, որ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշէ հետեւեալ տողը. «Անցեալ փառքերը ներշնչումի աղբիւր են լոկ եւ ծննդեան վկայագիր: Ապրող արժէքները սակայն, մղիչ ուժ են, գործնական պատուէր ու գործի հրաւէր». իրականութեան մէջ «փառք»ին անցեալ ըլլալը ինքնին մտահոգեցուցիչ երեւոյթ մըն է. երբ փառքը անցեալ է, կը նշանակէ ներկան ահաւոր վիճակի մը մէջ կը գտնուի. առաջին հերթին պէտք է մտածել, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս այդ փառքը անցեալ եղաւ. մտածել ո՛չ թէ մեղաւորներ գտնելու եւ մեղքը անոնց վրայ բարդելու համար, այլ հին փառքը դարձեալ վերականգնելու մէջ նոյն սխալները չկրկնելու համար. փառքը ներշնչումի կողքին ցա՛ւ ալ պէտք է պատճառէ, որովհետեւ միայն ցաւող ազգ մը կը յաջողի իր ուժերուն վստահիլ եւ տիրանալ այն բոլոր փառքերուն՝ որ հիմա իրը չեն: Ապրող արժէքները ինչքանո՞վ մղիչ ուժ են՝ չենք գիտեր, որովհետեւ մեր օրերուն շատ մը չարժէքներ կը դիտուին որպէս արժէք եւ հետեւաբար պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել, թէ որպէս արժէք ընդունուածը իրապէս արժէք կը ներկայացնէ՞ թէ ոչ:

Այս բոլորէն ետք կարեւորագոյնը կը նկատենք Ծառուկեանի վերջին երկու բառերը. «գործի հրաւէր». այդ հրաւէրը այսօր պէտք է բարձրացնել ահազանգի ձեւով. որովհետեւ այն երկուքը որ մենք դարձուցինք մէկ, կամաց կամաց կէսի կը մօտենայ եւ այդ մէկը կանխելու համար քննադատութենէն, ըսի ըսաւներէն աւելի մեզի գործ պէտք է:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ե՞րբ սկիզբ առած է օծանելիքի գործածութիւնը:

Պատասխան. Օծանելիքի գործածութիւնը կարելի է գտնել հին քաղաքակրթութիւններուն մէջ. պատմութեան մէջ կը յիշուի Տապպուտին անունով կին մը, որ Քրիստոսէ առաջ 1200 թուականին օծանելիք կը պատրաստէր: Օծանելիքները առաւելաբար կը գործածուէին կրօնական նպատակներով եւ այդ մէկը կարելի է գտնել տարբեր մշակոյթներու մէջ, ներառեալ արաբները, հռոմէացիները, պարսիկները եւ ուրիշներ: Օծանելիք բառը հիմնականին մէջ լատիներէն «per fumus» բառն է, որ կը նշանակէ «ծուխի մէջէն»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024