ԵՐԱՆԻ՜ ԱՐՏԱՍՈՒՈՂՆԵՐՈՒՆ

Մեր թուականէն աւելի քան 120 տարիներ առաջ հրատարակուած թերթի մը մէջ հանդիպեցայ հետեւեալ արտայայտութեան. «Երանի՜ անոնց, որք կարող են դիւրաւ արտասուել»: Աշխարհի մը մէջ, ուր բոլորը խոյս կու տան արտասուելէ, մտածող մը «երանի՜» կու տայ եւ այս մէկը վստահաբար կրնայ որպէս հակասութիւն երեւիլ։ Արտասուքը մեր զգացումներուն արտայայտութիւնն է եւ երանելի է այն մարդը, որ ունի իր զգացումները արտայայտելու կարողութիւնը՝ որ այս պարագային մեծ ուժ կը պահանջէ, ինչ որ օգուտ է յուզական եւ ներքին աշխարհի առողջութեան համար:

Վերոյիշեալ տողը կարդալէ ետք ցանկութիւն մը արթնցաւ, վերլուծելու, թէ ինչո՞ւ համար երանելի են անոնք՝ որոնք դիւրաւ կ՚արտասուեն. առաջին հերթին դիւրաւ արտասուող մարդիկ անկեղծ մարդիկ են (վստահաբար չենք խօսիր ուրիշի ուշադրութիւնը գրաւելու եւ կամ իր ԵՍ-ը շոյելու համար կեղծ արտասուողներու մասին). անոնք ատակ են իւրաքանչիւր զգացում իր ամբողջութեան մէջ ապրելու, այդ մէկը ըլլայ վիշտ, ուրախութիւն, կարեկցանք եւ այլն: Այս մէկը քիչերուն տրուած պարգեւ մըն է. նման մարդիկ իրապէս կարող են հասկնալ ուրիշներու խնդիրները, յարգել ուրիշի զգացումները, ուրախութիւններն ու տխրութիւնները, ընդհանրապէս մի՛շտ ըլլալով մխիթարիչ ներկայութիւն մը մարդոց կեանքէն ներս:

Դիւրաւ արտասուելը տկարութիւն կամ թուլութիւն մը չէ. նման մարդիկ ազնիւ են իրենց զգացումներուն եւ ապրումներուն հանդէպ, առանց ամչնալու եւ կամ «խաբել»ու ցոյց տալով բոլոր այն ապրումներն ու զգացումները, որոնք գոյութիւն ունին իրենց ներաշխարհին մէջ: Ներկայ դարը, ցաւ ի սիրտ, մարդուն սորվեցուց, թէ պէտք է կեղծել նաեւ զգացումները եւ ներաշխարհը կեղծ դիմակի մը տակ քօղարկել, յարմարելու համար հասարակութեան ակնկալիքներուն: Ներկայ դարը մարդուն սորվեցուց իր անկեղծ դիմագիծին կողքին ստեղծել նաեւ երկրորդը, երրորդը եւ զանազան տարբերակներ ներկայացնել, խաթարելով մարդու համեստութիւնը եւ անոր կեղծ դիմագիծեր պարգեւելով: Այդ կեղծիքով մարդիկ կը փորձեն իրենց մարդկային կեանքը «կատարեալ» ներկայացնել ու կեղծել ամենէն ազնիւ զգացումներն անգամ: Կեղծիքով ուրիշներուն հաճելի ըլլալը իր կարճ ու ժամանակաւոր «հաճոյք»ը ունի, սակայն նման կեղծ ընթացք մը հոգեկան առողջութեան վրայ հետեւանքներ կ՚ունենայ. կեղծին ու ճշմարիտին միջեւ եղած անհաւասարութիւնը կրնայ մարդուն մէջ ստեղծել անբաւարարութեան զգացում եւ այդ կարճ «հաճոյք»ը վերածել լուրջ տխրութեան, որովհետեւ կեղծ քօղով ապրողները իրենց ճշմարիտ յոյզերը ճնշելով արհեստական ուրախութիւն մը կը կապկեն:

