ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԿԱՐՕ ԳԱԼԷՆՏԷՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ անցեալի իր վաստակեալներու յիշատակին նկատմամբ երախտագիտական թերացումներ չընելու համար։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ ակումբի անմոռանալիներէն հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի ի յիշատակ կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որու հերթականը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։

Մրցաշարքի աւարտականը երէկ երեկոյեան համախմբեց հոծ թիւով մարզասէրներ, որոնք կղզիի պասքեթպոլի մարզադաշտին վրայ հետեւեցան խանդավառ մրցապայքարի մը։ Բացօթեայ աւարտականի պատուոյ հիւրն էր հանգուցեալ Կարօ Գալէնտէրի այրին՝ յայտնի արուեստագիտուհի Ովսաննա Գալէնտէր։ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին աւարտակին բոլոր մասնակիցներուն նկատմամբ։ Հիւրերու շարքին էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Միակ ցաւալի պատահարը այն էր, որ իրաւարարներէն Մանուկ Սարայտար մրցման ընթացքին վիրաւորուեցաւ եւ շտապ օգնութեան մակոյկով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։

Մրցման աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու ընթացքին դափնեկիրներուն բաժնուեցան բաժակներն ու մետայլները։ Պարգեւներու յանձնումէն վերջ բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ու ժամադրուեցան յաջորդ տարուան համար՝ մինչ հանգուցեալ Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին նկատմամբ յարգանքն ալ թարմացաւ բոլորի մտքին ու սրտին մէջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024