ՈՒՐԻՇԻՆ ԿԵԱՆՔՈՎ ԱՊՐԻԼ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ
Մեր մարդկային կեանքին մէջ որոշ արտայայտութիւններ ինչքան ալ անգիտակից ըսուած թուին, իրականութեան մէջ մեծ նշանակութիւն կ՚ընդգրկեն. մի քանի օրեր առաջ խօսակցութեան մը ընթացքին ականջս որսաց «եթէ տեղդ ըլլայի» արտայայտութիւնը, ինչ որ մարդկային տկարութիւններէն մէկն է. սեփական իրականութենէն փախչիլ եւ այլ գոյութիւն մը ընդունելու ձգտումը ունենալ: Իրականութեան մէջ այդ արտայայտութիւնը լոկ խօսք ըլլալէ անդին մնայուն մարդկային փնտռտուք մըն է, որովհետեւ մարդ արարած իր բնութեամբ ատակ է ուրուներուն կեանքը գնահատելով թերագնահատել իր սեփական կեանքը, մերժելով այն ճշմարտութիւնը, որ իր ես-ին մաս կը կազմէ:
Այս մէկը բնական կը գտնենք, որովհետեւ մարդկային բնութեան մաս կը կազմէ եւ մի՛շտ կը հրաւիրէ մարդը դարձեալ խորհրդածելու իր ես-ին մասին. այս մէկը ծնունդն է մարդու անբաւարարութեան եւ այդ մէկը կեանքի մարտահրաւէր մըն է: Այս մէկը ազատում մըն է սեփական անհատականութիւնը ընդունելու, ձգտելով ապրիլ կեանք մը, որ մերը չէ:
Իրականութեան մէջ տեսարան մը հեռուէն շատ աւելի յստակ կարելի է տեսնել իր ամբողջութեան մէջ՝ քան մօտէն. այս համոզումով մարդ արարած իր դիմացինին կեանքը հեռուէն տեսնելով պատկերացումներ կ՚ունենայ, թէ եթէ ի՛նք ըլլար, ինչպիսի վերաբերմունք կ՚ունենար, հաւատալով այն թիւր կարծիքին, որ անոնց իրավիճակին մէջ գտնուիլը շատ աւելի ուրախութիւն եւ երջանկութիւն կրնար բերել: Այս դժբախտ երեւոյթը խորապէս արմատաւորուած է իւրաքանչիւրիս բնաւորութեան մէջ. մօտիկէն ստուգեցէք կեանքի ինչութիւնը եւ պիտի տեսնէք համեմատութեան պայքար մը մեր անձերուն եւ ուրիշներուն միջեւ:
Սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ մենք մարդոց ամբողջական կեանքը չենք կրնար տեսնել. մենք կը տեսնենք լոկ անոնց ձախողութիւններն ու յաջողութիւնները, սակայն անոնց յոյզերը, ապրումները, մտածումներն ու մարտահրաւէրներ ամբողջութեամբ անծանօթ են. այդ յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները համեմատող մարդը նժարի վրայ կը դնէ այդ բոլորը ո՛չ թէ դիմացինին, այլ իր յոյզերուն հետ, ինչ որ ծնունդ կու տայ խեղաթիւրուած հասկացողութեան մը, որ պատճառ կը դառնայ ուրիշին կեանքը «նախանձելի» տեսնել:
Դարեր շարունակ փիլիսոփաներ նկատի ունեցած են այս բոլորը եւ նուիրուած ես-ի ինչութիւնը պարզելու. անոնցմէ շատեր իրենց փիլիսոփայական պրպտումներուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտած են անհատական ընտրութեան եւ իրականութեան տարբերութիւնն ու կարեւորութիւնը. հաւատացած են, որ գոյութիւն չունի մարդկային ճակատագիր մը եւ մարդ արարած ի՛նք պէտք է ստեղծէ իր սեփական կեանքն ու կայացնէ իր ընտրութիւնները: Այդ իսկ պատճառով ուրիշին կեանքով ապրելու ցանկութիւնը սեփական կեանքն ու գոյութիւնը ստեղծելու ձախողութիւնը ցոյց կու տայ. մենք ենք մեր կեանքին հեղինակները եւ եթէ ուզէինք կրնայինք պայքարիլ՝ անոնց նման կեանք մը ապրելու եւ կամ իրագործելու այն բոլորը՝ որոնք «յաջողութիւն» կը նկատենք. սակայն այս մէկը պէտք չէ դիտել որպէս նախանձ, որովհետեւ նախանձ ըլլալէ աւելի այս մէկը սեփական անձէն, սեփական որոշումներէն եւ միջավայրէն խոյս տալ է, հրաժարական մը սեփական ճակատագիրը կերտելու. այս մէկը մարդուն կեանքը լոկ կը դժուարացնէ, անդունդ մը ստեղծելով իր իրականութեան եւ երազային իղձերուն միջեւ:
