ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (7)

Արդէն իսկ հասած ենք Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութեան 4-րդ գլուխը, ուր բանաստեղծը կը յորդորէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ աշխարհի մէջ. նախապէս բոլոր գրածները աչքի առջեւ ունենալով, Սեւակ կը յորդորէ.

«Մի՛ տրտնջայ։ Դու յիշո՞ւմ ես. «Ձախորդ օրեր… կու գան-կ՚երթան».

Այստեղ Պարոյր Սեւակ կը յիշէ հայ մեծ աշուղ Ջիւանիի «կու գան ու կ՚երթան» երգը, կրկնելով այն համոզումը, որ ձախորդ ու տխուր օրերը ժամանակաւոր են. այսօր կան՝ վաղը ոչ, այդ իսկ պատճառով պէտք չէ տրտնջալ, դժգոհիլ. մարդ արարած երբ դժուարութեան մէջ գտնուի, պահ մը կը կարծէ, որ այդ ցաւն ու տառապանքը վերջ պիտի չունենայ. սակայն կեանքը կու գայ փաստելու, որ վատ ու տխուր օրերը, ինչպէս շատ անգամ ուրախները, ժամանակաւոր ու անցողիկ են: Այն վիշտը, որ այսօր ունինք, վաղը լուսաբացին կրնանք չունենալ: Այդ իսկ պատճառով Պարոյր Սեւակ կը յորդորէ յանձնուելով այդ ցաւի զօրութեան մարդ չի՛ տրտնջայ, այլ վստահ ըլլալ, որ իւրաքանչիւր մայրամուտ ունի լուսաբաց մը եւ այդ յոյսը պէտք է ուժ տայ դիմանալու ամէն տեսակ դժուարութեանց: Պէտք է պարզապէս համոզուած ըլլալ, որ աւելի պայծառ օրեր անխուսափելիօրէն անյայտ ապագային մէջ կը գտնուին:

«Մի՛ տրտնջայ։ Եթէ լաւից ետ ես ընկել՝ ինքդ հասիր...».

Այս խօսքերէն կը հասկնանք, որ Պարոյր Սեւակ երբեք սխալ չի՛ նկատեր յաճախ բարութեան ու լաւութեան մէջ տկարանալը, որովհետեւ այդ մէկը մարդկային բնոյթ ունի. բոլորս ալ մեր կեանքի որոշ հանգրուաններուն կը տկարանանք եւ նոյնիսկ յաճախ կը դաւաճանենք մեր որոշ սկզբունքներուն, սակայն հիմնականը դարձեալ արթննալն ու այդ սկզբունքներուն վերադառնալն է: Սակայն Պարոյր Սեւակ կը յորդորէ, որպէսզի չսպասենք որ ուրիշը մեզ վերադարձնէ մեր սկզբունքներուն. կը յորդորէ «ի՛նքդ հասիր»ով. կը յորդորէ որպէսզի մարդ արարած առանց տրտնջալու կամքի ուժով դարձեալ յաջողի բոլոր վիշտերն ու նեղութիւնները յաղթահարելով վերականգնի:

«Մի՛ տրտնջայ, բայց եւ կեանքը գրքի նման դու մի կարդայ».

Այս տողերով կը հասկնանք, որ կեանքը միշտ նոյնը չի՛ կրնար ըլլալ. գիրքի մը վերջաբանին պէս կարելի չէ կեանքի վերջաբանն ու ընթացքը կանխատեսել, որովհետեւ իւրաքանչիւրին կեանքը լեցուն է իրեն յատուկ անակնկալներով, յոյզերով ու ապրումներով: Այլ խօսքով եթէ գիրք մը կարդալով կրնաք գուշակել պատահելիք դէպքերը, ապա կեանքը անկախատեսելի է. հետեւաբար պէտք է կեանքին մօտենալ աւելի լայնախոհ մօտեցումով: Այսօր եթէ ձեր ձեռքը գիրք մը բռնէք, անոր աւարտը ձեզի ծանօթ ըլլայ թէ ոչ՝ ունի յստակ աւարտ մը. մարդկային կեանքը սակայն այդպէս չէ. աւարտը մե՛նք է որ կ՚որոշենք:

«Գրքի նման՝ քեզնից հեռու, ինչ-որ օտար մարդկանց մասին...».

Այս տողը կը պարունակէ մարդկային կեանքի մասին առեղծուած մը. յաճախ մենք մեր ապրումներն ու դէպքերը կը համեմատենք ուրիշներու հետ, սակայն նոյն դէպքը կրնայ երկու տարբեր մարդոց մօտ տարբեր ազդեցութիւն ու արդիւնք ունենայ. այդ իսկ պատճառով պէտք է հասկնալ, որ կեանքը թուաբանութիւն չէ. իմ քովի գումարումս եւ քու մօտի գումարումդ կրնայ նոյն պատասխանը չտալ, այդ իսկ պատճառով կեանքը կարելի չէ սորվիլ՝ առանց ապրելու, առանց ցաւելու, զգալու, տխրելու եւ ուրախանալու: Այսօր մենք սիրոյ զգացողութեան մասին կրնանք երկար էջեր կարդալ, սակայն այդ ապրումը պիտի չկրնանք հասկնալ, մինչեւ չապրինք մեր երակներուն մէջ:

«Հպարտ եղիր, բայց ոչ գոռոզ (դատարկ մարդն է գոռոզանում)».

Այս տողերը կարելի է նկատել Պարոյր Սեւակի ամենէն եզակի խրատներէն մէկը, որովհետեւ յաճախ մենք ունինք այն տպաւորութիւնը, որ հպարտանալը մեղք մըն է. մեր մէջ կայ հետեւեալ յորդորը. «Մի՛ հպարտանար Աստուած հպարտները չի սիրեր», սակայն բանաստեղծը կու գայ յստակ տարբերութիւն մը դնելու հպարտանալու եւ գոռոզանալու միջեւ: Պէտք է մարդ հպարտ ըլլայ իր ազնիւ ըլլալուն համար, որովհետեւ այդ մէկը տրուած չէ՛ բոլորին. մարդ պէտք է հպարտ ըլլայ իր բարի գործերուն համար, որպէսզի ինքզինք քաջալերելով հաստատ մնայ այդ ազնիւ ընթացքին մէջ, սակայն գոռոզութիւնը ամբողջութեամբ այլ յոռի երեւոյթ մըն է. մարդ պէտք է իր ձեռքբերումներուն համար հպարտ զգայ, սակայն չպարծենայ ու չգոռոզանայ։ Հպարտութիւնը եւ գոռզութիւնը խոնարհութեան երկու ծայրերը դրուած են եւ մարդ պէտք է գիտնայ հաւասարակշռել զանոնք:

«Հայրդ խելօք ու տխմարին դրանով էր զանազանում».

Պարոյր Սեւակի համար խելօք ու խելացի մարդը արդար հպարտութիւն ունեցողն էր, սակայն գոռոզը՝ տխմար մըն էր եւ հպարտանալու եւ գոռոզանալու նուրբ գծով բանաստեղծը կը զանազանէր խելօքը տխմարէն։ Հպարտութիւնը երբ արդար է՝ խելացի է ու գովելի, սակայն հակառակը՝ ամբարտաւանութիւնը տխմարութիւն է:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ուրիշին յաջողութեան նախանձիլը սխա՞լ է:

Պատասխան. Ուրիշին յաջողութեան հանդէպ նախանձ զգալը մարդկային յոյզ մըն է, բայց անոր սխալ ըլլալ չըլլալը կախուած է անոր կառավարման ձեւէն: Նախանձը կրնայ խթան հանդիսանալ, որպէսզի մենք եւս ձգտինք նման ձեռքբերումներու, սակայն նոյն նախանձը շատ անգամ կրնայ դառնալ սպառող եւ խթանելու փոխարէն վրդովմունք յառաջացնէ եւ վնաս պատճառէ: Կարեւոր է, որ նախանձը ըլլայ կառուցողական եւ օգնէ սեփական անձի աճին, ուրիշներու յաջողութիւններէն դասեր սորվեցնելով: Պէտք չէ թոյլ տալ, որ նախանձը բացասական դառնայ: Նախանձը պէտք է սեփական նպատակներն ու ձգտումները վերագնահատելու առիթ ըլլայ, անոր օգնութեամբ բարելաւելու համար սեփական ուժերը՝ դրական ազդեցութիւն ունենալով եւ ո՛չ ժխտական:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024