Այս բոլորին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի մշակոյթն ու շրջապատը, որովհետեւ նոյն երեւոյթը տարբեր տեղեր տարբեր իմաստ կրնայ ստանալ. հասարակութեան մը մօտ անկեղծ արտայայտուիլը կրնայ քաջութիւն թուիլ, սակայն այլ տեղ այդ անկեղծութիւնը կրնայ դիտուիլ որպէս տկարութիւն. մարդ իր բնութեան հետ ինչքան ալ հաշտ ըլլայ, կամայ թէ ակամայ, շրջապատը իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ. այստեղ իր դերը ունի նաեւ ընտանիքը. այսօր կան անձեր, որոնք իրենց բոլոր խնդիրները կը կիսուին իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ, սակայն կան նաեւ ամբողջութեամբ հակառակը ընողներ՝ իրենց ներքին զգացումներն անգամ իրենց ընտանիքի անդամներուն չկրցող պատմողներ։ Մարդու ներքին բնութենէն անկախ կ՚ազդէ նաեւ շրջապատն ու կրթութիւնը:

Մեր մարդկային կեանքին մէջ գոյութիւն ունին սահմաններ եւ դիւրաւ արտասուել գիտցողները վեր են այդ սահմաններէն: Մեր հին բանաստեղծներուն մօտ կը տեսնենք այդ անկեղծութիւնը. կարդացէ՛ք Մեծարենց եւ կամ Դուրեան. անոնք ո՛չ իրենց կարօտներէն, ո՛չ սէրերէն եւ ոչ ալ վիշտէն կ՚ամչնան եւ քաջութիւնը կ՚ունենան բարձրաձայնելու իրենց ներքին ճիչը. անոնք դիւրաւ կ՚արտասուեն, որովհետեւ գիտեն արժէքը այդ բոլոր սրբազան յոյզերուն. սրբազան՝ որովհետեւ այդ յոյզերը մեր եսը կը կազմեն:

Մենք կը կարծենք, որ լալը տխուր ըլլալու մէկ նշան է, սակայն իրականութեան մէջ տխրութենէն ազատելու գործընթաց մըն է: Յոյզերը լիարժէք ապրիլը կը մշակեն մարդկային զգացումները եւ կը խթանեն, որպէսզի մարդ աւելի հաշտ ապրի իրեքն իր անձին հետ՝ նոյնիսկ եթէ այդ բոլորը ահաւոր ցաւ կը պատճառեն:

Երանելի են անոնք, որոնք դիւրաւ կու լան, որովհետեւ անոնք բացի իրենց անձերէն, շրջապատին համար եւս օգուտ են։ Անոնց ներկայութիւնը շատ անգամ անվտանգ տարածք կը ստեղծէ ուրիշներուն համար, անկեղծանալու եւ ըլլալու այն՝ ինչ որ կան. անոնք որոնք դիւրաւ կ՚արտասուեն, իրենց հոգիին խորերը կ՚ունենան հսկայական քաջութիւն. անոնք լաւապէս կը գիտակցին, որ տխուր ըլլալը եւս այս կեանքի մէկ բաժինն է եւ մարդ միշտ ինքզինք կատարեալ չի զգար. նման խոցելի վիճակի մը հետ հաշտ ապրիլը մարդը կը զօրացնէ:

Լացողները դժբախտ չեն. իսկական դժբախտները անոնք են, որոնք առանց արցունքներու կու լան, որովհետեւ յուզումը առանց արտասուքի մարդ արարածին համար մաշող կրակ մըն է:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ լալը ամօթ կը նկատուի:

Պատասխան. Լալը մշակութային ակնկալիքներու պատճառով շատ անգամ ամօթ կը նկատուի եւ կը նկատուի որպէս խոցելիութիւն եւ թուլութիւն: Շատ անգամ, մանաւանդ տղամարդոց պարագային, լալը կը նկատուի որպէս թոյլ զգացմունք, որ հակառակ է ուժի եւ զօրութեան ակնկալիքին: Այս համոզումը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի շատեր պահեն իրենց արցունքները, խուսափելու համար դատողութենէն եւ կամ ծաղրէն: Այդ ծաղրանքն ու դատողութիւնը պատճառ կ՚ըլլան, որպէսզի մարդիկ պահեն իրենց զգացումները՝ լացը նկատելով ամօթալի երեւոյթ մը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2024