Շատ մը մտաւորականներ փորձած են ընդգծել ուրիշին կեանքով ապրիլ երազելու վնասները, հաւատալով, որ մարդ պարտի ապրիլ հաւատքով եւ պայքարի ոգիով՝ կերտելու համար այն կեանքը, որ իրենց համար «նախանձելի» ըլլալ կը թուի, հաւատալով որ հո՛ն միայն մարդ կրնայ գտնել իր սեփական ես-ին ճշմարիտ դիմագիծը: Ուրիշին կեանքով ապրելու ցանկութիւնը շատեր դիտած են որպէս սեփական ինքնութենէն շեղում:
Այս թերութեան մէջ վստահաբար մեծ դեր ունի շրջապատն ու համայն մարդկութիւնը. այսօր աշխարի մէջ կայ պայքար, ուր բոլորը պէտք է ըլլան գեղեցիկ, յաջողակ, երջանիկ եւ նման ըմբռնում մը անիրական չափանիշներ կը դնէ մարդուն միջեւ, ինչ որ վերջաւորութեան կ՚աւարտի անբաւարարութեան զգացումով. պէտք է վստահ ըլլալ, որ մարդոց կեանքը զոր կը տեսնենք եւ կը ցանկանք, իրականութեան մէջ լոկ ցուցափեղկն է անոնց կեանքին եւ գուցէ մեր «յաջողութիւն» նկատածները անոնց ձախողութեանց մեծ մասը կը կազմէ: Այս պայքարը դարերու ընթացքին սահմանուած իտէալական կեանքի մը պայքարն է, որուն փնտռտուքին մէջ է մարդ արարած՝ յաճախ անիրական ակնկալիքներով:
Այս թերութեան մեծագոյն սրբագրիչը գոհունակութեան եւ բաւարարութեան զգացումն է. պէտք է միշտ գնահատել սեփական փորձն ու կեանքը, որովհետեւ ընդունինք թէ ոչ, մենք ենք անոնց հեղինակը. թէ՛ մեր կեանքը եւ թէ ուրիշին կեանքը քննելը փորձառութիւններու գնահատական մըն է. պէտք է լոկ նկատի ունենալ, որ իւրաքանչիւր կեանք ինչքան ալ «նախանձելի» թուի, ունի իր դժուարութիւնները, ինչ որ մենք չենք տեսներ:
Ուրիշին կեանքով ապրելու ցանկութիւնը մարդկային բնական հակում է, սակայն ունի իր թերի կողմերը. ան կրնայ մեզ հեռացնել մեր իրականութենէն. պէտք է ճանչնալ սեփական կեանքն ու սեփական որոշումները՝ ստեղծելով սեփական կեանքի իմաստ ու նպատակ: Կեանքը իսկապէս արժէք կը ստանայ, երբ դուրս գանք ուրիշին երազական կեանքը ապրելէ եւ իրապէս գնահատենք այն կեանքը, որ մերն է եւ փորձենք այդ կեանքը նախանձելի դարձնել ուրիշներու՝ գոհ ըլլալով սեփական որոշումներէն եւ նպատակներէն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդ ինչպէ՞ս կը հասկնայ որ սիրահարած է:
Պատասխան. Մարդ արարած կը զգայ անբացատրելի գրաւչութիւն եւ կամ խոր կապ այլ անձի մը հետ, յաճախ մտածելով անոնց մասին եւ ուրախութիւն զգալով անոնց ներկայութենէն: Այդ զգացումը մարդուն կրնայ տալ բարձր տրամադրութիւն: Սէրը դիմացի անձին երջանկութիւնն ու բարեկեցութիւնը աւելի առաջնահերթ կը դարձնէ, ստեղծելով յարգանքի եւ հիացմունքի զգացումներ, ինչպէս նաեւ միասնաբար կեանքի փորձառութիւնները կիսելու եւ միասնաբար ապագայ կառուցելու ցանկութիւն: Այս զգացումները ժամանակի ընթացքին աւելի կը զօրանան, տարբերելով սէրը ժամանակաւոր սիրահարուածութենէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան