ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Եշիլգիւղի ընտանիքը երէկ նշեց թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 111-րդ տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Միքայէլ Աբրահամօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սէրլի Տեմիրի։

Ս. Պատարագի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց՝ Վարուժան Մազմանի, Առէն Արապեանի, Նորվան Փէյնիրճիի եւ Մինաս Եըլտըզի։ Կարապետ Հէմէնկիւլն ու Սէրճան Արագիլեանն ալ ուրար կրելու արտօնութիւն ստացան՝ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ դպրաց դասու երախտաշատ հիմնադիրներու, երբեմնի նախագահներու, դպրապետներու, երաժշտապետներու, վարիչներու, վարչայիններու, անդամներու եւ սատարողներու ոգեկոչմամբ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից՝ թաղի վարժարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Անի Քալայլըի հանդիսավարութեամբ։ Արտասանեցին՝ Լիա Տինք Տուրսուն, Վարուժան Մազման, Միլա Չաղլըուզուն։ Մեներգեցին՝ Լոռի Տեմիրճի եւ Մարիա Հազար Էրշէն։

Դպրաց դասու նախագահ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան սրտի խօսքին մէջ մասնաւորապէս ընդգծեց Եշիլգիւղի ընտանիքի կառոյցներու ներքին զօրակցութիւնը։

Տարեդարձի օրով՝ առ ի երախտագիտութիւն յուշապնակ մը յանձնուեցաւ դպրապետ Պերճ Սրկ. Երամեանին։ Որպէս օրուան խորհրդանշանը պատրաստուած կարկանդակն ալ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ հատուեցաւ ծափողջոյններու ներքեւ։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով ու աղօթքով։

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2024