ԶԳՕՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼԸ
Մերձաւոր Արեւելքի տագնապ. մեծ պատերազմ չկա՞յ։ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութենէն վերջ, այժմ կը սպասուի «Համաս»ի եւ Իրանի հաւանական քայլերուն Իսրայէլի դէմ։ Ինչպիսի՞ վրէժ մը պիտի լուծուի։ Խորապէս մտահոգիչ կանխատեսումներու առընթեր, միջազգային լրահոսին մէջ աչքի կը զառնեն տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Իսրայէլի դէմ յարուածը կրնայ չըլլալ Իրանի վրայով, մինչ «Համաս» յայտարարած է, որ առանց Իրանին ալ կրնայ լուծել իր վրէժը։ Շատ բարդ է, անշուշտ, այսօրինակ փուլի մը մէջ յստակ կանխատեսումով մը հանդէս գալ։ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները արդէն կիզակէտային բնոյթ ստացած են։
Պէյրութի սիրտին «Հիզպուլլահ»ի ռազմական պատասխանատուներէն Ֆուատ Շիւքիւրի սպանութեան լուրը տակաւին չմարսած՝ Իսրայէլին դիմադրող ճակատը, անշուշտ, Իրանի գլխաւորութեամբ, շոքի ենթարկուեցաւ, երբ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի թիւ մէկը՝ Իսմայիլ Հանիյէ զոհ գնած մահափորձի։ Ան արդէն փոխարինուած է Եահիա Սինուարի կողմէ, որ եւս Իսրայէլ թիրախը կը համարուի։ Առանցքային էին յիշեալ երկու դէպքերը, որոնց ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին, որ բազում առումներով դարձած է բաւական խոցելի։ Ի դէպ, այս իրադարձութիւնները տեղի ունեցան այն պահուն, երբ Նեթանիյահու վերադարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Ճիշդ է, որ ան յաղթական ելոյթ մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին մէջ, սակայն, այդ մէկը պէտք չէ ընկալել՝ որպէս ամբողջական յաջողութիւն։ Անշուշտ, ԱՄՆ-Իսրայէլ յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ շատ բարձր մակարդակի վրայ, սակայն, վերջին ամիսներուն եւ ըստ բազմաթիւ վերլուծաբաններու՝ ամերիկեան քաղաքական վերնախաւը սկսած է տրտնջալ եւ դժգոհիլ Կազզէի պատերազմի ընդհանուր անարդիւնաւէտութենէն։ Այդ դժգոհութեանց հետեւանքով նաեւ ԱՄՆ պատրաստ չէ ամբողջութեամբ կատարել Իսրայէլի փափաքները։
Միւս կողմէ, ամերիկացիք շատ լաւ կը գիտակցին, որ Կազզէի պարագային Իսրայէլի առջեւ այլեւս մեծ պատուարներ չկան։ Քաղաքը ամայի եւ մահահոտ, աւերակ դարձած է ու այնտեղ ցարդ պայքարած «Համաս»ի ռազմիկները չունին Իսրայէլին սպառնալու ներուժը։ Հետեւաբար, ամերիկեան կողմի այս դանդաղութիւնը նաեւ ունի իր հասկնալի պատճառները, որոնք ձեւով մըն ալ կը բանան նոր փուլը ընդհանուր համաձայնութեան մը՝ նոր դիտակէտներու եւ ճիգերու առջեւ։
Այս բոլորի լոյսին տակ Նեթանիյահու եւ իրեն համախոհ ռազմական պատասխանատուները որոշեցին եւ յաջողցուցին Հանիյէի եւ Շիւքիւրի սպանութիւնները։ Այդ գործողութիւնները, անշուշտ, երկար ժամանակի վրայ պիտի շարունակեն իրենց ազդեցութիւնը, նաեւ պիտի համարուին յաղթաթուղթեր՝ ներքին ճակատի վրայ նեղ կացութեան մատնուած Նեթանիյահուին համար։
Այս բոլորէն անդին, աւելի քան յստակ է, որ այսօրուան դրութեամբ տարածաշրջանի մեծ խաղացողները՝ ի մասնաւորի ԱՄՆ-ն ու Իրանը, դէմ են ամբողջական եւ տարողունակ մեծ պատերազմի մը շղթայազերծման։ Սա ալ, անշուշտ, ունի բազում պատճառներ, որոնք մեծ հաշուով կը բխին այդ երկուքի խորքային շահերէն։ Ամէն պարագայի այս փուլին եւ յառաջիկայ ամիսներուն ալ տիրական պիտի շարունակէ մնալ այն մօտեցումը, թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեծ պատերազմի մը հաւանականութիւնը բաւական նուազ է՝ չըսելու համար, ընդհանրապէս, բացառուած։ Ի դէպ, Իսրայէլ ձեռնարկած է տեղեկատուական մեծ պատերազմի մը Լիբանանի դէմ եւ առհասարակ Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով։ Խնդիրը այն է, որ Նեթանիյահու ձեռնունայն վերադարձած է ԱՄՆ-էն ու նկատած՝ որ ներքին իմաստով նոր լարում մը պէտք է, որպէսզի խաղաքարտերը դարձեալ խառնէ... Եւ յիրաւի Կոլանի «Մաժտըլ շամս» գաւառակի դէպքը վրայ հասաւ այն ատեն, երբ Նեթանիյահու կը գտնուէր Ուաշինկթըն։
Գալով Լիբանանի հետ ստեղծուած կացութեան, այստեղ կարեւոր է հաստատել, որ մեծ պատերազմի մը ծագիլը նախ եւ առաջ պէտք չէ ԱՄՆ-ին։ Կը հարուածէ՞ Իսրայէլ Լիբանանին։ Հաւանական է։ Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել այդպիսի հարուած մը։ Նախ՝ Իսրայէլ պիտի շարունակէ անօդաչու թռչող սարքերով սպաննել «Հիզպուլլահ»ի զանազան պատասխանատուներ։ Իսրայէլի համար սիրելի երկրորդ թիրախը «Հիզպուլլահ»ի ռազմական պահեստանոցներն են, որոնք տարածուած են Լիբանանի հարաւին։ Այստեղ նորութիւն պիտի համարուի՝ Լիբանանի աւելի խորքային շրջաններուն վրայ հարուածելու վարկածը։ Իսրայէլի երրորդ թիրախը կրնան դառնալ Լիբանանի ճանապարհային հանգոյցները, հիմնական հատման կէտերն ու կամուրջները։ Այսպէսով ժողովուրդի ոգին կրնայ կոտրիլ եւ «Հիզպուլլահ»ին գործը աւելիով դժուարանայ։ Այս ընդհանուր պատկերին վրայ կ՚ընթանան Պէյրութ-Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ բարձր լարումով բանակցութիւնները։
Այսքանով բաւարարուելէ առաջ հարկ է նշել, որ Իսրայէլի հաւանական հարուածի հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ստեղծել շատ աղմուկ, համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը լարել ու այդպիսով ալ սեփական փրկութեան փորձ մը եւս ընել՝ քանի Իսրայէլ մեր գիտցած հզօր ու անպարտելի երկիրը ըլլալէ վաղուց դադրած է։ Այնպէս, որ սարսափ տարածելու կամ վախ ապրելու կարիք չկայ։ Պարզապէս, Լիբանանի ժողովուրդը (ներառեալ հայերը) պէտք է աւելի զգօն ըլլան իրենց շարժումներուն եւ շրջագայութիւններուն մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024