ԱՇԽԱՐՀ ԵՒ ՄԱՐԴ
Աշխարհի եւ մարդուն ծագումին մասին արծարծուած հարցը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու՝ որոնք շքեղօրէն ճոխացուցած են մարդուս ճանաչումները եւ տեղեկութիւնը տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներու լինելութեան մասին եւ, վերջապէս մարդուն երեւումին մասին։
Բոլոր այս գիւտերը կը հրաւիրեն մեզ դեռ աւելի հիանալո՜ւ Արարչին մեծութեան վրայ. Անոր փառք տալու Իր բոլոր գործերուն, նաեւ իմացականութեան եւ իմաստութեան համար, զորս Ան գիտուններուն եւ հետազօտողներուն կու տայ։
Սողոմոնի հետ անոնք կարող են գոչել.
«Ինքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի աշխարհի կառոյցը, յատկութիւնները տարրերուն… քանի որ որպէս ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ի՛նք սորվեցուց ինծի». (ԻՄԱՍՏ. Է 17-21)։
Իսկ Ս. Գրիգոր Նարեկացի (951-1003) կ՚ըսէ. «Տէ՜ր իմ, Տէ՜ր պարգեւատու, ինքնաբուն բարի, բոլորին տիրող հաւասարապէս, միա՛յն Արարիչ դու ամէն ինչի…». (Բան Գ)։
Մեծ շահեկանութիւնը որ վերապահուած է գիտական հետազօտութիւններուն, զօրեղապէս խթանած է այլ կարգի հարցով մը՝ որ կը գերազանցէ բնական գիտութիւններուն մարզը։ Հարց չէ միայն գիտնալ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս տիեզերքը նիւթապէս մէջտեղ եկաւ, ո՛չ ալ թէ ինչպէ՛ս մարդը երեւեցաւ, այլ նախընտրաբար՝ գտնել, թէ ի՛նչ է իմա՛ստը նման ծագումի մը. արդեօք ան կառավարուած է պատահմունքի՞ մը, կոյր ճակատագրի մը, անանուն անհրաժեշտութեան մը կողմէ, կամ արդեօք «Աստուած» կոչուած իմացական եւ բարի գերակայ Էակի մը կողմէ։ Իսկ եթէ աշխարհը յառաջ կու գայ Աստուծոյ իմաստութենէն եւ բարութենէն, ի՞նչու համար է «չար»ը։ Ան ո՞ւրկէ է։ Ո՞վ է անոր պատասխանատուն։ Կա՞յ ազատագրում անկէ…
Քրիստոնեայ հաւատքը, իր սկզբնաւորումէն ի վեր, ծագումներու հարցին մասին իր տուած պատասխանէն տարբեր պատասխաններու հետ դէմ առ դէմ գտնուեցաւ։
Այսպէս, հնագոյն կրօններու եւ մշակոյթներու մէջ կարելի է գտնել բազմաթիւ առասպելներ, որոնք կը հային աշխարհի ծագումին եւ նաեւ՝ մարդուն ստեղծման։ Կարգ մը փիլիսոփաներ ըսին, թէ ամէն ինչ Աստուած է. աշխարհը Աստուած է, թէ աշխարհի լինելութիւնը Աստուծոյ լինելութիւնն է, որ կոչուեցաւ «Համաստուածութիւն»։ Ուրիշներ ըսին, թէ աշխարհը Աստուծոյ մէկ անհրաժեշտ արտաբխումն է, որ կը ծագի այս ակունքէն եւ կը վերադառնայ այս ակունքին։
Իսկ ուրիշներ ալ հաստատեցին գոյութիւնը երկու յաւիտենական նախասկիզբներու. «Բարի»ն եւ «Չար»ը, «Լոյս»ը եւ «Խաւար»ը՝ իրարու դէմ յարատեւ պայքարի մէջ, որ է՝ «Երկուութիւն» եւ «Մանիքէականութիւն»։
Ըստ այս կարգ մը մտայղացումներուն, աշխարհը (գէթ նիւթական-ֆիզիքական աշխարհը) չա՛ր է. անկումի մը արդիւնք, ուստի կա՛մ մերժելի է եւ կա՛մ գերազանցելի. (գնոստիկեան)։
Կան ուրիշներ ալ որ կ՚ընդունին, թէ աշխարհը յօրինուած է Աստուծմէ, այն «ժամագործ»ին նման՝ որ ստեղծելէ ետք, զայն լքած է իր բախտին. «աստուածադաւանութիւն»։ Ուրիշներ վերջապէս աշխարհին գերակայ ո՛չ մէկ ծագում կը վերագրեն, այլ կը տեսնեն անոր մէջ միայն խաղը կամ ըսենք, դերը մշտագոյն նիւթին. «նիւթապաշտութիւն»։ Եւ այս բոլոր փորձերը եւ տեսութիւնները կը վկայեն, թէ «ծագումներու հարց»ը յարակայ եւ ընդհանրական է։ Այս որոնումը իւրայատուկ է մարդուն։
Մարդուն իմացականութիւնը ծագումներու հարցին պատասխան մը գտնելու կարողութիւնը անշուշտ ունի։ Արդարեւ, Արարիչ Աստուծոյ գոյութիւնը կրնայ ստուգութեամբ ճանչցուիլ Անոր գործերէն շնորհիւ մարդկային բանականութեան լոյսին, նոյնիսկ եթէ այս ճանաչումը յաճախ մթագնած է եւ աղաւաղուած՝ մարդուն մոլորումին հետեւանքով։
Արդարեւ, երբ մարդ կը կարծէ, թէ «նոր» գիւտ մը ըրած է, ան, իսկութեան մէջ արդէն գոյութիւն ունեցածին անդրադարձած է, քանի որ էականը Արարիչն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս, 23, 2024, Իսթանպուլ